Գերմանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան արտահերթ համագումարի պատուիրակները քուէարկած են իրենց քաղաքական ուժի նախագահի պաշտօնին մէջ Եւրոպական խորհրդարանի նախկին ղեկավար Մարթին Շուլցի ընտրութեան օգտին:
Ան հաւաքած է 100 առ հարիւր ձայն, ինչ որ ցուցանիշ կը հանդիսանայ կուսակցութեան ամբողջ պատմութեան մէջ: Շուլց փոխարինած է Զիկմար Կապրիէլը եւ պաշտօնապէս դարձած Գերմանիոյ վարչապետի թեկնածու եւ Անկելա Մերքելի գլխաւոր մրցակից: