Միջազգային

Հաւայեան Կղզիներուն Մէջ 90 Սմ  Բարձրութեամբ Ձիւն Կուտակուած Է

Հաւայեան Կղզիներուն Մէջ 90 Սմ Բարձրութեամբ Ձիւն Կուտակուած Է

Վերջին քանի մը օրուան ընթացքին Հաւայեան կղզիներուն մէջ մրցանշային քանակութեամբ ձիւն տեղացած է: «Պի.Պի.Սի.»-ի հաղորդումով` նահանգի որոշ շրջաններուն մէջ ձիւնի ծածկոյթի բարձրութիւնը կը հասնի 90 սմ-ի: Օդերեւութաբաններու համաձայն, ձիւնը արեւադարձային վայրերուն մէջ կը պատահի, սակայն այսպիսի վայրերուն մէջ չափազանց հազուագիւտ երեւոյթ է: Ամէնէն ուժեղ տեղումները արձանագրուած են կղզիի երկու բարձրագոյն գագաթներուն` Մաունա-Քէա եւ Մաունա-Լոա հրաբուխներուն շուրջ: Երկու լեռներու բարձրութիւնն ալ...

Թրամփի Յաղթանակը  Հիասթափեցուցած Է Օպաման

Թրամփի Յաղթանակը Հիասթափեցուցած Է Օպաման

Միացեալ Նահանգներու գործող նախագահ Պարաք Օպամա խօսելով իր երկրին մէջ 8 նոյեմբերին տեղի ունեցած նախագահական ընտրութեան արդիւնքներուն եւ հանրապետական թեկնածու Տանըլտ Թրամփի անակնկալ յաղթանակին մասին ըսած է, որ ատիկա «հիասթափեցնող» էր: Այս մասին Օպամա ըսած է «Ռոլինկ Սթոն» ամսագիրին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին` աւելցնելով, որ թէեւ նախագահական ընտրապայքարի ամբողջ ընթացքին պնդած է, որ Թրամփ պիտի չյաղթէ, սակայն 70 տարեկան միլիառատիրոջ...

Թրամփ Մաթիսի Թեկնածութիւնը Պաշտօնապէս  Առաջադրեց Փենթակոնի Ղեկավարի Պաշտօնին

Թրամփ Մաթիսի Թեկնածութիւնը Պաշտօնապէս Առաջադրեց Փենթակոնի Ղեկավարի Պաշտօնին

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ պաշտօնաթող զօրավար Ճէյմս Մաթիսի (Ծանօթ` «կատղած շուն» կեղծանունով) թեկնածութիւնը պաշտօնապէս առաջադրած է Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնին: Թրամփի անցումային յանձնախումբին տարածած գրաւոր հաղորդագրութեան մէջ նորընտիր նախագահը կը նշէ. «Ես զօրավար Ճէյմս Մաթիսի թեկնածութիւնը հպարտութեամբ կ՛առաջադրեմ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնին համար: Անոր ղեկավարութեամբ մենք պիտի վերականգնենք մեր զինեալ ուժերն ու...

Քրեմլին. «Արեւելեան Հալէպի Մէջ Դիրքաւորուած  Բոլոր Զինեալները Ահաբեկիչներ Են»

Քրեմլին. «Արեւելեան Հալէպի Մէջ Դիրքաւորուած Բոլոր Զինեալները Ահաբեկիչներ Են»

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով երէկ յայտարարեց, որ արեւելեան Հալէպի մէջ գտնուող բոլոր զինեալները հաւաքուած են Ժապհաթ Նուսրայի շուրջ եւ այդտեղ գտնուող բոլոր զինեալները ահաբեկիչներ են: Փեսքով մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին աւելցուց. «Տեղեակ էք, որ այդտեղ քանի մը հարիւր բնակելի գիւղեր կան, եւ տարբեր խմբաւորումներ միացան զինադադարի դրութեան: Ինչ կը վերաբերի անոնց, որոնք կը գտնուին Հալէպի արեւելեան բաժինին մէջ, բոլոր...

Իսրայէլեան Ուժերը Հրթիռակոծեցին  Մազզէի Օդակայանի Շրջանը

Իսրայէլեան Ուժերը Հրթիռակոծեցին Մազզէի Օդակայանի Շրջանը

Սուրիական զինուորական աղբիւր մը ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ իսրայէլեան ուժերը երէկ առաւօտեան ժամը 3:00-ին բռնագրաւուած Պաղեստինի տարածքէն արձակած են ցամաքէ ցամաք քանի մը հրթիռներ, որոնք ինկած են Դամասկոսի արեւմուտքը գտնուող Մազզէի օդակայանին մերձակայքը եւ պատճառ դարձած հրդեհի ծագման, սակայն մարդկային կորուստներ չեն արձանագրուած: Աղբիւրը նշեց, որ Իսրայէլ այսպիսով յուսահատ փորձ մը կը կատարէ ահաբեկչական խմբաւորումներուն աջակցելու եւ անոնց...

Այսօր Համպուրկի Մէջ  Քերրի-Լաւրով Հանդիպում

Այսօր Համպուրկի Մէջ Քերրի-Լաւրով Հանդիպում

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով այսօր հանդիպում պիտի ունենան Համպուրկի մէջ: «Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը կը գրէ. «Քերրի 6 դեկտեմբերին յայտարարած է, որ կը ծրագրէ 8 դեկտեմբերին Համպուրկի մէջ հանդիպում ունենալ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ եւ փորձել յառաջ շարժելու ճամբայ գտնել»: Մէկ օր առաջ Քերրի յայտարարած է, որ...

Փայլան Թուրքիոյ Փոխվարչապետէն Բացատրութիւն  Կը Պահանջէ Անոր` «Կեաւուր» Արտայայտութեան Գծով

Փայլան Թուրքիոյ Փոխվարչապետէն Բացատրութիւն Կը Պահանջէ Անոր` «Կեաւուր» Արտայայտութեան Գծով

«Արմէնփրէս» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան 6 դեկտեմբերին բացատրութիւն պահանջեց Թուրքիոյ փոխվարչապետ Նուման Քուրթուլմուշէն, անոր ունեցած «կեաւուր» արտայայտութեան համար: Արդարեւ, թրքական «Ճումհուրիյէթ» թերթը կը հաղորդէ, որ Քուրթուլմուշ Քասթամոնու քաղաքին մէջ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամներուն հետ 5 դեկտեմբերին ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին ըսած էր. «Մենք պէտք է լուրջ վերաբերինք անկախութեան այս հարցին հետ:...

Զինեալ Խմբաւորումներ Հաւաքական  Կերպով Նահանջեցին Հին Հալէպի Շրջանէն.  Շատեր Յանձնուեցան

Զինեալ Խմբաւորումներ Հաւաքական Կերպով Նահանջեցին Հին Հալէպի Շրջանէն. Շատեր Յանձնուեցան

Երէկ, 6 դեկտեմբերի ուշ գիշերին, «Գանձասար»-էն հաղորդեցին, որ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ հաւաքական կերպով նահանջեցին Հին Հալէպի ամբողջ տարածքէն: Ոմանք համաձայնեցան յանձնուիլ սուրիական բանակին` վար դնելով իրենց զէնքերը: Սուրիական բանակը իր ամբողջական հակակշիռին տակ առաւ Հին Հալէպի Աղիոր, Քասթըլ Հարամի, Պապ ալ Հատիտ եւ մերձակայ թաղամասերը: Կը սպասուի այս մասին սուրիական բանակի հրամանատարութեան պաշտօնական յայտարարութեան:

«Եթէ Զինեալները Մերժեն Կամովին  Հալէպէն Հեռանալ, Պիտի Ոչնչացուին»  Կ՛ըսէ Լաւրով

«Եթէ Զինեալները Մերժեն Կամովին Հալէպէն Հեռանալ, Պիտի Ոչնչացուին» Կ՛ըսէ Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով նշեց, որ Սուրիական ընդդիմութեան բանակցութեան բարձրագոյն մարմինը կը մերժէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումները գործադրել` շեշտելով, որ եթէ զինեալները մերժեն կամովին Հալէպէն հեռանալ, պիտի ոչնչացուին: Ան ըսաւ, թէ Ռուսիան վստահ է, որ Հալէպի մէջ ռուսական դաշտային հիւանդանոցին դէմ յարձակումը կանխամտածուած էր: Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիոռն Եակլանտի հետ Մոսկուայի մէջ կայացած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին...

«Այս Համընդհանուր Պատերազմի Պատճառով  Հորիզոնին Վրայ Կ՛երեւի  Սուրիոյ Մասնատման Հեռանկարը»  Կ՛ըսէ Էյրօ

«Այս Համընդհանուր Պատերազմի Պատճառով Հորիզոնին Վրայ Կ՛երեւի Սուրիոյ Մասնատման Հեռանկարը» Կ՛ըսէ Էյրօ

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Մարք Էյրօ նշեց. «Այս ամբողջական պատերազմին պատճառով հորիզոնին վրայ կ՛երեւի Սուրիոյ մասնատման հեռանկարը` ՏԱՀԵՇիստանի կազմութեան վտանգով»: «Ռատիօ Ֆրանս Էնթեր»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Էյրօ ըսաւ, որ ծայրայեղականութեան ու ահաբեկչութեան վտանգը պիտի մնայ տարածաշրջանին մէջ` աւելցնելով. «Քանի մը շաբաթէն, Հալէպի անկումով խաղաղութեան հարցը պիտի չլուծուի, այս ողբերգական կացութիւնը աւելի պիտի վատթարանայ, այս իրարանցումը կը սպառնայ տարածաշրջանի...

Թուրքիոյ Բանակի Սպայակոյտի Պետը  Հանդիպում Ունեցած Է Ճոզըֆ Տանֆըրտի Հետ

Թուրքիոյ Բանակի Սպայակոյտի Պետը Հանդիպում Ունեցած Է Ճոզըֆ Տանֆըրտի Հետ

«Անատոլու» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ Հուլլուսի Աքար Ատանայի մէջ հանդիպում ունեցած է Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերու սպայակոյտերու պետերու միացեալ յանձնախումբի նախագահ Ճոզըֆ Տանֆըրտի հետ: Տանֆըրտ Ինճիրլիքի ռազմակայան այցելած է` յառաջիկայ տօնական օրերուն առիթով շնորհաւորելու համար այդտեղ ծառայող զինուորականները: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են երկկողմանի հետաքրքրութեան տարբեր հարցեր:

Յունաստանի Դատարանը Մերժած Է Անգարայի`  Թուրք Զինուորները Արտայանձնելու Պահանջը

Յունաստանի Դատարանը Մերժած Է Անգարայի` Թուրք Զինուորները Արտայանձնելու Պահանջը

«Ռոյթըրզ»` յղում կատարելով 15 յուլիսին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած յեղաշրջումի փորձէն ետք Յունաստան ապաստանած թուրք զինուորներու փաստաբաններուն եւ դատարանի ներկայացուցիչներուն կը հաղորդէ, որ Յունաստանի դատարանը վճռած է, թէ այդ զինուորները պիտի չարտայանձնուին Թուրքիոյ: «Ես շատ գոհ եմ այս որոշումէն, զանոնք պէտք չէ արտայանձնել: Դատարանը անկողմնակալ եղած է», ըսած է փաստաբաններէն մէկը: Յիշեցնենք, որ 15 յուլիսին Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջումի փորձի ձախողութենէն...

«Թուրքիոյ Մէջ Սահմանադրական  Փոփոխութիւններու  Նախագիծը Խորհրդարան Պիտի Ներկայացուի  Այս Շաբթուան Ընթացքին»  Կ՛ըսէ Եըլտըրըմ

«Թուրքիոյ Մէջ Սահմանադրական Փոփոխութիւններու Նախագիծը Խորհրդարան Պիտի Ներկայացուի Այս Շաբթուան Ընթացքին» Կ՛ըսէ Եըլտըրըմ

Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ յայտարարած է, որ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը սահմանադրական փոփոխութիւններու վերաբերեալ իր նախագիծը խորհրդարան պիտի ներկայացնէ այս շաբթուան ընթացքին, կը գրէ թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը: Վարչապետը նշած է, որ Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելիի հետ իրենց բանակցութիւնները արդէն աւարտած են, եւ ըսուած է, թէ «վերջին խօսքը, բայց եւ այնպէս, ժողովուրդինը պիտի ըլլայ»: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ...

Ճիպութիի Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի  Պետը Շնորհակալութիւն Կը Յայտնէ Չինաստանին

Ճիպութիի Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Շնորհակալութիւն Կը Յայտնէ Չինաստանին

«Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ չինացի բարձրաստիճան սպայ մը Փեքինի մէջ հանդիպում ունեցած է Ճիպութիի զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետին հետ, եւ անոր շնորհակալութիւն յայտնած Չինաստանի կողմէ Ճիպութիի մէջ ռազմակայանի մը կառուցման իր ցուցաբերած աջակցութեան համար: Վերջին մէկ ամսուան ընթացքին հանդիպումը իր տեսակին մէջ երկրորդ բարձրաստիճան հանդիպումն էր: Փետրուար 2016-ին, Չինաստան Ճիպութիի ռազմավարական վայրերէն մէկուն մէջ սկսաւ Եմէնի եւ մասնաւորաբար Սոմալի ծովեզերքին...

Սէուտական Արաբիա Մահուան  Դատապարտած Է 15 «Իրանեան Լրտեսներ»

Սէուտական Արաբիա Մահուան Դատապարտած Է 15 «Իրանեան Լրտեսներ»

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Սէուտական Արաբիոյ «Արապիյա» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդած է, թէ «Իրանեան լրտեսական բջիջի 15 մասնակիցներ մահապատիժի դատապարտուած են»: «Արապիյա» նաեւ հաղորդած է, որ Ռիատի դատարանի 160 նիստերէն ետք ամբաստանեալները մեղաւոր յայտարարուած են դաւաճանութեան եւ իրանեան հետախուզական ծառայութիւններուն հետ համագործակցութեան յանցանքով: 32 ամբաստանեալներէն երկու անձեր անմեղ ճանչցուած են, մնացեալները ստացած են տարբեր ժամկէտերով բանտարկութիւններ: Ամբաստանեալներուն մեծ մասը սէուտական բանակի...

Ռուսիա Եւ Չինաստան Վեթոյի Ենթարկեցին  Հալէպի Վերաբերեալ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան  Խորհուրդին Ներկայացուած Նախագիծը

Ռուսիա Եւ Չինաստան Վեթոյի Ենթարկեցին Հալէպի Վերաբերեալ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին Ներկայացուած Նախագիծը

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամները երէկ գիշեր դռնփակ ժողով մը գումարեցին քննարկելու համար Եգիպտոսի, Նոր Զելանտայի եւ Սպանիոյ կողմէ ներկայացուած նախագիծ մը, որ կոչ կ’ուղղէ Հալէպի մէջ եօթնօրեայ զինադադար հաստատելու: Ռուսիա եւ Չինաստան վեթոյի ենթարկեցին նախագիծը: Նախքան այդ, ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Վիթալի Չուրքին յայտարարած էր, որ պէտք է յետաձգել Հալէպի վերաբերեալ նախագիծին շուրջ քուէարկութիւնը, մինչեւ ռուս¬ամերիկեան խորհրդակցութիւններու աւարտը` նշելով,...

ՏԱՀԵՇ Կը Սպառնայ Յարձակում Գործել  Աշխարհի Տարածքին Թուրքիոյ  Դեսպանատուներուն Եւ Հիւպատոսարաններուն Դէմ

ՏԱՀԵՇ Կը Սպառնայ Յարձակում Գործել Աշխարհի Տարածքին Թուրքիոյ Դեսպանատուներուն Եւ Հիւպատոսարաններուն Դէմ

ՏԱՀԵՇ-ի բանբեր Ապի Հասան Մուհաժեր յայտարարեց, որ ահաբեկչական խմբաւորման անդամները յարձակում պիտի գործեն աշխարհի տարածքին Թուրքիոյ դեսպանատուներուն եւ հիւպատոսարաններուն դէմ: Ան նաեւ խմբաւորման զինեալներուն կոչ ուղղեց չփախչելու Մուսուլի արեւմուտքը գտնուող Թել Աֆր գիւղէն:

«Ռուս Եւ Ամերիկացի Փորձագէտներ Մօտ Օրէն  Աշխատանքի Կը Սկսին Հալէպի Շուրջ  Համաձայնութիւն Գոյացնելու Համար»  Կ՛ըսէ Լաւրով

«Ռուս Եւ Ամերիկացի Փորձագէտներ Մօտ Օրէն Աշխատանքի Կը Սկսին Հալէպի Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Համար» Կ՛ըսէ Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յոյս յայտնեց, որ մօտ օրէն գոյանայ ռուս-ամերիկեան համաձայնութիւն մը, որ վերջ կու տայ Հալէպի հարցին: Ան շեշտեց, որ համաձայնութիւնը պէտք է բոլոր զինեալներուն Հալէպէն հեռացումը ներառէ, իսկ հեռանալ մերժողները պիտի նկատուին ահաբեկիչներ եւ անոնց հետ ըստ այնմ պիտի վարուին` աւելցնելով, որ իր երկիրը պիտի աջակցի արեւելեան Հալէպի մէջ մնացող որեւէ ընդդիմադիր զինեալի դէմ Սուրիոյ...

«Ոչ»-ի Յաղթանակէն Ետք Իտալիոյ  Վարչապետը Հրաժարեցաւ

«Ոչ»-ի Յաղթանակէն Ետք Իտալիոյ Վարչապետը Հրաժարեցաւ

Իտալիոյ վարչապետ Մաթէօ Ռենցի խորհրդարանական բարեփոխումներու հարցով կիրակի օր տեղի ունեցած հանրաքուէին մէջ պարտութիւն կրելէ ետք յայտարարեց իր հրաժարականը: «Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Ռենցի ըսած է, որ թէեւ քուէներու հաշուարկը տակաւին աւարտած չէ, սակայն ակնյայտ է, որ հանրաքուէի մասնակիցներուն մեծամասնութիւնը դէմ է խորհրդարանական բարեփոխումներ կատարելուն: Վարչապետը ամբողջութեամբ իր վրայ վերցուց ձախողութեան մեղքը` բարեփոխումներու ընդդիմախօսներուն կոչ ուղղելով նոր առաջարկներ ներկայացնելու: «Ես...

«Մեզի Համար Անկախութիւնը Կեաւուրին  Կեաւուր Ըսել Կարենալն Է»  Կ՛ըսէ Քուրթուլմուշ

«Մեզի Համար Անկախութիւնը Կեաւուրին Կեաւուր Ըսել Կարենալն Է» Կ՛ըսէ Քուրթուլմուշ

Թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ փոխվարչապետ Նուման Քուրթուլմուշ Քասթամոնու քաղաքին մէջ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան տեղական կառավարման շրջանային խորհրդակցութեան եւ գնահատման երրորդ հանդիպումին ընթացքին կատարած է ուշագրաւ յայտարարութիւն մը, որ քննարկումներու առիթ դարձած է: «Մենք պէտք է լուրջ վերաբերինք այս անկախութեան խնդիրին: Մեզի համար անկախութիւնը կեաւուրին կեաւուր ըսելով անոր առջեւ վեր խոյանալ կարենալն է», ըսած է Քուրթուլմուշ: Փոխվարչապետի...

Page 736 of 882 1 … 735 736 737 … 882

Արխիւներ