Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու գաղթականներու ճգնաժամով սպառնացած է Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն:
«Շատ կ՛ուզեմ` մինչեւ հիմա չուղարկուած սուրիացի եւ իրաքցի գաղթականներէն ամէն ամիս 15.000-ը ուղարկենք Եւրոպա, թող զարմանան», յայտարարած է Սոյլուն` քննադատելով Հոլանտայի իշխանութիւնները` Թուրքիոյ ընտանիքի հարցերով նախարար Ֆաթմա Պեթիւլ Սայեան Քայան երկրէն վտարելու համար: