Միջազգային

Թրամփ Քոնկրեսին Առաջարկած Է Կրճատել  Օտար Պետութիւններուն Տրամադրուող  Ելեւմտական Օգնութեան Չափը

Թրամփ Քոնկրեսին Առաջարկած Է Կրճատել Օտար Պետութիւններուն Տրամադրուող Ելեւմտական Օգնութեան Չափը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ առաջարկած է 28 առ հարիւրով կրճատել ամէն տարի Միացեալ Նահանգներու կողմէ այլ պետութիւններու տրամադրուող ելեւմտական օգնութեան չափը: Բացի ատկէ, ան առաջարկած է կրճատել ՄԱԿ-ին` կլիմայական փոփոխութիւններու դէմ պայքարին ուղղուած ու մշակութային փոխանակման ծրագիրներու ֆինանսաւորումը: «Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ Թրամփ նոյն ատեն չէ կրճատած անվտանգութեան ապահովման նպատակով Իսրայէլին յատկացուող ելեւմտական օգնութեան չափը` 3,1 միլիառ տոլար: Աղբիւրը...

Թուրքիան Տեղեակ Պահած Է ՄԱԿ-ը  Հոլանտայի Կողմէ «Միջազգային  Իրաւունքի Խախտումներու» Մասին

Թուրքիան Տեղեակ Պահած Է ՄԱԿ-ը Հոլանտայի Կողմէ «Միջազգային Իրաւունքի Խախտումներու» Մասին

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Թուրքիան տեղեակ պահած է ՄԱԿ-ը Հոլանտայի կողմէ «միջազգային իրաւունքի խախտումներու» մասին: Նախապէս հաղորդուած էր, որ Թուրքիան կը պատրաստուի Հոլանտայի դէմ բողոք ներկայացնել միաժամանակ երեք միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ` ՄԱԿ-ի, ԵԱՀԿ-ի եւ Եւրոպական Խորհուրդի: Թուրքիոյ կողմէ Հոլանտային ուղարկուած բողոքագիրին մէջ կ՛ըսուի, որ Հոլանտան խախտած է Վիեննայի ուխտը` երկրէն արտաքսելով Թուրքիոյ ընտանիքի հարցերու նախարար Ֆաթմա Պեթիւլ Սայեան Քայան:...

Թուրքիոյ Ընտանիքի Հարցերով Նախարարը  Դարձեալ Շենկենի Գօտի Մտնելու Պարագային  Պիտի Դատապարտուի Բանտարկութեան

Թուրքիոյ Ընտանիքի Հարցերով Նախարարը Դարձեալ Շենկենի Գօտի Մտնելու Պարագային Պիտի Դատապարտուի Բանտարկութեան

Թուրքիոյ ընտանիքի ծրագրաւորման եւ ընկերային հարցերու նախարար Ֆաթմա Պեթուլ Սայամ Քայա Հոլանտայի մէջ «անցանկալի օտարերկրացի» յայտարարուելէն եւ երկրէն վտարուելէն ետք պիտի չկարենայ այցելել Շենկեն գօտիի որեւէ երկիր, այլապէս ան պիտի դատապարտուի վեց ամսուան բանտարկութեան: «Պի.Պի.Սի.»-ի թրքական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Հոլանտայէն արտաքսուած անձերուն վերաբերող այս արգելքը կը կիրարկուի ամէնէն շատը մինչեւ 10 տարի եւ կրնայ ջնջուիլ միայն Հոլանտայի անվտանգութեան եւ...

Դամասկոսի Մէջ Արդարութեան Պալատին  Առջեւ Եղած Անձնասպանական Գործողութիւնը  Պատճառեց Բազմաթիւ Զոհեր

Դամասկոսի Մէջ Արդարութեան Պալատին Առջեւ Եղած Անձնասպանական Գործողութիւնը Պատճառեց Բազմաթիւ Զոհեր

Երէկ Դամասկոսի Համիտիյէ թաղամասին մէջ գտնուող արդարութեան պալատին մուտքին տեղի ունեցաւ անձնասպանական գործողութիւն մը, որ պատճառեց բազմաթիւ զոհեր ու վիրաւորներ: Նախնական տուեալներով, Դամասկոսի ոստիկանապետը յայտնեց, որ ականուած գօտիի պայթումին պատճառով արձանագրուած է 25 զոհ եւ տասնեակներով վիրաւորներ: Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ զոհերուն թիւը բարձրացած է 31-ի, իսկ վիրաւորներուն թիւը 65 է: Շատ չանցած հաղորդուեցաւ, որ Դամասկոսի Ռապուէ շրջանին մէջ եւս...

Եւրոպական Միութեան Ղեկավարները  Խստօրէն Քննադատած Են Թուրքիան

Եւրոպական Միութեան Ղեկավարները Խստօրէն Քննադատած Են Թուրքիան

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսք յայտարարած է, որ Թուրքիոյ կողմէ Հոլանտային ուղղուած ֆաշական մեղադրանքները «կապ չունին իրականութեան հետ»: «Ռոթերտամը, որ ամբողջովին աւերուած է նացիներուն կողմէ, այժմ ունի քաղաքապետ մը, որ ծնած է Մարոք: Եթէ մէկը Ռոթերտամի մէջ ֆաշականութիւն կը տեսնէ, ուրեմն ան բոլորովին անջատուած է իրականութենէն», Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստի ընթացքին ըսած է Թուսք:...

Ուաշինկթըն Հոլանտայի Եւ Թուրքիոյ  Կոչ Ուղղած Է` Խնդիրները Լուծելու  Փոխադարձ Յարգանքով

Ուաշինկթըն Հոլանտայի Եւ Թուրքիոյ Կոչ Ուղղած Է` Խնդիրները Լուծելու Փոխադարձ Յարգանքով

Թրքական «Տիքեն» կայքը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներ կոչ ուղղած են Հոլանտայի եւ Թուրքիոյ` իրենց միջեւ գոյութիւն ունեցող լարուածութիւնը յաղթահարելու փոխադարձ յարգանքով: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր յիշեցուցած է, որ թէ՛ Հոլանտան, թէ՛ Թուրքիան ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներ են եւ պէտք է իրենց յարաբերութիւններուն մէջ առկայ խնդիրը լուծեն` հաշուի առնելով այդ փաստը: Թոնըր նաեւ Թուրքիոյ եւ Հոլանտայի իշխանութիւններուն...

Ապատի-Եըլտըրըմ Հեռաձայնային  Հաղորդակցութիւն.  «Թրքական Բոլոր Ուժերը  Պէտք Է Հեռանան Իրաքէն»  Կ՛ըսէ Ապատի

Ապատի-Եըլտըրըմ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն. «Թրքական Բոլոր Ուժերը Պէտք Է Հեռանան Իրաքէն» Կ՛ըսէ Ապատի

Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յայտնեց, որ Անգարա պէտք է իրաքեան հողերէն հեռացնէ իր ուժերը: Իրաքի վարչապետին գրասենեակը կը հաղորդէ, որ հեռաձայնային հաղորդակցութեան նպատակն էր երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններուն ամրապնդումը, ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարը, իրագործուած յաղթանակներն ու տարածաշրջանի իրավիճակին վերաբերող հարցեր քննարկելը: Ըստ հաղորդագրութեան, Եըլտըրըմ շնորհաւորած է Ապատին` իրաքեան ուժերու ՏԱՀԵՇ-ի դէմ արձանագրած...

Չաւուշօղլու. «Եթէ Եւրոպական Միութիւնը  Թուրքիոյ Հետ Մուտքի Արտօնագիրի Դրութիւնը  Չջնջէ` Թրքական Կողմը Վերատեսութեան  Պիտի Ենթարկէ Գաղթականներուն  Վերաբերող Համաձայնագիրը»

Չաւուշօղլու. «Եթէ Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիոյ Հետ Մուտքի Արտօնագիրի Դրութիւնը Չջնջէ` Թրքական Կողմը Վերատեսութեան Պիտի Ենթարկէ Գաղթականներուն Վերաբերող Համաձայնագիրը»

Թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած է, որ եթէ Եւրոպական Միութիւնը մօտ օրէն չջնջէ Թուրքիոյ հետ մուտքի արտօնագիրի դրութիւնը` թրքական կողմը վերատեսութեան պիտի ենթարկէ նախապէս Եւրոպական Միութեան հետ կնքած գաղթականներուն վերաբերող համաձայնագիրը: «Մեր համբերութիւնն ալ անսպառ չէ: Մեր քաղաքացիներն ալ իրենց ակնկալութիւնները ունին այս հարցին մէջ», ըսած է Չաւուշօղլու, որ նաեւ յայտարարած է....

Ռուսիան Կրնայ Դիւրացուած Կարգով  Քաղաքացիութիւն Տալ Յետխորհրդային Երկիրներու`  Ռուսերէն Գիտցող Բնակիչներուն

Ռուսիան Կրնայ Դիւրացուած Կարգով Քաղաքացիութիւն Տալ Յետխորհրդային Երկիրներու` Ռուսերէն Գիտցող Բնակիչներուն

Ռուսիոյ մէջ կրնայ քաղաքացիութիւն ստանալու սահմանուիլ նոր սկզբունք, որ հիմնուած պիտի ըլլայ «արմատներու իրաւունք»-ի վրայ: Այդ մասին «ՌԻԱ Նովոսթի» կը յայտնէ Տումայի ազգութիւններու հարցերով յանձնախումբի նախագահի տեղակալ Ռուսլան Պալպեք: Ըստ անոր, ատիկա կը նախատեսէ Քոնսթանթին Զաթուլինի եւ Նաթալիա Փոքլոնսքայայի կողմէ ներկայացուած օրէնքի նախագիծը, որ արդէն դրականօրէն ընդունուած է ազգութիւններու հարցերով յանձնախումբին մէջ: Ըստ Պալպեքի, ռուսական քաղաքացիութեան ձեռք բերման դիւրացման ընթացակարգի...

Փութին Էրտողանի Հետ Քննարկած Է  «Էս-400» Համակարգեր Մատակարարելու Հարցը

Փութին Էրտողանի Հետ Քննարկած Է «Էս-400» Համակարգեր Մատակարարելու Հարցը

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 10 մարտին Մոսկուայի մէջ կայացած հանդիպումին իր թուրք պաշտօնակից Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ քննարկած է Անգարային «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու մատակարարման հաւանականութիւնը: «Իզվեսթիա» կը հաղորդէ, որ այդ տեղեկութիւնը հաստատած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուն: Օրաթերթը կը մանրամասնէ, որ Էրտողան հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է այդ համակարգերու գնման հարցին նկատմամբ եւ ներկայիս կը սերտէ նման պայմանագիրի մը արժէքը:...

Ուաշինկթըն Կը Դատապարտէ Դամասկոսը  Հարուածած Երկակի Ահաբեկչական Յարձակումը

Ուաշինկթըն Կը Դատապարտէ Դամասկոսը Հարուածած Երկակի Ահաբեկչական Յարձակումը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր ցաւակցութիւն յայտնեց անցեալ շաբաթ օր Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական երկու յարձակումներուն զոհերուն համար: «Բնականաբար ցաւակցութիւն կը յայտնենք զոհերուն համար ահաբեկչական արարքներուն, ուր որ ալ տեղի ունենան անոնք, եւ մենք կը դատապարտենք այդ պայթումը եւ ցաւակցութիւն կը յայտնենք, սակայն այդ առնչութեամբ դատապարտագիր մը լրատուամիջոցներուն չփոխանցեցինք», ըսաւ Թոնըր:

Թուրքիա Կը Խզէ Հոլանտայի Հետ  Դիւանագիտական Կապերը.  Էրտողան. «Հոլանտան Պետական  Ահաբեկչութիւն Կիրարկեց»

Թուրքիա Կը Խզէ Հոլանտայի Հետ Դիւանագիտական Կապերը. Էրտողան. «Հոլանտան Պետական Ահաբեկչութիւն Կիրարկեց»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ յայտնեց. «Մենք գիտենք Հոլանտան եւ գիտենք հոլանտացիները, որոնք մեղսակից դարձան Սրեպրենիչայի մէջ պոսնիացի իսլամներու ջարդին, ինչպէս նաեւ գիտենք անոնց դերակատարութիւնը այդտեղ 8 հազար պոսնիացիի սպանութեան մէջ»` աւելցնելով. «Հոլանտան ու Գերմանիան Թուրքիոյ զարգացումէն, զարթօնքէն եւ մեծ ծրագիրներէն կը վախնան, սակայն շատ բան պիտի իրագործենք եւ շատ բան կառուցենք»: «Արեւմուտքը իսլամութեան թշնամանքի հարցէն կը տառապի», ըսաւ...

Թուրքիա Դիմում  Ներկայացուցած Է Գերմանիոյ

Թուրքիա «Անհեռատես» Անուանած Է Թուրք-Հոլանտական Յարաբերութիւններու Մասին Եւրոպական Միութեան Յայտարարութիւնը

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Հոլանտայի եւ Թուրքիոյ միջեւ յառաջացած լարուածութեան վերաբերեալ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի եւ Դրացնութեան եւ ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Եոհաննէս Հանի «անհեռատես յայտարարութիւնները» Թուրքիոյ համար որեւէ արժէք չեն ներկայացներ: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը նշած է, թէ Եւրոպական Միութեան յանձնակատարներու յայտարարութեան մէջ սխալ մեկնաբանութիւններ կատարուած են: Թրքական կողմը «անխոհեմ» անուանած է Հոլանտան պատժելու...

«Թուրքիա Իր Խոստումը Չէ Կատարած.  Գերմանացի Հիւպատոսները Բանտարկուած  Լրագրողին Այցելելու Կարելիութիւն Չեն Ունեցած»  Կ՛ըսէ Զայպերթ

«Թուրքիա Իր Խոստումը Չէ Կատարած. Գերմանացի Հիւպատոսները Բանտարկուած Լրագրողին Այցելելու Կարելիութիւն Չեն Ունեցած» Կ՛ըսէ Զայպերթ

Գերմանիոյ կառավարութեան բանբեր Շթեֆեն Զայպերթ յայտնած է, որ Թուրքիա կը շարունակէ չկատարել իր խոստումն ու չարտօնել գերմանացի հիւպատոսներուն այցելել բանտին մէջ գտնուող լրագրող Տենիզ Եուճելին: Այդ մասին կը հաղորդէ գերմանական «Տէօչէ Վելլէ» պատկերասփիւռի կայանի թրքական ծառայութիւնը: Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ խոստացած էր, որ գերմանացի հիւպատոսները կարելիութիւն պիտի ունենան այցելելու բանտը գտնուող ծագումով թուրք գերմանացի լրագրող Տենիզ Եուճելին, որ...

Աւստրիա Եւս Կ՛արգիլէ Թուրք Գործիչներու  Քարոզարշաւը Իր Տարածքին Մէջ

Աւստրիա Եւս Կ՛արգիլէ Թուրք Գործիչներու Քարոզարշաւը Իր Տարածքին Մէջ

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Աւստրիա եւս մտադիր է արգիլել թուրք քաղաքական գործիչներուն սահմանադրական հանրաքուէի քարոզարշաւի ծիրին մէջ ելոյթներ ունենալ իր տարածքին մէջ: Աւստրիոյ վարչապետ Քրիսթիան Քեռն յայտարարած է, որ եթէ թուրք նախարարները ուզեն քարոզարշաւ իրականացնել Աւստրիոյ տարածքին մէջ, ապա իրենք ջանքեր պիտի գործադրեն զայն կանխարգիլելու ուղղութեամբ: «Հասարակութեան անվտանգութեան համար պիտի աշխատիմ կանխարգիլել այդպիսի նախաձեռնութիւն», յայտարարած է վարչապետը: Նախապէս...

«Վենետիկի Յանձնախումբի  Զեկուցումը Թուրքիոյ Համար  Արժէք Չունի»  Կ՛ըսէ Պոզտաղ

«Վենետիկի Յանձնախումբի Զեկուցումը Թուրքիոյ Համար Արժէք Չունի» Կ՛ըսէ Պոզտաղ

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղ Վենետիկի յանձնախումբը մեղադրած է թրքական սահմանադրական փոփոխութիւններուն մասին զեկուցումին մէջ կողմնակալութիւն կատարելու ամբաստանութեամբ: Պոզտաղի համաձայն, պատրաստուած «անարդար եւ ոչ առարկայական» զեկուցումին մէջ ներառուած են սխալ տուեալներ: «Վենետիկի յանձնախումբը իր որդեգրած զեկուցումով Թուրքիոյ մէջ տեղի ունենալիք հանրաքուէին մէջ բռնած է «ոչ»-ի կողմը: Ամբողջութեամբ քաղաքական եւ ենթակայական այս զեկուցումը Թուրքիոյ տեսանկիւնէն...

Բրիտանական Խորհրդարանը Վերջնականապէս  Որդեգրեց «Պրեքզիթ»-ի Մասին Օրէնքը

Բրիտանական Խորհրդարանը Վերջնականապէս Որդեգրեց «Պրեքզիթ»-ի Մասին Օրէնքը

«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ բրիտանական խորհրդարանի երկու պալատներն ալ երէկ վերջնական տեսքով որդեգրած են «Պրեքզիթ»-ի` Եւրոպական Միութենէն Բրիտանիոյ դուրս գալուն վերաբերեալ օրէնքը: Այժմ կը մնայ, որ օրէնքը ստորագրէ թագուհին: Օրէնքի որդեգրումէն ետք վարչապետ Թերեզա Մէյ լիազօրութիւն պիտի ստանայ Եւրոպական Միութեան հետ «Պրեքզիթ»-ի մասին բանակցութիւններու սկսելու: Միւս կողմէ` «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Սկովտիոյ առաջին նախարար Նիքոլա Սթըրճըն յայտարարած է, որ...

Այսօր Ասթանայի Մէջ  Միջսուրիական Ժողովի Նոր Փուլ

Այսօր Ասթանայի Մէջ Միջսուրիական Ժողովի Նոր Փուլ

Ղազախստանի արտաքին գործոց նախարար Խէյրաթ Ապտելռահիմով երէկ յայտարարեց, որ Ռուսիա հաստատած է Ասթանայի մէջ միջսուրիական ժողովին իր մասնակցութիւնը: Իրենց մասնակցութիւնը հաստատած են նաեւ Իրանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչները: Ապտելռահիմով յայտարարեց, որ 14-15 մարտին նախատեսուած ժողովին մասնակից պատուիրակութիւնները երէկ սկսած են հասնիլ Ղազախստանի մայրաքաղաք: Ժողովին իբրեւ դէտ հրաւիրուած են նաեւ Յորդանանը, Միացեալ Նահանգներն ու ՄԱԿ-ը: Ղազախստանի արտաքին գործոց նախարարը...

«Հոլանտա Պանանային  Հանրապետութեան Պէս Կը Վարուի»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Հոլանտա Պանանային Հանրապետութեան Պէս Կը Վարուի» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, դարձեալ անդրադառնալով Հոլանտայի հետ յարաբերութիւններուն մէջ յառաջացած դիւանագիտական ճգնաժամին, նշած է, որ այդ երկիրը «պանանային հանրապետութեան» պէս կը վարուի եւ պէտք է պատժամիջոցներու ենթարկուի թուրք նախարարները Ռոթերտամի մէջ խօսք արտասանելու իրաւունքէն զրկելուն համար: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Էրտողան յայտնած է. «Կը դիմեմ Եւրոպայի եւ այլ երկիրներու մէջ գործող միջազգային կազմակերպութիւններուն` կոչ ուղղելով պատժամիջոցներ...

Գերմանիոյ Եւ Հոլանտայի Հետ Թուրքիոյ  Յարաբերութիւններու  Լարուածութեան Պատճառով.  Թուրքիոյ Վարչապետին Դանիա  Այցելութիւնը Չեղեալ Նկատուած Է

Գերմանիոյ Եւ Հոլանտայի Հետ Թուրքիոյ Յարաբերութիւններու Լարուածութեան Պատճառով. Թուրքիոյ Վարչապետին Դանիա Այցելութիւնը Չեղեալ Նկատուած Է

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Դանիոյ վարչապետ Լարս Լիոքէ Ռասմուսեն յետաձգած է Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի այցելութիւնը երկիր: Դանիոյ վարչապետը յայտարարած է, որ Եըլտըրըմին առաջարկած է յետաձգել այցելութիւնը Դանիա` հաշուի առնելով Գերմանիոյ եւ Հոլանտայի հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն մէջ գոյութիւն ունեցող լարուածութիւնը: «Բնական պայմաններու մէջ հաճելի պիտի ըլլար ընդունիլ Թուրքիոյ վարչապետ Եըլտըրըմը: Սակայն, հաշուի առնելով Հոլանտայի դէմ թրքական կողմին յարձակումները,...

Page 717 of 883 1 … 716 717 718 … 883

Արխիւներ