Սուրիական զինուորական աղբիւր մը ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ իսրայէլեան ուժերը երէկ առաւօտեան ժամը 3:00-ին բռնագրաւուած Պաղեստինի տարածքէն արձակած են ցամաքէ ցամաք քանի մը հրթիռներ, որոնք ինկած են Դամասկոսի արեւմուտքը գտնուող Մազզէի օդակայանին մերձակայքը եւ պատճառ դարձած հրդեհի ծագման, սակայն մարդկային կորուստներ չեն արձանագրուած:
Աղբիւրը նշեց, որ Իսրայէլ այսպիսով յուսահատ փորձ մը կը կատարէ ահաբեկչական խմբաւորումներուն աջակցելու եւ անոնց կորովը բարձրացնելու համար` աւելցնելով, որ ատիկա «մեզ աւելի վճռակամ պիտի դարձնէ կտրելու ձեռքերը, որոնք կապուած են սիոնական գոյացութեան, որ կը կրէ այս ոճրային յարձակումներուն հետեւանքներուն ամբողջական պատասխանատուութիւնը»:
Նշենք, որ նախապէս հաղորդուած էր, որ իսրայէլեան օդուժը ռմբակոծած է Մազզէի զինուորական օդակայանը: