Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաք «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարելով յայտնեց. «Հպարտ ենք, որ օգնեցինք Սուէյտայի մէջ լուծումի հասնելու միջնորդութեան, եւ բոլոր կողմերը կը յորդորենք պահպանելու հանդարտութիւնը եւ տարակարծութիւնները լուծելու երկխօսութեան ճամբով եւ ոչ թէ արիւնահեղութեան»:
Պարրաք, մեկնաբանելով Սուէյտայի եւ Մընպեժի մէջ վերջին բախումները, նշեց. «Դիւանագիտութիւնը բռնարարքներ դադրեցնելու եւ խաղաղ ու տեւական լուծումի կառուցման լաւագոյն միջոցն է»:
Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը երէկ յայտնեց. «Զինադադարի համաձայնութեան նոր խախտումով մը, Ազգային բանակը անակնկալ յարձակում կը շղթայազերծէ Հալէպի արեւելեան գիւղական շրջանին մէջ գտնուող դիրքերու վրայ»: