Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով երէկ յայտարարեց, որ արեւելեան Հալէպի մէջ գտնուող բոլոր զինեալները հաւաքուած են Ժապհաթ Նուսրայի շուրջ եւ այդտեղ գտնուող բոլոր զինեալները ահաբեկիչներ են:
Փեսքով մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին աւելցուց. «Տեղեակ էք, որ այդտեղ քանի մը հարիւր բնակելի գիւղեր կան, եւ տարբեր խմբաւորումներ միացան զինադադարի դրութեան: Ինչ կը վերաբերի անոնց, որոնք կը գտնուին Հալէպի արեւելեան բաժինին մէջ, բոլոր այդ զինեալները ահաբեկիչներ են»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա իր կարգին յայտնեց, թէ իր երկիրը կը յուսայ, որ ՄԱԿ-ը կարենայ Հալէպի մէջ անընդհատ մարդասիրական օժանդակութիւններու տրամադրման մէջ իր դերակատարութիւնը ունենալ:
Ան նաեւ նշեց, որ Արեւելեան Հալէպի աւելի քան 50 առ հարիւրը ազատագրուած է ահաբեկիչներէն:
Նշենք, որ Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը երէկ հաղորդեց, որ Սուրիոյ բանակը Հին Հալէպի բոլոր թաղամասերը առած է իր վերահսկողութեան տակ: