Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուպիօ. «Կը Կարծենք, Որ Ուքրանիոյ Մէջ Տագնապի Աւարտին Նախկինէն Աւելի Մօտ Դարձանք»

August 8, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ ամերիկեան «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, թէ Միացեալ Նահանգներու կարծիքով Ուքրանիոյ մէջ տագնապի աւարտը նախկինէն աւելի մօտ է:

Ռուպիօ ըսաւ, որ ամերիկացի պատուիրակ Սթիւ Ուիտթքոֆի Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպումը արդիւնաւէտ էր, «սակայն (Ուքրանիոյ տագնապի լուծման համար) տակաւին շատ աշխատանք կայ կատարելիք»:

«Միացեալ Նահանգներ այժմ Ուքրանիոյ մէջ կարգաւորման համար ռուսական պայմանները աւելի լաւ կը հասկնան», նշեց ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:

«Թրամփի եւ Փութինի միջեւ հանդիպումի կայացումը կախեալ է Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ դիրքորոշումներու մերձեցման մէջ յառաջընթացի տարողութենէն», աւելցուց ան` նշելով. «Թրամփի եւ Փութինի յառաջիկայ շաբաթ հանդիպումի կարելիութիւնը տակաւին ի զօրու է»:

«Թրամփ Ռուսիոյ դէմ նոր պատժամիջոցներու վերաբերեալ իր որոշումը պիտի տայ 24 կամ 36 ժամուան ընթացքին», յայտնեց Ռուպիօ` աւելցնելով. «Թրամփ կրնայ յառաջիկայ երկու օրուան ընթացքին Փութինի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունենալ, սակայն հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը տակաւին չէ ծրագրուած»:

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարելով յայտնեց, որ իր ամերիկացի պաշտօնակից Տանըլտ Թրամփի հետ քննարկած է Ուիթքոֆի Մոսկուա այցելութիւնը, եւ նշած, թէ Ուքրանիա կը զօրակցի արդար խաղաղութեան եւ կը շարունակէ վճռակամ մնալ ինքզինք պաշտպանելու:

«Ուքրանիան հաստատօրէն իր անկախութիւնը պիտի պաշտպանէ», աւելցուց ան` նշելով, որ եւրոպացի ղեկավարները միացած են Թրամփի հետ իր հեռաձայնային հաղորդակցութեան:

Ուքրանիոյ նախագահը չորեքշաբթի երեկոյեան խօսք մը արտասանելով նշեց. «Կը թուի, թէ Ռուսիան այժմ զինադադար հաստատելու աւելի պատրաստ է: Անոր վրայ ճնշումը իր արդիւնքը կու տայ: Սակայն ամէնէն կարեւորը այն է, որ մանրամասնութիւններուն մէջ ո՛չ մեզ, ո՛չ Միացեալ Նահանգները չխաբէ»:

Նախքան այդ, Թրամփ յայտարարած էր, որ Ուիթքոֆ Փութինի հետ իր ժողովի ընթացքին «մեծ յառաջընթաց» արձանագրած է:

«Բոլորը համաձայն են, որ այս պատերազմը պէտք է վերջ գտնէ, եւ աշխատանք պիտի տանինք ատիկա յառաջիկայ օրերուն եւ շաբաթներուն իրագործելու համար», աւելցուցած էր Սպիտակ տան ղեկավարը:

Մինչ այդ, Սպիտակ տունէն պաշտօնատար մը յայտնած էր, թէ Փութինի հետ ժողովը լաւ ընթացած է, եւ Մոսկուան նախանձախնդիր է Միացեալ Նահանգներու հետ գործակցութիւնը շարունակելու` աւելցնելով, որ տակաւին ուրբաթ օր Ռուսիոյ հետ գործակցող երկիրներուն դէմ երկրորդական պատժամիջոցներու հաստատում կը նախատեսուի:

Նախորդը

ՄԱԿ. «Հակառակ Զինադադարին, Սուէյտայի Մէջ Թշնամական Արարքները Կը Շարունակուին»

Յաջորդը

Փութին. «Զելենսքիի Հետ Ժողովի Դէմ Չեմ, Եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Թրամփի Հետ Հանդիպումին Հաւանական Վայրերէն Են»

RelatedPosts

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի  Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի  Գումարումը Կը Հաստատէ
Միջազգային

Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի Գումարումը Կը Հաստատէ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.