Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան գերագոյն հոգեւոր պետի` «Աշուրա» միութեան մէջ պատասխանատու ներկայացուցիչ հոճաթ իսլամ Ապտուլռահիմ Սարային լուրջ մտահոգութիւն յայտնած է Ազրպէյճանի մէջ Իսրայէլի գործօն ներկայութեան եւ ազդեցութեան նկատմամբ: Անոր համաձայն, այդ ներկայութիւնը իրական սպառնալիք է Իրանի անվտանգութեան եւ անկախութեան համար: Այս մասին հաղորդեց իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը:
Իրանի Արեւելեան Ազրպէյճան նահանգին մէջ 12-օրեայ պատերազմի զոհերուն յիշատակին նուիրուած ձեռնարկի ընթացքին խօսք արտասանելով` Սարայի ընդգծած է. «Սիոնական վարչակարգը մեծ ազդեցութիւն ունի Ազրպէյճանի մէջ»: Ան ուշադրութիւն հրաւիրած է Խուտաֆերինի շրջանի իրանեան Աշագի գիւղին դիմաց գտնուող մեծ օդակայանին վրայ, որ կը գտնուի Իրանի սահմանէն ընդամէնը 17 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ:
«Այս օդակայանէն ամէն օր թռիչքներ կը կատարուին դէպի Թել Աւիւ եւ հակառակ ուղղութեամբ, ինչ որ կը վկայէ Ազրպէյճանի եւ սիոնական վարչակարգին միջեւ համակարգման բարձր մակարդակի մասին», ըսած է ան:
Սարայի նման բացայայտ ներկայութիւնը բնութագրած է իբրեւ «սիոնական վարչակարգի` Ազրպէյճանի նկատմամբ լիակատար վերահսկողութեան ապացոյց»:
Ան նաեւ զգուշացուցած է հետեւանքներուն մասին. «Նման ներկայութիւն ոչ միայն կը խաթարէ Ազրպէյճանի մէջ կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը, այլ նաեւ սպառնալիք կը ստեղծէ ամբողջ շրջանին` նախ եւ առաջ Իրանի իսլամական Հանրապետութեան համար»:
Սարայիի համաձայն, նման գործողութիւնները նպատակ ունին անկայունացնել իսլամական աշխարհը եւ տկարացնել շրջանի գերիշխան պետութիւնները: