Շուլց Խստօրէն Դատապարտած Է Էրտողանի Յայտարարութիւնները
Գերմանական «Տէօչէ Վելլէ» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավար կուսակցութեան նախագահ, վարչապետութեան թեկնածու Մարթին Շուլց խստօրէն դատապարտած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը, որ վարչապետ Անկելա Մերքելը մեղադրած էր «նացիական գործելաոճ» ունենալու յանցանքով: «Բարեկամական երկիրի նախագահին կողմէ այս երկիրի վարչապետին հասցէին նման նուաստացում մը ամբարտաւանութիւն է: Անհրաժեշտ է բացատրել Էրտողանին, որ ՕԹԱՆ-ի անդամ եւ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան թեկնածու երկիրի...



















