Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռուս Եւ Ամերիկացի Փորձագէտներ Մօտ Օրէն Աշխատանքի Կը Սկսին Հալէպի Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Համար» Կ՛ըսէ Լաւրով

December 6, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

lavrov_120516

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յոյս յայտնեց, որ մօտ օրէն գոյանայ ռուս-ամերիկեան համաձայնութիւն մը, որ վերջ կու տայ Հալէպի հարցին:

Ան շեշտեց, որ համաձայնութիւնը պէտք է բոլոր զինեալներուն Հալէպէն հեռացումը ներառէ, իսկ հեռանալ մերժողները պիտի նկատուին ահաբեկիչներ եւ անոնց հետ ըստ այնմ պիտի վարուին` աւելցնելով, որ իր երկիրը պիտի աջակցի արեւելեան Հալէպի մէջ մնացող որեւէ ընդդիմադիր զինեալի դէմ Սուրիոյ բանակի գործողութեան:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ ռուս եւ ամերիկացի փորձագէտներ մօտ օրէն պիտի հանդիպին Ժընեւի մէջ համաձայնութիւն գոյացնելու համար` նշելով, որ նշեալ խորհրդակցութիւնները պիտի սկսին այս գիշեր կամ վաղը առաւօտեան:

Ան ըսաւ, որ ամերիկացիք խնդրած են բոլոր զինեալները Հալէպէն հեռացնելու հարցին շուրջ խորհրդակցութիւնը յետաձգել երկու օրով:

Լաւրով յայտնեց, որ ներկայ պահուն զինադադար հաստատելը պիտի ամրապնդէ զինեալներու դիրքերը` նշելով, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ այդ հարցով ներկայիս ներկայացուած բանաձեւը սադրանք է եւ կը խանգարէ Հալէպի կացութեան լուծում բերելու ջանքերը:

Ան ըսաւ, որ այդ բանաձեւին շուրջ քուէարկութիւն կատարելը անյարմար է, որովհետեւ ռուս-ամերիկեան բանակցութիւններուն համահունչ չէ: «Ամերիկացիներուն հետ զինեալներու հեռացման շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելէ ետք, պիտի համաձայնինք զինադադարի հաստատման», յայտնեց Լաւրով:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտնեց. «Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմը վերջ պիտի գտնէ այն ժամանակ միայն, երբ ընդդիմադիր ուժերը ներառուին պետութեան հաստատութիւններուն մէջ»:

«Սուրիական հարցը զինուորական լուծում չունի եւ պատերազմը պիտի չաւարտի, եթէ Հալէպը չդադրի տագնապի կողմերուն միջեւ զինուորական ռազմավարական կռուախնձոր մը ըլլալէ», ըսաւ ան:

 

Նախորդը

«Ոչ»-ի Յաղթանակէն Ետք Իտալիոյ Վարչապետը Հրաժարեցաւ

Յաջորդը

ՏԱՀԵՇ Կը Սպառնայ Յարձակում Գործել Աշխարհի Տարածքին Թուրքիոյ Դեսպանատուներուն Եւ Հիւպատոսարաններուն Դէմ

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ» Լրատու Գործակալութեան.  Իրանի Մէջ Բողոքի Ցոյցերու  Ժամանակ Զոհուած Է Մօտ 2000 Մարդ
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Ռոյթըրզ» Լրատու Գործակալութեան. Իրանի Մէջ Բողոքի Ցոյցերու Ժամանակ Զոհուած Է Մօտ 2000 Մարդ

January 14, 2026
Լեյեն. «Պրիւքսել Նոր Պատժամիջոցներ  Պիտի Առաջարկէ Իրանի Նկատմամբ»
Գլխաւոր լուրեր

Լեյեն. «Պրիւքսել Նոր Պատժամիջոցներ Պիտի Առաջարկէ Իրանի Նկատմամբ»

January 14, 2026
Կրինլանտի Վարչապետին Համաձայն.  Իր Ժողովուրդը Չ՛ուզեր  Միացեալ Նահանգներու Մաս Դառնալ
Միջազգային

Կրինլանտի Վարչապետին Համաձայն. Իր Ժողովուրդը Չ՛ուզեր Միացեալ Նահանգներու Մաս Դառնալ

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.