Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երուսաղէմի Մօտ Յարձակում` Ռուսիոյ Դեսպանատան Ինքնաշարժին Վրայ

August 7, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

30 յուլիսին, Երուսաղէմի մօտ գտնուող Կիւաթ Ասաֆ իսրայէլեան ապօրինի բնակեցման վայրի տարածքին մէջ խումբ մը վերաբնակեցուածներու կողմէ յարձակումի ենթարկուած է Պաղեստինեան իշխանութեան մօտ Ռուսիոյ դեսպանատան դիւանագիտական թիւով ինքնաշարժը, որուն մէջ գտնուած են Ռուսիոյ դիւանագիտական առաքելութեան Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան մօտ հաւատարմագրուած աշխատակիցներ:

Այս մասին հաղորդեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա` մանրամասնելով, թէ Թել Աւիւի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատունը համապատասխան դիմում ներկայացուցած է Իսրայէլի իշխանութիւններուն` յուսալով, որ իսրայէլեան կողմը համապատասխան եզրակացութիւններ կ՛ընէ:

«Ինքնաշարժին հասցուած է մեքանիքական վնաս: Յարձակումը ուղեկցուած է Ռուսիոյ դիւանագէտներու հասցէին բանաւոր սպառնալիքներով: Յատկապէս շփոթեցնող եւ անընդունելի է այն փաստը, որ միջադէպը տեղի ունեցած է արտօնութեամբը դէպքի վայրը գտնուող իսրայէլացի զինուորներու, որոնք նոյնիսկ չեն փորձած կանխարգիլել յարձակողներուն յարձակողական գործողութիւնները:

«Մենք այս միջադէպը կը նկատենք 1961 թուականի Դիւանագիտական յարաբերութիւններու մասին Վիեննայի հռչակագիրի կոպիտ խախտում, որովհետեւ հռչակագիրը, այլ բաներու կողքին, հիւրընկալող պետութենէն կը պահանջէ ապահովել օտարերկրեայ առաքելութիւններու սեփականութեան անձեռնմխելիութեան սկզբունքի յարգումը եւ պատշաճ յարգանքով վերաբերիլ այնտեղ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ դիւանագէտներուն` ձեռնարկելով բոլոր անհրաժեշտ քայլերը` կանխարգիլելու անոնց անձի, ազատութեան եւ արժանապատուութեան նկատմամբ որեւէ ոտնձգութիւն:

«Համապատասխան դիմումը Իսրայէլի իշխանութիւններուն ներկայացուցած է Թել Աւիւի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատունը: Յոյսով ենք, որ իսրայէլեան կողմը համապատասխան եզրակացութիւններ կ՛ընէ», նշուած է Զախարովայի յայտարարութեան մէջ:

Նախորդը

Թրամփ-Ֆոն Տեր Լեյեն Գործարքէն Ետք Եւրոպական Միութիւնը Սառեցուցած Է Միացեալ Նահանգներու Դէմ Մաքսատուրքերը

Յաջորդը

Հիրոշիմայի Մէջ Հիւլէական Ռմբակոծման 80-Ամեակի Ոգեկոչում

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.