
Թրքական իշխանութիւնները պաշտօնազրկած են աւելի քան 10 հազար պաշտօնեաներ, որոնք կը կարծուի, թէ կապ ունին թուրք քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենի հետ:
Թուրքիա պաշտօնապէս 37 հազար անձ ձերբակալած է եւ 100 հազար պաշտօնեաներ, դատաւորներ, դատախազներ, ոստիկաններ եւ ուրիշներ պաշտօնազրկած կամ գործէ դադրեցուցած է` աննախադէպ արշաւի մը ընթացքին, որ ըստ թրքական կառավարութեան, կարեւոր է կառավարական մարմիններէն եւ կարեւոր պաշտօններէն արմատախիլ ընելու համար Կիւլենի հետեւորդները:


