Միջազգային

«Փութին Եւ Թրամփ Կրնան  Հանդիպում Ունենալ  «Մեծ Քսանեակ»-ի Վեհաժողովին»  Կ՛ըսէ Փեսքով

«Փութին Եւ Թրամփ Կրնան Հանդիպում Ունենալ «Մեծ Քսանեակ»-ի Վեհաժողովին» Կ՛ըսէ Փեսքով

ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով «Սի.Էն.Էն.» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հանդիպումը կրնայ տեղի ունենալ ամրան, Գերմանիոյ մէջ նախատեսուած «մեծ քսանեակ»-ի վեհաժողովի ծիրին մէջ: «Եթէ մենք նախապէս վեհաժողովին մասին համաձայնութիւն չգոյացնենք, ապա կրնանք ակնկալել, որ անոնք հանդիպին Համպուրկի մէջ,...

Վիեննայի Մէջ Ծայրայեղականները Թուրքիոյ  Դեսպանատան Վրայ Պաստառ Կախած Են

Վիեննայի Մէջ Ծայրայեղականները Թուրքիոյ Դեսպանատան Վրայ Պաստառ Կախած Են

Թրքական «Տիքեն» գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ ծայրայեղ աջակողմեան խումբ մը գործիչներ մեծ պաստառ մը կախած են Թուրքիոյ դեսպանատան շէնքին վրայ: Ձիաւորի պատկեր մը ներկայացնող պաստառին վրայ գրուած է. «Էրտողա՛ն, թուրքերը վերցուր եւ գնա՛»: Դեսպանատան աշխատակիցներու միջամտութեամբ գրութիւնը կախած անձերը հեռացուած են, իսկ պաստառը վերցուած: Սակայն նախքան պաստառը վերցնելը անոնք լուսանկարած են զայն եւ սկսած տարածել ընկերային...

Պուլկարիա Թուրքիայէն Պահանջած Է  Չմիջամտել Երկրի Խորհրդարանական  Ընտրութիւններուն

Պուլկարիա Թուրքիայէն Պահանջած Է Չմիջամտել Երկրի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն

Գերմանական «Տէօչէ Վելլէ» պատկերասփիւռի կայանի թրքական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Պուլկարիա կը պահանջէ, որ Թուրքիա չմիջամտէ երկրին մէջ կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Պուլկարիոյ վարչապետ Պոյքօ Պորիսով նշած է, որ իր երկիրին համար Թուրքիոյ այս միջամտութիւնը խիստ մտահոգիչ է եւ անընդունելի: Նախապէս Պուլկարիոյ նախագահ Ռումէն Ռատեւ հաստատած էր Պուլկարիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն Թուրքիոյ միջամտութեան լուրը: Յիշեցնենք, որ Անգարա Թուրքիա բնակող 60 հազար պուլկարներուն...

Թուրքիա Մտահոգուած Է  Միացեալ Նահանգներու Մէջ  Ահաբեկչութեան Հովանաւորներու  Դէմ Օրէնքի Որդեգրումով

Անգարայի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանատան Գործավարը Կանչուած Է Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Անգարայի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան գործավար Սերկէյ Փանով կանչուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հուսէյն Միւֆթիւօղլու հանդիպումին ընթացքին իր մտահոգութիւնը յայտնած է մէկ օր առաջ թուրք-սուրիական սահմանին վրայ արձանագրուած միջադէպին առնչութեամբ: Յիշեցնենք, որ չորեքշաբթի օր Ալեքսանտրեթ նահանգին մէջ Սուրիոյ քրտական ուժերու վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջանէն եղած հրացանաձգութեան իբրեւ հետեւանք սպաննուած...

Արձակազէնի Մը Կողմէ Թուրք  Զինուորի Մը Սպանութեան Հակադարձելով.  Թրքական Բանակը Ռմբակոծած Է Թուրքիոյ Հետ  Սուրիոյ Սահմանին Վրայ Քրտական Ուժերու Դիրքերը

Արձակազէնի Մը Կողմէ Թուրք Զինուորի Մը Սպանութեան Հակադարձելով. Թրքական Բանակը Ռմբակոծած Է Թուրքիոյ Հետ Սուրիոյ Սահմանին Վրայ Քրտական Ուժերու Դիրքերը

Թրքական բանակը յայտարարեց, որ Ալեքսանտրեթի մէջ Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ սուրիական կողմէն կատարուած արձակազինութեան մը պատճառով սպաննուած է թուրք զինուոր մը` նշելով, որ հրացանաձգութեան հակադարձած է: Թրքական զինուորական աղբիւր մը ռուսական «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան յայտնած է. «Թրքական հրետանին այս առաւօտեան, սուրիական կողմէն թուրք զինուորի մը սպանութեան պատճառ դարձած հրացանաձգութեան լոյսին տակ, ռմբակոծած է Սուրիոյ հետ հարաւային սահմանին վրայ գտնուող քրտական...

Խօսելով Թուրքիոյ Մէջ  Բանտարկուած Լրագրողներուն Մասին.  «Բոլորը Գող, Ահաբեկիչ Ու Մանկապիղծ Են»  Կ՛ըսէ Էրտողան

Խօսելով Թուրքիոյ Մէջ Բանտարկուած Լրագրողներուն Մասին. «Բոլորը Գող, Ահաբեկիչ Ու Մանկապիղծ Են» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հրատարակչատուներու պատասխանատուներուն առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Պոլսոյ Գերմանիոյ հիւպատոսարանը կը պաշտպանէր ահաբեկիչ մը` պնդելով, որ լրագրող է: Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել մեզմէ պահանջեց զայն ազատ արձակել, սակայն անոր ըսի, թէ ահաբեկիչներուն վերաբերող հարցերը կը քննէ թրքական դատարանը, եւ մեր մօտ գործադիր իշխանութիւնը ատոր չի միջամտեր»: «Գերմանիան Հոլանտային կ՛աջակցի եւ իր դռները կը փակէ...

«Եւրոպա Ապրող Թուրքերու Ապագան Թուրքիոյ Մէջ Է»  Կ՛ըսէ Լը Փենի Զարմուհին

«Եւրոպա Ապրող Թուրքերու Ապագան Թուրքիոյ Մէջ Է» Կ՛ըսէ Լը Փենի Զարմուհին

Ֆրանսայի նախագահութեան թեկնածու, Ազգային ճակատ կուսակցութեան ղեկավար Մարին Լը Փենի զարմուհին` երեսփոխան Մարիոն Մարշալ Լը Փեն, պատասխանած է Թուրքիոյ նախագահին Եւրոպա բնակող թուրքերուն ուղղած հինգ զաւակ ունենալու կոչին: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւրոպաբնակ թուրքերուն կոչ ուղղած էր` աւելի շատ երեխայ ունենալու: «Ունեցէք ո՛չ թէ երեք, այլ հինգ երեխայ: Տեղը, ուր դուք կ՛ապրիք, այժմ ձեր հայրենիքն է: Բացէք գործատեղիներ, երեխաներուն...

Յարձակում` Բրիտանիոյ  Խորհրդարանին Դէմ

Յարձակում` Բրիտանիոյ Խորհրդարանին Դէմ

Երէկ Բրիտանական խորհրդարանին դէմ տեղի ունեցաւ զինեալ յարձակում մը, որուն պատճառով արձանագրուեցան չորս զոհեր, ինչպէս նաեւ ոստիկան մը եւ քսան ուրիշներ վիրաւորուեցան: Ոստիկանութիւնը սպաննեց յարձակում գործողը, որ, ըստ Բրիտանիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի պատասխանատուին, առանձին կը գործէր: Յարձակումին հեղինակը Ուեսթմինիսթըր կամուրջին վրայ վրայերթի ենթարկեց անցորդներ ու ոստիկաններ: Բրիտանական ոստիկանութիւնը յայտնեց, որ դէպքը պիտի նկատեն ահաբեկչական արարք մը, մինչեւ հակառակը փաստուի:...

«Կիւլենն Ու Սուրիոյ Քրտական Ուժերը  Կ՛ազդեն Թուրք-Ամերիկեան  Յարաբերութիւններուն Վրայ»  Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

«Կիւլենն Ու Սուրիոյ Քրտական Ուժերը Կ՛ազդեն Թուրք-Ամերիկեան Յարաբերութիւններուն Վրայ» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում ունեցած է Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութեան ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպումին ընթացքին Չաւուշօղլուն Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարար Ճեֆ Սեշընսին փոխանցած է 15 յուլիս 2016-ին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած զինուորական յեղաշրջման փորձի կազմակերպման համար Թուրքիոյ իշխանութիւններու կողմէն մեղադրուող թուրք կրօնական քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենի վերաբերեալ նոր տեղեկութիւններ պարունակող շարք մը փաստաթուղթեր: «Անատոլու» կը գրէ, որ...

Թուրքիոյ Փոխվարչապետը Նորվեկիայէն  Պահանջած Է «Անմիջապէս» Արտայանձնել  Ապաստան Գտած Թուրք Զինուորները

Թուրքիոյ Փոխվարչապետը Նորվեկիայէն Պահանջած Է «Անմիջապէս» Արտայանձնել Ապաստան Գտած Թուրք Զինուորները

Թրքական «Հապերլեր»-ը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ փոխվարչապետ Նուման Քուրթուլմուշ Նորվեկիայէն պահանջած է անմիջապէս թրքական իշխանութիւններուն յանձնել սկանտինաւեան նշեալ երկիրին մէջ ապաստան ստացած թուրք զինուորները: Քուրթուլմուշ անընդունելի նկատած է հինգ զինուորներուն ապաստան տրամադրելու վերաբերող Նորվեկիոյ իշխանութիւններուն որոշումը` ըսելով, որ ատիկա կը նշանակէ, թէ այդ երկիրը բացայայտ կերպով կը պաշտպանէ կիւլենականները: «Կը փափաքինք յայտնել, որ նման բան պիտի չընդունինք: Եւրոպայի տարբեր երկիրներու...

«Արտասովոր» Ալիքներու Պատճառով  Փերուի Մէջ Փակուեցան 23 Նաւահանգիստներ

«Արտասովոր» Ալիքներու Պատճառով Փերուի Մէջ Փակուեցան 23 Նաւահանգիստներ

Փերուի իշխանութիւնները ժամանակաւորապէս փակեցին երկրին մէջ գործող 23 նաւահանգիստներ` արտասովոր ալիքներու պատճառով, որոնք, կը կարծուին, թէ «Էլ Նինիօ» կլիմայական երեւոյթին հետեւանք են: Հարաւային ամերիկեան երկիրին մէջ կ՛արձանագրուին տասնամեակներէ ի վեր յոռեգոյն ողողումները: Փերուական Ջուրի եւ նաւարկման մարմինը յայտարարեց, որ նաւահանգիստները առնուազն փակ պիտի մնան ամբողջ չորեքշաբթի օրը, սակայն Փերուի մեծագոյնը եղող եւ մայրաքաղաք Լիմայի մօտ գտնուող Քալաու նաւահանգիստը պիտի շարունակէ...

Սուրիական Բանակը Վար Առած Է  Իսրայէլեան Անօդաչու Թռչող Սարք Մը

Սուրիական Բանակը Վար Առած Է Իսրայէլեան Անօդաչու Թռչող Սարք Մը

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Դամասկոս յայտարարած է, որ Սուրիոյ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը վար առած են Քընէյթրա քաղաքին վերեւ թռիչք կատարող իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը: Դամասկոս կը հաղորդէ, որ սարքը վար առնուած է Սուրիոյ օդային տարածքը խախտելէ ետք: Իսրայէլեան բանակը հաստատեց Սուրիոյ մէջ մարտավարական հետախուզական անօդաչու թռչող սարքի կորուստը: «Մարտավարական անօդաչու թռչող սարքը կորսուած է, պատահարին հանգամանքները...

Գերմանիա Թուրքիոյ Կոչ  Կ՛ուղղէ Երկկողմանի  Յարաբերութիւններուն Յաւելեալ  Վնաս Պատճառելէ Զգուշանալու

Գերմանիա Թուրքիոյ Կոչ Կ՛ուղղէ Երկկողմանի Յարաբերութիւններուն Յաւելեալ Վնաս Պատճառելէ Զգուշանալու

Գերմանիա Թուրքիոյ կոչ ուղղեց իր յայտարարութիւնները մեղմացնելու եւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն յաւելեալ վնաս պատճառելէ զգուշանալու: Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելը ամբաստանած էր Գերմանիոյ մէջ թուրքերու եւ հանրաքուէի քարոզարշաւ կատարող թուրք պաշտօնատարներու դէմ «նացիական գործելաոճ կիրարկելու» յանցանքով: Մերքել Հանովըրի մէջ առեւտրական փառատօնի մը ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ` անդրադառնալով թուրք-գերմանական լարուած յարաբերութիւններուն, ըսաւ. «Տակաւին ի զօրու...

Էրտողան. «Եւրոպացիներուն Կ՛ըսենք`  Ձեր Հարցերով Զբաղեցէ՛ք Եւ Թոյլ Տուէ՛ք,  Որ Մեր Հարցերը Մենք Լուծենք»

Էրտողան. «Եւրոպացիներուն Կ՛ըսենք` Ձեր Հարցերով Զբաղեցէ՛ք Եւ Թոյլ Տուէ՛ք, Որ Մեր Հարցերը Մենք Լուծենք»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան «Անտառը մարդուն, անտառը տնտեսութեան» ծրագիրի ծիրին մէջ տեղի ունեցած հաւաքի մը ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Գոյութիւն ունին եւրոպական երկիրներ, որոնք դէմ են Թուրքիոյ մէջ սահմանադրական փոփոխութիւններուն եւ կը փորձեն հանրաքուէն արգելակել»: Էրտողան իր խօսքը ուղղելով եւրոպացիներուն ըսաւ. «Ձեր հարցերով զբաղեցէ՛ք եւ թոյլ տուէ՛ք, որ մեր հարցերը մենք լուծենք»` աւելցնելով, որ 16 ապրիլին` հանրաքուէի...

ՏԱՀԵՇ-ը Իրաքէն Արմատախիլ Ընելու  Շուրջ Թրամփ-Ապատի Համաձայնութիւն

ՏԱՀԵՇ-ը Իրաքէն Արմատախիլ Ընելու Շուրջ Թրամփ-Ապատի Համաձայնութիւն

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սպիտակ տունը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատիի միջեւ հանդիպումին արդիւնքներուն վերաբերեալ հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, որ երկու երկիրները պիտի շարունակեն միասնաբար դէմ դնել ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորումին: «Ղեկավարները համաձայնեցան, որ Միացեալ Նահանգներն ու Իրաքը պիտի շարունակեն երկարաժամկէտ գործընկերութիւնը` նպատակ ունենալով ամենայն վճռականութեամբ արմատախիլ ընել ահաբեկչութիւնը երկրին...

«Հակառակ Եւրոպայի Երկերեսութեան` Թուրքիա  Չէ Հրաժարած Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան  Իր Ծրագիրէն Ու Յամառ Դիրքորոշումէն»  Կ՛ըսէ Պոզտաղ

«Հակառակ Եւրոպայի Երկերեսութեան` Թուրքիա Չէ Հրաժարած Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Իր Ծրագիրէն Ու Յամառ Դիրքորոշումէն» Կ՛ըսէ Պոզտաղ

«Սփութնիք»-ի թրքական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղ յայտարարած է, որ Հոլանտայի կատարածը Թուրքիոյ նկատմամբ աւազակութիւն է: «Ճամբան կտրելը աւազակութիւն է, նախարարի ճամբան կտրել` առաւել եւս», ըսած է նախարարը` խօսելով Հոլանտայի մէջ Թուրքիոյ ընտանիքի հարցերու նախարար Ֆաթմա Պեթիւլ Սայիան Քայայի հետ պատահած միջադէպին մասին: Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարը նաեւ յայտարարած է, որ Գերմանիոյ եւ Հոլանտայի ղեկավարները որեւէ ժամանակ...

Եւրոպական Միութեան Մէջ Առաջարկած Են  Փոխել Խնդրայարոյց Երկիրներուն Ցուցաբերուող  Տնտեսական Օգնութեան Ձեւաչափը

Եւրոպական Միութեան Մէջ Առաջարկած Են Փոխել Խնդրայարոյց Երկիրներուն Ցուցաբերուող Տնտեսական Օգնութեան Ձեւաչափը

Եւրոյի գօտիի երկիրներու ելեւմտական նախարարներու խորհուրդի ղեկավար Երուն Տէյսելպլում առաջարկած է վերջ դնել Միջազգային դրամական ֆոնտին, Եւրոպայի կեդրոնական դրամատան եւ Եւրոպական յանձնաժողովի կազմով «եռեակ»-ի ներկայ ձեւաչափին եւ երկարաժամկէտ հեռանկարին մէջ նորովի կազմակերպել ճգնաժամային երկիրներուն ցուցաբերող օգնութեան կարգը, կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»: «Շատ նպատակայարմար պիտի ըլլար, եթէ Եւրոպայի կայունացման մեքանիզմը միջին ժամկէտով կամ երկարաժամկէտ հեռանկարին մէջ դառնար եւրոպական Միջազգային դրամական ֆոնտ:...

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Սպառնացած Է Միացեալ Նահանգներուն

Հաւատարմագիրը Յանձնելէ Մէկ Օր Ետք. Իսրայէլի Դեսպանը Կանչուած Է Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

Քաղաքական աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնած են, որ Մոսկուայի մէջ Իսրայէլի դեսպանը Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուած է իր հաւատարմագիրները Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին յանձնելէն մէկ օր ետք: «Ասիկա առաջին անգամն է, որ Ռուսիան վերջին տարիներուն, յատկապէս Սուրիոյ մէջ ռուսական գործունէութեան սկսելէն ի վեր Իսրայէլի դեսպանը կը կանչէ զայրացած մթնոլորտի մէջ քննարկումներու համար: Հակառակ ամբողջ անցեալ ժամանակաշրջանին օտար լրատուամիջոցներու մէջ...

«Պրեքզիթ»-ի Գործընթացը  Պիտի Սկսի 29 Մարտին

«Պրեքզիթ»-ի Գործընթացը Պիտի Սկսի 29 Մարտին

Բրիտանական կառավարութիւնը յայտարարեց, որ 29 մարտին Լիզպոնի դաշինքի 50-րդ յօդուածը պիտի մտցնէ ուժի մէջ` այդպիսով պաշտօնապէս ընթացք պիտի առնէ Եւրոպական Միութենէն անջատման գործընթացը: Բրիտանական կառավարութիւնը երէկ յայտարարեց. «Պրիւքսէլի մէջ Միացեալ Թագաւորութեան ներկայացուցիչը այս առտու Եւրոպական Միութիւնը տեղեակ պահեց, թէ Բրիտանիան 50-րդ յօդուածը ուժի մէջ պիտի մտցնէ 29 մարտին»:

Փեսքով` Սուրիոյ Մէջ Ազգային  Ինքնավարութիւններու Ստեղծման Մասին

Փեսքով` Սուրիոյ Մէջ Ազգային Ինքնավարութիւններու Ստեղծման Մասին

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնած է, թէ Սուրիոյ մէջ տագնապի լուծման շրջագիծի մասին կարելի պիտի ըլլայ խօսիլ այն ժամանակ, երբ բանակցութիւններուն մասնակիցները յաջողութեան հասնին: Փեսքով` պատասխանելով սուրիական տագնապի լուծման վերաբերեալ ռուս երեսփոխաններու յայտարարութիւնները մեկնաբանելու խնդրանքին, լրագրողներուն ըսած է. «Բազմաթիւ կէտեր, քաղաքական լուծման հաւանական շրջագիծեր արդէն ձեւաւորուած են, եւ անոնք բանակցութիւններու օրակարգի վրայ են: Առայժմ...

Page 715 of 883 1 … 714 715 716 … 883

Արխիւներ