Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Իր Դիւանագէտներու Ընտանիքներուն Խորհուրդ Կու Տայ Լքել Պոլիսը

Հոկտեմբեր 31, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

us-istanbul_103016

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Պոլսոյ գլխաւոր հիւպատոսարանին մէջ աշխատող ամերիկացի դիւանագէտներու ընտանիքներուն խորհուրդ տուած է լքել քաղաքը: «Լենթա.ռու» կը հաղորդէ, որ համապատասխան նախազգուշացման յայտարարութիւնը հրապարակուած է արտաքին գործոց նախարարութեան կայքին վրայ:

Աղբիւրը կը մանրամասնէ, որ ամերիկեան իշխանութիւնները այդպիսի որոշում տուած են ծայրայեղական խմբաւորումներու աշխուժացման պատճառով: Անոնք չեն բացառած, որ խմբաւորումներու անդամները կրնան յարձակում գործել Պոլիս գտնուող ամերիկացիներուն դէմ:

Կը նշուի, որ խօսքը կը վերաբերի միայն Պոլսոյ հիւպատոսարանի աշխատակիցներու ընտանիքներուն եւ որեւէ ձեւով չ՛առնչուիր Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու այլ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն:

Բացի ատկէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը ամերիկացիներուն խորհուրդ տուած է խուսափիլ Թուրքիոյ հարաւարեւելեան շրջան այցելելէ:

Աւելի ուշ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ տրուած խորհուրդին հարցը քննարկեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի հետ:

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են ահաբեկչութեան դէմ պայքարի մարզին մէջ երկկողմանի գործակցութեան վերաբերող հարցեր:

 

Նախորդը

Էրտողան Իրաքեան Ժողովրդային Զօրախումբը Կը Զգուշացնէ Թելաֆրի Մէջ Թիւրքմեններուն Դէմ Յարձակում Գործելէ

Յաջորդը

Քլինթըն Չի Բացառեր Թրամփի Յաղթանակը

RelatedPosts

Լաւրով. «Մեզի Եւս Պէտք Են Երաշխիքներ,  Թէ Ռուսիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Նախագահներու  Հանդիպումը Որոշակի Արդիւնքներ Պիտի Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով. «Մեզի Եւս Պէտք Են Երաշխիքներ, Թէ Ռուսիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Նախագահներու Հանդիպումը Որոշակի Արդիւնքներ Պիտի Տայ»

Հոկտեմբեր 29, 2025
Չինաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը  Միացեալ Նահանգներու Հետ Առեւտրական  Տարակարծութիւններու Կարգաւորման  Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց
Միջազգային

Չինաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Միացեալ Նահանգներու Հետ Առեւտրական Տարակարծութիւններու Կարգաւորման Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 29, 2025
Նեթանիահու. «Համաս Կազայի Զինադադարի  Համաձայնութիւնը Կ՛ոտնահարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Նեթանիահու. «Համաս Կազայի Զինադադարի Համաձայնութիւնը Կ՛ոտնահարէ»

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?