Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել բացառեց Թուրքիոյ սադրանքին մէջ ներքաշուիլը:
Մերքել գերմանական «Զարպրոքըր Ցայթունկ» օրաթերթին յայտնեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին այս շաբաթ իրեն ուղղած այն քննադատութիւնը, թէ ինք Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան ահաբեկիչներուն կ՛աջակցի, անհեթեթ է:
«Մտադիր չեմ գրգռութիւններու փոխանակման մրցումի մասնակցիլ», նշեց Գերմանիոյ վարչապետը` շեշտելով, որ վիրաւորանքները պէտք է դադրին:
Անդրադառնալով Հոլանտայի հասցէին Թուրքիոյ պաշտօնատարներուն կողմէ հնչեցուած յայտարարութիւններուն ու մեղադրանքներուն` Մերքել յայտնեց, որ իրենք պիտի շարունակեն աջակցիլ հոլանտական կողմին:
«Հոլանտացիները ունին մեր ամբողջական աջակցութիւնը, ես ատիկա բացէ ի բաց յայտարարեցի Թուրքիայէն եկած մեղադրանքներէն ետք: Անհրաժեշտ է վերջ տալ այդ մեղադրանքներուն: Հոլանտացիները շատ վնասներ կրած են նացիներէն: Այսօր զանոնք նացիականութեան ամբաստանութեամբ մեղադրելը անընդունելի է», ըսաւ ան: