Միջազգային

«Թատմորի Դէմ ՏԱՀԵՇ-ի Յարձակումը  Հակադարձութիւն Է Հալէպի Մէջ Սուրիական  Բանակի Արձանագրած Յառաջխաղացքին»  Կ՛ըսէ Ասատ

«Թատմորի Դէմ ՏԱՀԵՇ-ի Յարձակումը Հակադարձութիւն Է Հալէպի Մէջ Սուրիական Բանակի Արձանագրած Յառաջխաղացքին» Կ՛ըսէ Ասատ

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ «Ռաշա Թուտէյ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Թատմոր քաղաքին դէմ ՏԱՀԵՇ-ի յարձակումը հակադարձութիւն է Հալէպի մէջ սուրիական բանակին արձանագրած յառաջխաղացքին: Ան ըսաւ, որ նպատակը Հալէպի մէջ սուրիական բանակին յաղթանակը ձախողութեան մատնելն էր, սակայն այդ նպատակը չիրագործուեցաւ: Ասատ ըսաւ, որ Արեւմուտքը հետաքրքրուած չէ Թատմորի կացութեամբ, որովհետեւ անցած է ահաբեկիչներուն ձեռքը: «Եթէ այդտեղ մուտք գործէր կառավարական...

Թրամփ Աւագ Քաղաքական Խորհրդատու  Ընտրեց Սթիվըն Միլլըրը

Թրամփ Աւագ Քաղաքական Խորհրդատու Ընտրեց Սթիվըն Միլլըրը

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ իբրեւ իր աւագ քաղաքական խորհրդատուն ընտրած է Սթիվըն Միլլըրը, որ արդէն այդպիսի պաշտօն կը վարէր անոր ընտրական գրասենեակին մէջ: Միլլըր նաեւ նոր վարչակազմին մէջ պիտի վարէ նախագահի օգնականի պաշտօնը: Նորընտիր նախագահի անցումային խմբակի հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Թրամփ Միլլըրի մասին ըսած է. «Ան խորապէս նուիրուած է «Ամէնէն առաջ...

Այսօր Հալէպի Հարցով  Ռուս-Թրքական Հանդիպում.  «Թուրքիան Լուռ Պիտի Չմնայ Հալէպի Մէջ  Տեղի Ունեցող Անիրաւութեան Նկատմամբ»  Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Այսօր Հալէպի Հարցով Ռուս-Թրքական Հանդիպում. «Թուրքիան Լուռ Պիտի Չմնայ Հալէպի Մէջ Տեղի Ունեցող Անիրաւութեան Նկատմամբ» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու շեշտեց, որ քաղաքայինները դուրս բերելու համար կարեւոր է Հալէպի մէջ զինադադարի համաձայնութիւն գոյացնել: Ան ըսաւ, որ սուրիական վարչակարգն ու անոր աջակցող կողմերը պատասխանատու են Հալէպի մէջ արձանագրուող իրադարձութիւններուն: Թրքական դիւանագիտութեան պետը  յայտարարեց, որ Թուրքիան լուռ պիտի չմնայ Հալէպի մէջ տեղի ունեցող անիրաւութեան նկատմամբ: Միւս կողմէ, թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է,...

Պելճիքա Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան  Անդամակցութեան Շուրջ  Բանակցելու Կարելիութիւն Չի Տեսներ

Պելճիքա Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Շուրջ Բանակցելու Կարելիութիւն Չի Տեսներ

Պելճիքայի արտաքին գործոց նախարար Տիտիէ Ռէյնտերս յայտարարած է, որ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւններու նոր գլուխներու բացումը կարելի չէ այն իրավիճակին մէջ, ուր թրքական իշխանութիւններու պատժիչ գործողութիւններ կը կատարուին: «Ստեղծուած կացութեան մէջ կարելի չէ նոր բանակցային յօդուածներ բանալ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան միանալու հոլովոյթին մէջ», ըսած է ան Պրիւքսէլի մէջ Եւրոպական Միութեան նախարարներու հանդիպումին հասնելէ ետք: Եւրոպական Միութեան դրացնութեան եւ...

Թրամփ Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց  Նախարարի Պաշտօնը Կը Վստահի  «Էքսոն Մոպիլ»-ի Գործադիր Տնօրէնին

Թրամփ Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարի Պաշտօնը Կը Վստահի «Էքսոն Մոպիլ»-ի Գործադիր Տնօրէնին

Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր երկրին արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը վստահեցաւ քարիւղի ամերիկեան հսկայ ընկերութեան` «Էքսոն Մոպիլ»-ի վարչական խորհուրդի նախագահ Ռեքս Թիլլըրսընի: «Տը Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ անցնող քանի մը օրուան ընթացքին հանրապետական եւ դեմոկրատական օրէնսդիրներ զգուշացուցած են, որ Թիլլըրսըն կրնայ մանրամասն քննութեան ենթարկուիլ Ռուսիոյ եւ անոր նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ իր երկու տասնամեակներու վրայ...

Ըստ Սուրիոյ Պետական  Պատկերասփիւռի Կայանին.  Սուրիական Բանակը Հալէպը Ամբողջութեամբ  Առաւ Իր Վերահսկողութեան Տակ

Ըստ Սուրիոյ Պետական Պատկերասփիւռի Կայանին. Սուրիական Բանակը Հալէպը Ամբողջութեամբ Առաւ Իր Վերահսկողութեան Տակ

Երէկ գիշեր Սուրիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանը յայտարարեց, որ սուրիական բանակը զինեալները քաղաքէն վտարելէն ետք, ամբողջ Հալէպը առած է իր վերահսկողութեան տակ: Աւելի կանուխ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած էր. «Սուրիական կառավարական ուժերը կը վերահսկեն Հալէպի 95 առ հարիւրին»: Նախարարութիւնը նշած էր, որ քաղաքին մէջ բախումներու սկիզբէն ի վեր աւելի քան 100 հազար քաղաքայիններ հեռացած են Հալէպէն: Մինչ այդ, սուրիական բանակը յայտարարեց....

Սուրիոյ Բանակը Նահանջելէ Առաջ Դուրս Բերած Է  Փալմիրի Բնակչութեան Մեծ Մասը

Սուրիոյ Բանակը Նահանջելէ Առաջ Դուրս Բերած Է Փալմիրի Բնակչութեան Մեծ Մասը

«Մայատին» կը հաղորդէ, որ Հոմսի նահանգապետ Թալալ Պարազի յայտարարած է, որ սուրիական բանակը Փալմիրը իր վերահսկողութեան տակ պիտի վերադարձնէ ամէնէն մօտ ժամանակին: «Զինեալներու Փալմիրի մէջ կատարած ճեղքումը ոչ մէկ ձեւով պիտի անդրադառնայ Հալէպի մէջ եւ Դամասկոսի մերձակայքը կառավարական ուժերու գործողութիւններուն վրայ», հաւաստած է ան` աւելցնելով, որ Փալմիրի գրաւումը պարզապէս ժամանակաւոր յաջողութիւնն է անոնց, որոնք կ՛աջակցին ահաբեկիչներուն: Նահանգապետին համաձայն, ՏԱՀԵՇ Ռաքքայէն...

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը  Կը Դատապարտէ Գահիրէի Ս. Պետրոս Եկեղեցւոյ Դէմ  Ահաբեկչական Գործողութիւնը

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Դատապարտէ Գահիրէի Ս. Պետրոս Եկեղեցւոյ Դէմ Ահաբեկչական Գործողութիւնը

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը դատապարտած է Եգիպտոսի մէջ ահաբեկչական գործողութիւնները` 11 դեկտեմբերի ղպտիական եկեղեցւոյ մէջ պայթումն ու 9 դեկտեմբերի յարձակումը ոստիկանութեան դէմ: «Ապահովութեան խորհուրդի անդամները ամենայն լրջութեամբ դատապարտած են 11 դեկտեմբերին Գահիրէի Ս. Մարկոս ղպտիական ուղղափառ տաճարին կից Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ դէմ զարհուրելի եւ ստոր ահաբեկչական արարքը, որ խլած է առնուազն 25 մարդու կեանք եւ 49...

Պոլսոյ Մէջ Երկու Պայթումներէն Ետք.  Թուրքիոյ Անվտանգութեան  Խորհուրդը Ժողով Գումարած Է

Պոլսոյ Մէջ Երկու Պայթումներէն Ետք. Թուրքիոյ Անվտանգութեան Խորհուրդը Ժողով Գումարած Է

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան հարցով Թուրքիոյ անվտանգութեան խորհուրդի նիստ հրաւիրած է: «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ լրագրողներու համար դռնփակ նիստը տեւած է շուրջ երկու ժամ: Նիստին մասնակցած են վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ, փոխվարչապետներ Նուման Քուրթուլմուշ եւ Թուղրուլ Թուրքեշ, արդարադատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղ, արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու, ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Պերաթ Ալպայրաք,...

Եւրոպական Միութիւն-Քուպա  Յարաբերութիւններու  Բնականոնացման Համաձայնագիր

Եւրոպական Միութիւն-Քուպա Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Համաձայնագիր

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութիւնն ու Քուպան համաձայնագիր ստորագրած են յարաբերութիւններու բնականոնացման մասին: Քաղաքական երկխօսութեան եւ համագործակցութեան վերաբերեալ համաձայնագիրի ստորագրման արարողութիւնը տեղի ունեցած է Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու ղեկավարներու` Պրիւքսէլի մէջ հանդիպումի ծիրին մէջ, փաստաթուղթին տակ ստորագրած են Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինին եւ Քուպայի արտաքին գործոց նախարար Պրունօ...

Քարթըր. «Միացեալ Նահանգներ Յանձնառու Են  Փեշմերկաներուն Զինուորական  Եւ Նիւթական Աջակցութեան Ցուցաբերման»

Քարթըր. «Միացեալ Նահանգներ Յանձնառու Են Փեշմերկաներուն Զինուորական Եւ Նիւթական Աջակցութեան Ցուցաբերման»

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Էշթըն Քարթըր, որ անակնկալ կերպով այցելած է Իրաք, հիւսիսային Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի կառավարութեան ղեկավար Մասուտ Պարզանիի հետ քննարկած է Մուսուլը ՏԱՀԵՇ-էն ազատագրելու գործողութեան զարգացումը: Այդ մասին յայտնեց Փենթակոնի բանբեր Փիթըր Քուք: Ըստ անոր, հանդիպումին ընթացքին արծարծուած է փեշմերկաներու «շատ կարեւոր դերը» ՏԱՀԵՇ-ի դէմ յարձակման ընթացքին: Խօսուած է նաեւ Իրաքի կեդրոնական կառավարութեան եւ քրտական ինքնավար մարզին...

Քեմալականները Նախագահական Համակարգի  Որդեգրման Հարցին Մէջ  Պիտի Չաջակցին Էրտողանի Կուսակցութեան

Քեմալականները Նախագահական Համակարգի Որդեգրման Հարցին Մէջ Պիտի Չաջակցին Էրտողանի Կուսակցութեան

Թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը կը գրէ, որ Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան անդամները կը շարունակեն ընդդիմանալ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կողմէ ուրբաթ օր խորհրդարան ներկայացուած սահմանադրական փոփոխութիւններու նախագիծին, որով նաեւ կ՛առաջարկուի Թուրքիոյ` խորհրդարանական կառավարման համակարգէն անցում կատարել դէպի նախագահական համակարգ: «Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ներկայացուցած նախագիծը սուլթանական համակարգի անցման առաջարկի կը նմանի: Այս առաջարկը Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութիւնը գետնին հաւասարեցնող, այս...

Միջազգային Կարճ Լուրեր

Միջազգային Կարճ Լուրեր

- ՌՈՒՍԻՈՅ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ վերջին 24 ժամուան ընթացքին Հալէպի մէջ սուրիական ընդդիմութենէն 728 զինեալներ անձնատուր եղած են: - ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ մերժեց այն լուրերը, ըստ որոնց, ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւնները եզրակացուցած են, որ Ռուսիան նախագահական ընտրութեան ընթացքին միջամտած է ի նպաստ Թրամփի: «Կը կարծեմ, որ ատիկա անհեթեթ է եւ պարզապէս չքմեղանք մը: Ատոր չեմ հաւատար», ըսաւ...

Զէնք-Զինամթերքով Բեռնաւորուած Ամերիկեան  Ուղղաթիռներ Հասան Ռաքքայի Այն Իսա Քաղաքը

Զէնք-Զինամթերքով Բեռնաւորուած Ամերիկեան Ուղղաթիռներ Հասան Ռաքքայի Այն Իսա Քաղաքը

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ կարգ մը պատուիրակութիւններ կանխատրամադրուած են Սուրիոյ շուրջ Ռուսիոյ նախաձեռնութեան դէմ: Ան աւելցուց, որ Հալէպի շուրջ համաձայնութիւն չէ գոյացած եւ Ռուսիոյ առաջարկները չեն քննարկուած` շեշտելով, որ Սուրիոյ վերաբերեալ հասարակաց սկզբնակէտ մը պէտք է ըլլայ, իսկ ատիկա չէ եղած: «Չըսի, թէ Հալէպի մէջ զինուորական գործողութիւնները ամբողջովին դադրած են, այլ` դադրեցուած են քաղաքայիններու դուրս բերումին...

Անգարա-Պերլին Ճգնաժամը Կը Խորանայ.  Պոլսոյ Օդակայանին Մէջ Հարցաքննուած Են  Գերմանացի Դիւանագէտներ

Անգարա-Պերլին Ճգնաժամը Կը Խորանայ. Պոլսոյ Օդակայանին Մէջ Հարցաքննուած Են Գերմանացի Դիւանագէտներ

Գերմանիոյ մէջ Թուրքիոյ խորհրդարանի փոխնախագահ, անձնագիրը կորսնցուցած Այշէ Նուր Պահչեքափըլըն` գերմանական օդակայանին մէջ պահելու փաստէն ետք Պերլինի եւ Անգարայի միջեւ դիւանագիտական ճգնաժամը կը շարունակէ խորանալ: «Արմէնփրես», վկայակոչելով գերմանական «Տէօչէ Վելլէ»-ն, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ օդակայաններուն պետական մակարդակով հրահանգ տրուած է դիւանագիտական անձնագիր ունեցող Գերմանիոյ բոլոր քաղաքացիները յատուկ ուսումնասիրութեան ենթարկել, հարցաքննել, ատկէ ետք միայն թոյլատրել մուտքը երկիր կամ ելքը երկրէն: Կարգադրութենէն...

Թուրքիա Մասնայատուկ Ուժերու Յաւելեալ  Անդամներ Ուղարկած Է Սուրիա

Թուրքիա Մասնայատուկ Ուժերու Յաւելեալ Անդամներ Ուղարկած Է Սուրիա

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիա մասնայատուկ ուժերու յաւելեալ 300 անդամներ ուղարկած է Սուրիա: Թուրքիոյ Տենիզլի նահանգին մէջ տեղակայուած թիւ 11 մասնայատուկ ուժերու զօրախումբէն 300 անդամ ուղարկուած է հիւսիսային Սուրիա` թրքական զինեալ ուժերուն կողմէ այդ երկրին մէջ 24 օգոստոսէն ի վեր իրականացուող «Եփրատի վահան» զինուորական գործողութեան մասնակցելու համար: Նշեալ զինուորները ուղղաթիռներով Չարտաք զինուորական օդակայանէն մեկնած են Սուրիա:

Թրամփ Միացեալ Նահանգներու Պատմութեան Մէջ  Լաւագոյն Վարչակազմը Խոստացած Է Ամերիկացիներուն

Թրամփ Միացեալ Նահանգներու Պատմութեան Մէջ Լաւագոյն Վարչակազմը Խոստացած Է Ամերիկացիներուն

«Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ ամերիկեան նոր վարչակազմը լաւագոյնը պիտի ըլլայ Միացեալ Նահանգներու ամբողջ պատմութեան մէջ: «Ես կը կարծեմ, որ մենք նախարարներու հոյակապ խորհուրդի ձեւաւորման հոլովոյթին մէջ ենք, եւ այդ խորհուրդին նմանը տակաւին չէ եղած մեր երկրի պատմութեան մէջ», ըսած է ան Այոա նահանգին մէջ իր կողմնակիցներու հանրահաւաքի ընթացքին: Թրամփ այժմ շրջագայութիւն...

Լաւրով. «Արեւելեան Հալէպի Մէջ Սուրիական  Բանակի Գործողութիւնները Դադրեցուած Են»

Լաւրով. «Արեւելեան Հալէպի Մէջ Սուրիական Բանակի Գործողութիւնները Դադրեցուած Են»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ սուրիական բանակը երէկ դադրեցուցած է արեւելեան Հալէպի մէջ զինուորական գործողութիւնները` քաղաքէն խաղաղ բնակիչները դուրս բերելու համար: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Լաւրով երէկ ԵԱՀԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին ընթացքին ըսած է. «Այսօր Արեւելեան Հալէպի մէջ դադրեցուած են սուրիական բանակի զինուորական գործողութիւնները, որովհետեւ կը կատարուին հերթական մեծագոյն աշխատանքները քաղաքէն դուրս բերելու...

Իտալիոյ Մէջ Ձերբակալուած Է Վատիկանի Դէմ  Յարձակում Ծրագրող Մարոքցի Մը

Իտալիոյ Մէջ Ձերբակալուած Է Վատիկանի Դէմ Յարձակում Ծրագրող Մարոքցի Մը

Իտալիոյ ներքին գործոց նախարար Անճելինօ Ալֆանօ յայտարարեց, որ երկրէն վտարուած է մարոքեան քաղաքացիութեան տէր գաղթական մը, որ Վատիկանի դէմ ականուած ինքնաշարժով եւ «Քալաշնիքով» տիպի գնդացիրով յարձակում գործել կը ծրագրէր: Ան նշեց, որ իտալական ոստիկանութիւնը երկրէն վտարած է 32 տարեկան մարոքցին, որ բանտարկուած էր Ֆրոզինոնի շրջանի «Քասինօ» բանտին մէջ: Նշեալ մարոքցին նստեցուած է Միլանոյի Մալփինսա օդակայանէն Քազապլանքայի Մոհամետ Ե. օդակայան մեկնող...

Պիելոռուսիա Կը Սահմանափակէ Ռուսիայէն  Շարք Մը Ապրանքներու Ներածումը

Պիելոռուսիա Կը Սահմանափակէ Ռուսիայէն Շարք Մը Ապրանքներու Ներածումը

Ռուսական «Նեզաւիսիմայա կազեթա» օրաթերթը կը գրէ, որ Պիելոռուսիան Ռուսիոյ շուկան արտասահմանեան շուկաներուն համահաւասար դարձուցած է: 1 փետրուարէն շարք մը ապրանքներու համար վկայագիրներ պէտք է ստանան նաեւ ռուսական ընկերութիւնները: Կառավարութեան որոշումը ստորագրուած է հոկտեմբերին, սակայն հասարակութիւնը զայն քննարկել սկսած է միայն հիմա, երբ մատակարարները եւ արտադրողները ահազանգ հնչեցուցած են: Հաստատուած է ցանկը ապրանքներու, որոնք պիելոռուսական շուկայ ներածուելու ընթացքին որակի հաստատման ընթացակարգէ...

Page 735 of 882 1 … 734 735 736 … 882

Արխիւներ