Միջազգային

Սուրիական Բանակը Կը Շարունակէ  Իր Յառաջխաղացքը Հալէպի Մէջ

Սուրիական Բանակը Կը Շարունակէ Իր Յառաջխաղացքը Հալէպի Մէջ

Երէկ երեկոյեան «Գանձասար»-ի գլխաւոր խմբագիր Զարմիկ Պողիկեան «Ազդակ»-ին տեղեկացուց, որ սուրիական բանակին գործողութիւնները շատ արագ կ՛ընթանան Հալէպի մէջ, եւ անիկա օրական դրութեամբ յառաջխաղացք կ՛արձանագրէ: Ներկայ դրութեամբ բանակը իր հակակշիռին տակ առած է արեւելեան Հալէպի 70 առ հարիւրը: Կարեւոր նշանակութիւն ունի յատկապէս քաղաքի հիւսիսարեւելեան բաժինը, որուն ազատագրումով դէպի Հալէպի միջազգային օդակայան տանող մայր ճամբան զօրքին հակակշիռին տակ է: Երկու օրէ ի...

«Եթէ Խորհրդարանը Որդեգրէ Մահապատիժի  Օրէնքը, Զայն Պիտի Վաւերացնեմ»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Եթէ Խորհրդարանը Որդեգրէ Մահապատիժի Օրէնքը, Զայն Պիտի Վաւերացնեմ» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց. «Մեր հայրենիքը մէկ է: Ոչ ոք կրնայ զայն մասնատել, եւ բնական է, որ զայն պաշտպանելու համար զոհեր պիտի ունենանք»: «Եթէ Թուրքիոյ խորհրդարանը որդեգրէ մահապատիժի օրէնքը, զայն պիտի վաւերացնեմ, որովհետեւ զոհերը իրաւունքներ ունին, իսկ զիս կը հետաքրքրէ միայն այն, թէ ժողովուրդն ու Աստուածս ի՞նչ կ՛ըսեն», նշեց Էրտողան: Կեսարիոյ մէջ զարգացման նոր ծրագիրներու բացման առիթով իր...

Աւստրիոյ Նախագահական Ընտրութեան  Պարտութեան Մատնուեցաւ  Ծայրայեղ Աջակողմեան Թեկնածուն

Աւստրիոյ Նախագահական Ընտրութեան Պարտութեան Մատնուեցաւ Ծայրայեղ Աջակողմեան Թեկնածուն

Աւստրիացիները երէկ ուղղուեցան քուէարկութեան կեդրոններ` մասնակցելու համար նախագահական ընտրութեան երկրորդ փուլին կրկնութեան, ուր իրարու դէմ կը պայքարին ծայրայեղ աջակողմեան Ազատութիւն կուսակցութեան թեկնածու Նորպերթ Հոֆներ եւ Կանաչներու կուսակցութեան ղեկավար Ալեքսանտըր Վան տեր Պելլըն: Ընտրութեան երկրորդ փուլը տեղի ունեցած էր մայիս 2016-ին, սակայն Աւստրիոյ գերագոյն դատարանը թերութիւններու պատճառով զայն չեղեալ նկատած էր: Ըստ չեղեալ նկատուած արդիւնքին, քուէներու աննշան առաւելութեամբ մը Աւստրիոյ նախագահ...

Իտալիոյ Մէջ Կայացած Հանրաքուէին  Արդիւնքը Պիտի Յայտարարուի Այսօր

Իտալիոյ Մէջ Կայացած Հանրաքուէին Արդիւնքը Պիտի Յայտարարուի Այսօր

Երէկ իտալացիները ուղղուեցան քուէարկութեան կեդրոններ մասնակցելու համար հանրաքուէի մը, որուն արդիւնքը կրնայ Եւրոպայի մէջ հակահաստատութենական զգացումներու յաւելեալ ցուցանիշներ պարունակել: Կեդրոն աջ կուսակցութենէն վարչապետ Մաթէօ Ռենցիի կողմէ հրաւիրուած հանրաքուէին նպատակը խորհրդարանը բարեփոխելն է, սակայն կը նախատեսուի, որ շատեր այս առիթը օգտագործեն իրենց դժգոհութիւնը արտայայտելու համար: Ամբոխավար կուսակցութիւններ իրենց քարոզարշաւին ընթացքին կոչ ուղղած են «ո՛չ» քուէարկելու, իսկ վարչապետ Ռենցի յայտնած է, որ...

Ռուհանի Օպամայէն Պահանջած Է Չստորագրել Իրանի Դէմ Պատժամիջոցներու Երկարաձգման Որոշումը

«Ինթերֆաքս» կը հաղորդէ, որ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայէն պահանջած է չստորագրել Իրանի դէմ պատժամիջոցները երկարաձգող որոշումը: Իրանի խորհրդարանին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ Ռուհանի ըսած է, որ Օպաման «պարտաւոր է» հրաժարիլ Իրանի նկատմամբ սահմանափակումներու միջոցներու ժամկէտներու երկարաձգումէն: Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը անցեալ շաբաթ որդեգրած էր ամերիկեան միակողմանի պատժամիջոցները տասը տարիով երկարաձգելու որոշում մը: Ռուհանի...

Ճիպութիի Արտաքին Գործոց Նախարարը  Կ՛ողջունէ Իր Երկրին Մէջ Սէուտական  Ռազմակայանի Ստեղծումը

Ճիպութիի Արտաքին Գործոց Նախարարը Կ՛ողջունէ Իր Երկրին Մէջ Սէուտական Ռազմակայանի Ստեղծումը

Ճիպութիի արտաքին գործոց նախարար Մահմուտ Ալի Եուսեֆ յայտնեց, որ իր երկիրը կ՛ողջունէ իր հողերուն վրայ սէուտական ռազմակայանի մը ստեղծումը: Ան յայտնեց, որ սէուտցի զինուորական պատասխանատուներ այցելած են Ճիպութիի կարգ մը շրջաններ, ուր պիտի ստեղծուի սէուտական ռազմակայանը: «Մենք անշուշտ սկզբունքային համաձայնութիւն տուինք ատոր եւ կը նախատեսենք, որ մօտ օրէն այդ համաձայնութիւնը ստորագրուի», ըսաւ ան` նշելով, որ իր երկիրը սկիզբէն զգաց, որ...

Էրտողան. «Մեր Թիրախը Մէկ Անձ  Կամ Երկիր Չէ, Այլ` Սուրիոյ Մէջ  Գործող Ահաբեկչական Կառոյցները»

Էրտողան. «Մեր Թիրախը Մէկ Անձ Կամ Երկիր Չէ, Այլ` Սուրիոյ Մէջ Գործող Ահաբեկչական Կառոյցները»

Թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, սրբագրելով երկու օր առաջ իր կատարած յայտարարութիւնը, նախագահական պալատին մէջ երկրի համայնքապետերուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին ըսած է, որ Սուրիոյ մէջ գտնուող թրքական զինեալ ուժերու նպատակը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը տապալելը չէ: «Մեր թիրախը մէկ անձ կամ երկիր չէ, այլ` Սուրիոյ մէջ գործող ահաբեկչական կառոյցները», ըսած է ան: Էրտողան...

«Միացեալ Նահանգներ Պիտի Չձգտի  Կառավարութիւններու  Եւ Վարչակարգերու Տապալման»  Կ՛ըսէ Թրամփ

«Միացեալ Նահանգներ Պիտի Չձգտի Կառավարութիւններու Եւ Վարչակարգերու Տապալման» Կ՛ըսէ Թրամփ

Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սինսինաթիի մէջ իր ունեցած ելոյթին ընթացքին յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի դադրին ձգտիլ արտերկրի մէջ կառավարութիւններու եւ վարչակարգերու տապալման: Ան նաեւ յայտարարած է, որ 20 յունուարին աշխատանքի լծուող ամերիկեան նոր վարչակազմը Միջին Արեւելքի մէջ պիտի վարէ այլ քաղաքականութիւն, որ զգալիօրէն պիտի տարբերի ներկայ քաղաքականութենէն: «Ըստ վերջին հաշուարկներու, մենք Միջին Արեւելքի մէջ ծախսած ենք...

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը  Երկարաձգեց Իրանի Դէմ Պատժամիջոցները

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը Երկարաձգեց Իրանի Դէմ Պատժամիջոցները

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը որդեգրեց որոշում մը, որ տասը տարիով կ՛երկարաձգէ Իրանի դէմ հաստատուած ամերիկեան պատժամիջոցները: Քոնկրեսի ստորին պալատը` Ներկայացուցիչներու տունը արդէն գրեթէ միաձայնութեամբ թեր քուէարկած էր պատժամիջոցներու երկարաձգման: Պատժամիջոցներու երկարաձգումը զարգացած տարբերակն է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի քաղաքականութեան, որուն հիմամբ ան մէկ տարիով երկարաձգած էր Իրանի դէմ հաստատուած ամերիկեան պատժամիջոցները: Ի տարբերութիւն Օպամային, քոնկրեսականները թեր արտայայտուած են աւելի երկար...

«Ռուսիան Եւ Սուրիոյ Ընդդիմութիւնը  Գաղտնի Բանակցութիւններ Կը Վարեն»  Կը Գրէ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»

«Ռուսիան Եւ Սուրիոյ Ընդդիմութիւնը Գաղտնի Բանակցութիւններ Կը Վարեն» Կը Գրէ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»

«Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթը կը գրէ, որ սուրիական ընդդիմութեան ղեկավարները գաղտնի բանակցութիւններ վարած են Մոսկուայի հետ` Հալէպի մէջ մարտական գործողութիւններուն վերջ տալու համար: Ըստ օրաթերթին, ընդդիմութեան չորս անդամներ յայտնած են, որ բանակցութիւններուն մէջ միջնորդի դեր խաղցած է Թուրքիան: Ընդդիմադիրներուն համաձայն, ատիկա այդ մէկը ցոյց կու տայ, որ Միացեալ Նահանգներ երկրորդական դիրքի մղուած են Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող որոշ իրադարձութիւններուն մէջ:...

Լուքաշենքօ Կրնայ Ցկեանս Իշխել

Լուքաշենքօ Կրնայ Ցկեանս Իշխել

«Նեզաւիսիմայա կազեթա» կը գրէ, որ Պիելոռուսիոյ  Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին կարծիքով`  նախագահական նստաշրջանի 5-էն 7 տարուան երկարաձգումը պիտի նպաստէ «հասարակութեան կայունութեան» եւ նոր ընտրութիւններու ծախսերու տնտեսման: Նախագահական լիազօրութիւններու ժամկէտի երկարաձգման նախաձեռնութիւնը կը պատկանի Պիելոռուսիոյ Ազատական ժողովրդավարական կուսակցութեան: Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի ղեկավար Լիտիա Երմոշինան վաւերացուցած է բարեփոխումը: «Եթէ քննարկման չմիանային պաշտօնական անձեր, ապա կարելի էր կարծել, որ ատիկա ընդամէնը Ազատական ժողովրդավարներու նախաձեռնութիւնն...

«Կը Յուսանք Սուրիոյ Մէջ Ահաբեկչութեան Դէմ  Պայքարին Մէջ Գործակցիլ Ուաշինկթընի Հետ»  Կ՛ըսէ Փութին

«Կը Յուսանք Սուրիոյ Մէջ Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարին Մէջ Գործակցիլ Ուաշինկթընի Հետ» Կ՛ըսէ Փութին

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յոյս յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ գործակցութիւն հաստատուի Ուաշինկթընի հետ: Փութին երէկ Տումայի առջեւ արտասանած իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ ռուս զինուորները ներկայիս ջանք կը թափեն այդ նպատակը իրագործելու: Անդրադառնալով սեպտեմբեր 2015-ին Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ սկսած զինուորական գործողութեան` Փութին ըսաւ, որ ռուսական բանակն ու ծովուժը «յստակօրէն փաստեցին ազգային սահմաններէն հեռու ազդու կերպով գործելու...

Թուրքիա Կը Յարգէ Ռուսիոյ` Ղարաբաղեան  Հիմնախնդիրը Լուծելու Կամքը

Թուրքիա Կը Յարգէ Ռուսիոյ` Ղարաբաղեան Հիմնախնդիրը Լուծելու Կամքը

«Թուրքիան Սուրիոյ Խնդիրին Շուրջ Ոչ Բոլոր Հարցերուն Մէջ Ռուսիոյ Համամիտ Է, Սակայն Երկուքս Ալ Կողմ Ենք Քաղաքական Լուծման» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ այցելեց Թուրքիոյ Անթալիա քաղաքը, ուր իր թուրք պաշտօնակից Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք յայտարարեց, որ քննարկումները դրական էին եւ սուրիական թղթածրարին վերաբերեալ կեցուածքները իրարու համահունչ` աւելցնելով, որ Ռուսիան պիտի շարունակէ Սուրիոյ մէջ...

Թրամփ Պաշտօնապէս Յայտարարած Է Էլէյն  Չաոն Փոխադրամիջոցներու  Նախարար Նշանակելու Մասին

Թրամփ Պաշտօնապէս Յայտարարած Է Էլէյն Չաոն Փոխադրամիջոցներու Նախարար Նշանակելու Մասին

«Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ Էլէյն Չաոն նշանակած է փոխադրամիջոցներու նախարար: Չաօ աշխատանքի նախարար եղած է Ճորճ Պուշ կրտսերի վարչակազմին մէջ եւ Ծերակոյտին մէջ մեծամասնութեան ղեկավար Միչ Մակքոնելիի կինն է: Չաոն ասիական ծագումով առաջին կինն է, որ նախարար դարձած է Միացեալ Նահանգներու մէջ: Ծնած է Թայուան` Չինաստանէն գաղթական ընտանիքի մը մէջ, Միացեալ...

Հոլլանտ 16 Ապրիլին  Պիտի Այցելէ Լիբանան

Ֆրանսուա Հոլլանտ Իր Թեկնածութիւնը Չառաջադրեց Ֆրանսայի Նախագահական Ընտրութեան

Երէկ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ սեղմ ճառի մը ընթացքին յայտարարեց, թէ ֆրանսական ձախի միասնականութիւնը պահպանելու համար պիտի չառաջադրէ իր թեկնածութիւնը` պաշտօնավարութեան երկրորդ շրջանի մը համար: Ելոյթին ընթացքին Հոլլանտ ներկայացուց իր նախագահութեան ընթացքին իրականացուած նուաճումները` նկատել տալով, որ ինք աշխուժօրէն աշխատած է բազմաթիւ թղթածրարներու, օրինակ` ազատութիւններու եւ ժողովրդավարութեան ու թափանցիկութեան ամրապնդման հարցերուն վրայ:

Քրեմլին Ասատը Տապալելու Էրտողանի  Յայտարարութեան Առնչութեամբ  Բացատրութիւն Կը Սպասէ

Քրեմլին Ասատը Տապալելու Էրտողանի Յայտարարութեան Առնչութեամբ Բացատրութիւն Կը Սպասէ

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով յայտնած է, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը տապալելու Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի խօսքերը չեն համընկնիր Սուրիոյ տագնապի լուծման առնչութեամբ Մոսկուայի դիրքորոշման հետ: Քրեմլին յոյսով են, որ Անգարա բացատրութիւններ պիտի տրամադրէ այդ առնչութեամբ: «Էրտողանի յայտարարութիւնը իսկապէս նորութիւն էր: Ատիկա շատ լուրջ յայտարարութիւն է: Յայտարարութիւն, որ ընդհանուր առմամբ կը հակասէ...

Վերջին 72 Ժամուան Ընթացքին Հալէպի Մէջ Շուրջ 20 Հազար Անձ Լքած Է Իր Տունը

Վերջին 72 Ժամուան Ընթացքին Հալէպի Մէջ Շուրջ 20 Հազար Անձ Լքած Է Իր Տունը

Հալէպի մէջ պատերազմական սաստկացող վիճակին պատճառով վերջին 72 ժամուան ընթացքին մօտ 20 հազար սուրիացի լքած է իր տունը: Այս տեղեկութիւնը 29 նոյեմբերին հաղորդեց ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի Ժընեւի կեդրոնատեղիէն քաղելով զայն: «Ըստ կատարուած ուսումնասիրութեան, օգոստոս ամիսէն ի վեր Հալէպի մէջ մօտ 60 հազար հոգի ստիպողաբար լքած է իր տունը: Անոնց քսան հազարը փախուստ տուած է վերջին 72...

Մերքել Դէմ Արտայայտուած Է Թուրքիոյ`  Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան  Շուրջ Բանակցութիւններ Սկսելուն

Մերքել Դէմ Արտայայտուած Է Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Շուրջ Բանակցութիւններ Սկսելուն

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել իր ղեկավարած Քրիստոնեայ-ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան անդամներուն առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է, որ դէմ է Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ այդ երկրին հետ նոր բանակցութիւններ սկսելուն: Գործակալութիւնը յղում կատարած է գերմանական «Պիլտ» օրաթերթի տեղեկատուութեան: Օրաթերթը, վկայակոչելով կուսակցական վերոնշեալ ժողովին ներկայ գտնուած աղբիւրներ, կը նշէ, որ ատիկա կը նշանակէ, թէ...

Ռուսիան Եւ Ազրպէյճանը  Մտադիր Են Ընդլայնել  Զինուորական Համագործակցութիւնը

Ռուսիան Եւ Ազրպէյճանը Մտադիր Են Ընդլայնել Զինուորական Համագործակցութիւնը

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի հետ Մոսկուայի մէջ երէկ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնա է, որ Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնները պիտի ընդլայնեն համագործակցութիւնը, ներառեալ Ռուսիոյ ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ ազրպէյճանցի զինուորականներու ուսուցման մարզին մէջ: Շոյկու նշած է, որ երկու երկիրներու զինուորական համագործակցութեան ծրագիրները կատարուած են ու կը կատարուին: «Մենք...

Սպիտակ Տունը Քասթրոյի  Յուղարկաւորութեան  Պաշտօնական Պատուիրակութիւն Մը  Պիտի Չուղարկէ

Սպիտակ Տունը Քասթրոյի Յուղարկաւորութեան Պաշտօնական Պատուիրակութիւն Մը Պիտի Չուղարկէ

Սպիտակ տան բանբեր Ճոշ Ըռնեսթ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Ֆիտել Քասթրոյի յուղարկաւորութեան նախագահական պատուիրակութիւն մը պիտի չուղարկէ, սակայն վարչակազմէն երկու պատասխանատուներ` Ազգային ապահովութեան խորհուրդի փոխխորհրդատու Պեն Ռոտզ եւ Քուպայի մէջ ամերիկացի նախկին բարձրաստիճան դիւանագէտներէն Ճեֆրի Տելաուրենթես ներկայ պիտի գտնուին յուղարկաւորութեան: Մինչ այդ, տեղի ունեցած է Ֆիտել Քասթրոյի յիշատակին նուիրուած ձեռնարկը, որ ուղղակիօրէն սփռուած է Քուպայի պետական պատկերասփիւռի...

Page 737 of 882 1 … 736 737 738 … 882

Արխիւներ