Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ մեկնաբանած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւի միջեւ վերջերս տեղի ունեցած առցանց «վէճ»-ը:
Ռուպիօ «Ֆոքս Նիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին կասկած յայտնած է, թէ Մետվետեւի յայտարարութիւնները կ՛արտացոլեն Ռուսիոյ պաշտօնական դիրքորոշումը:
«Ես վստահ չեմ, որ ան կը խօսի Ռուսիոյ պաշտօնական դիրքորոշումին մասին, սակայն ան, անկասկած, Ռուսիոյ մէջ բարձր պաշտօն վարող անձ է, որ սադրիչ բաներ կ՛ըսէ: Բայց եւ այնպէս, չեմ կարծեր, որ ատիկա պիտի ազդէ կացութեան վրայ», ըսած է ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:
Ռուպիօ նաեւ յիշեցուցած է, որ Տմիթրի Մետվետեւ Ռուսիոյ նախագահն էր 2008-2012 թուականներուն, որմէ ետք պաշտօնը ստանձնած է Վլատիմիր Փութինը: Ան մանրամասնած է, որ Մետվետեւ չէ մասնակցած Միացեալ Նահանգներու ներկայ վարչակազմին հետ պաշտօնական բանակցութիւններուն եւ հանդիպումներուն:
Թրամփ-Մետվետեւ առցանց «վէճ»-ը սկսաւ, երբ Թրամփ վերջնագիր ներկայացուց Մոսկուային` պահանջելով 10-12 օրուան ընթացքին Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքել: Ի պատասխան` Մետվետեւ այս պայմանները որակած էր «դէպի պատերազմ քայլ»:
Սպիտակ տան ղեկավարը Մետվետեւը կոչած էր «ձախողած նախկին նախագահ» եւ անոր կոչ ուղղած «ուշադիր ըլլալ իր խօսքերուն, որոնք վտանգաւոր տեղ կը տանին»:
Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահը, իր կարգին, ակնարկած էր, որ եթէ իր որոշ խօսքերը այդքան ջղային արձագանգ յառաջացուցած են Միացեալ Նահանգներու հզօր նախագահին մօտ, ատիկա կը նշանակէ, որ Ռուսիան ամէն ինչի մէջ ճիշդ է եւ պիտի շարունակէ իր սեփական ուղիով ընթանալ: