Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով նշեց, որ Սուրիական ընդդիմութեան բանակցութեան բարձրագոյն մարմինը կը մերժէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումները գործադրել` շեշտելով, որ եթէ զինեալները մերժեն կամովին Հալէպէն հեռանալ, պիտի ոչնչացուին:
Ան ըսաւ, թէ Ռուսիան վստահ է, որ Հալէպի մէջ ռուսական դաշտային հիւանդանոցին դէմ յարձակումը կանխամտածուած էր:
Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիոռն Եակլանտի հետ Մոսկուայի մէջ կայացած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Լաւրով ըսաւ, որ դժուար է ամերիկացի գործընկերներուն հետ լուրջ երկխօսութիւն ունենալ: «Երէկ մենք անոնցմէ հաղորդագրութիւն ստացած ենք այն մասին, թէ պիտի չկարողանան վաղը հանդիպիլ Հալէպի վերաբերեալ խորհրդակցութիւններու համար, որովհետեւ իրենց միտքը փոխած են: Իրենց փաստաթուղթը յետս կոչած են, եւ այժմ անոնք նոր փաստաթուղթ ունին», ըսաւ ան:
«Այդ փաստաթուղթը, մեր նախնական տպաւորութիւններէն դատելով, ամէն ինչ ետեւ կը տանի եւ կարծես անիկա փորձ ըլլայ ժամանակ շահելու, որպէսզի զինեալները շունչ քաշեն եւ համալրեն իրենց պաշարները», աւելցուց ան:
Լաւրով ըսած է նաեւ, որ խորհրդակցութիւններու մեկնարկի ժամկէտը յստակ չէ: «Պիտի փորձենք յստակացնել` ի՛նչ է հարցը», նշեց ան:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց, որ փափաքողը կրնայ առանց արգելքի այցելել Խրիմ, «եւ պատրաստ ենք ատոր համար պայմանները կազմակերպել»: Ան ըսաւ, որ Ռուսիան Եւրոպական խորհուրդին հետ կը գործակցի եւ կը գործադրէ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին որոշումները:
Եակլանտ իր կարգին յայտնեց, որ իրենք կը փորձեն Մոսկուայի հետ շինիչ գործակցութիւնն ու երկխօսութիւնը պահպանել` նշելով, որ Ռուսիան ներկայիս նոր օրէնքներ կ՛որդեգրէ եւ օրէնսդրական ու դատական մարզերու մէջ բարեփոխումներ կը կատարէ: