Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եւրոպան Եւ Շրջանային Ուժերը Պէտք Է Սուրիոյ Վերակառուցման Համար Պատշաճ Պայմաններ Ստեղծեն» Կ՛ըսէ Մոկերինի

October 31, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

zarif-mogherini_103016

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի Թեհրանէն մեկնելէ ետք յայտնեց, որ Եւրոպան Եւ շրջանային երկիրները կրնան Սուրիոյ վերակառուցման համար նիւթական, քաղաքական եւ ընկերային գետնի վրայ պատշաճ պայմաններ ստեղծել:

Ան «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրեց, որ Թեհրանի մէջ հանդիպումներ ունեցած է Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի եւ արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆի հետ` աւելցնելով, որ այցելութեան նպատակը միայն երկկողմանի յարաբերութիւններու քննարկումը չէր, այլեւ` մեկնակէտը Սուրիոյ ապագային վերաբերեալ այն գործակցութեան, որ Եւրոպական Միութիւնը որոշած է սկսիլ շրջանային ուժերուն հետ:

«Քննարկեցինք նաեւ Սուրիոյ տագնապին անմիջական դադրեցումը, մարդասիրական օժանդակութեանց առաքումը եւ վերջ տալը պատերազմին` քաղաքական հոլովոյթի մը ճամբով, որուն ուղղութեամբ աշխատանք կը տանի Եւրոպական Միութիւնը», ըսաւ ան:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատարը նաեւ նշեց. «Շրջանային ուժերը կրնան նպաստել Սուրիոյ վերակառուցման հոլովոյթին եւ չխանգարել սուրիացիներու կողմէ իրենք իրենց ճակատագիրը ճշդելը»:

Ան նաեւ յայտնեց, որ քանի մը օր առաջ այցելած է Քաթար, անցեալ երկուշաբթի օր Սէուտական Արաբիա, իսկ մօտ օրէն պիտի այցելէ նաեւ Թուրքիա:

Զարիֆ իր կարգին յայտարարեց. «Մոկերինի Իրան եկած էր սուրիական տագնապին շուրջ տեսակէտներու փոխանակման համար եւ ոչ թէ բանակցութեան»:

Ան ըսաւ, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի եւրոպական նախկին քաղաքականութիւնը սխալ էր: «Աշխարհի բոլոր երկիրները պէտք է առանց նախապայմանի պայքարին ահաբեկչութեան դէմ», յայտնեց իրանեան դիւանագիտութեան պետը:

 

Նախորդը

Ըստ «Մայատին»-ին. Արեւմտեան Հալէպի Համտանիյէ Թաղամասը Ռմբակոծուած Է Թունաւոր Կազեր Պարունակող Ռումբերով

Յաջորդը

6,6 Աստիճան Ուժնութեամբ Երկարաշարժ Մը Ցնցեց Կեդրոնական Իտալիան

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.