Իսրայէլեան ռմբաձիգներ երէկ առաւօտեան ժամը 2:00-ին Սուրիոյ մէջ թիրախներ հարուածեցին:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցները` վկայակոչելով իսրայէլեան բանակի մէկ բանբերը, յայտնեցին, որ իսրայէլեան օդանաւերուն ուղղութեամբ սուրիական հակաօդային համակարգերէն արձակուած են քանի մը հրթիռներ, որոնցմէ մէկը վնասազերծուած է իսրայէլեան հակաօդային պաշտպանութեան համակարգի մը կողմէ:
Լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ Ղաուր Օրտոնի երկինքը սուրիական հրթիռը վնասազերծած հրթիռը «Հայից» տիպի է եւ առաջին անգամն է, որ կը գործածուի` աւելցնելով, որ Ղաուր Օրտոնի մէջ գիշերով լսուած ահազանգները այդ զինուորական գործողութեան պատճառով էին:
Իսրայէլեան բանակի վերոնշեալ աղբիւրը նշած է. «Վեց տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով սուրիական հակաօդային համակարգերը իսրայէլեան կործանիչներու ուղղութեամբ հրթիռներ կ՛արձակեն»: Ըստ «Ետիոթ Ահրոնոթ»-ի, այդ հրթիռները «ՍԱ-5» տիպի էին:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 2-րդ կայանը իր կարգին հաղորդեց, որ իսրայէլեան ռմբաձիգները հարուածած են կարաւան մը, որ Հըզպալլային ռազմավարական եւ արդիական հրթիռներ կը փոխադրէր:
Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթի ապահովական հարցերու մեկնաբան Եոսի Մելման նշեց, որ Սուրիոյ մէջ կատարուած օդային հարուածներուն պատասխանատուութեան Իսրայէլի կողմէ ստանձնումը «հազուադէպ երեւոյթ մըն է»: Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը իր կարգին նշեց, որ «կ՛ակնարկուի, որ միջադէպը անցնող վեց տարիներուն ընթացքին Իսրայէլի եւ Սուրիոյ միջեւ արձանագրուած ամէնէն վտանգաւոր միջադէպն է»` աւելցնելով, որ առաջին անգամն է, որ Իսրայէլ կը հաստատէ, որ օգտագործած է հեռահար հրթիռներու վնասազերծման յատկացուած «Հայից» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգը, որ իսրայէլեան օդուժին յանձնուած է 1990-ական թուականներուն:
Սուրիական բանակի հրամանատարութիւնը յայտնեց, որ գործողութեան մասնակից իսրայէլեան 4 օդանաւերէն մէկը վար առնուած է բռնագրաւուած հողերուն տարածքին, մէկ ուրիշը վնասուած է, իսկ մնացեալը ստիպուած եղած են փախուստի դիմելու: