ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամները երէկ գիշեր դռնփակ ժողով մը գումարեցին քննարկելու համար Եգիպտոսի, Նոր Զելանտայի եւ Սպանիոյ կողմէ ներկայացուած նախագիծ մը, որ կոչ կ’ուղղէ Հալէպի մէջ եօթնօրեայ զինադադար հաստատելու:
Ռուսիա եւ Չինաստան վեթոյի ենթարկեցին նախագիծը: Նախքան այդ, ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Վիթալի Չուրքին յայտարարած էր, որ պէտք է յետաձգել Հալէպի վերաբերեալ նախագիծին շուրջ քուէարկութիւնը, մինչեւ ռուս¬ամերիկեան խորհրդակցութիւններու աւարտը` նշելով, որ այդ նախագիծը չի նպաստեր Հալէպէն ահաբեկիչներու դուրս բերման: