Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Փոխվարչապետը Նորվեկիայէն Պահանջած Է «Անմիջապէս» Արտայանձնել Ապաստան Գտած Թուրք Զինուորները

March 23, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թրքական «Հապերլեր»-ը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ փոխվարչապետ Նուման Քուրթուլմուշ Նորվեկիայէն պահանջած է անմիջապէս թրքական իշխանութիւններուն յանձնել սկանտինաւեան նշեալ երկիրին մէջ ապաստան ստացած թուրք զինուորները:

Քուրթուլմուշ անընդունելի նկատած է հինգ զինուորներուն ապաստան տրամադրելու վերաբերող Նորվեկիոյ իշխանութիւններուն որոշումը` ըսելով, որ ատիկա կը նշանակէ, թէ այդ երկիրը բացայայտ կերպով կը պաշտպանէ կիւլենականները:

«Կը փափաքինք յայտնել, որ նման բան պիտի չընդունինք: Եւրոպայի տարբեր երկիրներու մէջ ապաստանած եւ ապագային այդ երկիրներ գացող կիւլենական աւազակները անմիջապէս Թուրքիա ուղարկելը Թուրքիոյ եւ այդ երկիրներուն միջեւ եղած բարեկամական յարաբերութիւններու հրամայականն է», ըսած է Թուրքիոյ փոխվարչապետը:

Նորվեկիան ապաստան տուած է Թուրքիոյ մէջ զինուորական յեղաշրջումի փորձէն ետք իրեն դիմած չորս թուրք սպայի եւ մէկ զինուորական կցորդի: Նորվեկիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի ռազմակայանին մէջ ծառայող թուրք զինուորները մերժած էին վերադառնալ Թուրքիա: Անոնք յայտնած են, որ որեւէ կապ չունին յեղաշրջման փորձին հետ, սակայն կը վախնան, որ վերադառնալէ ետք կրնան ձերբակալուիլ:

Նորվեկիան նաեւ ապաստան տրամադրած է զինուորներուն ու կցորդին ընտանիքներուն: Անոնց բնակութեան հասցէն կը պահուի գաղտնի:

Նախորդը

«Արտասովոր» Ալիքներու Պատճառով Փերուի Մէջ Փակուեցան 23 Նաւահանգիստներ

Յաջորդը

«Կիւլենն Ու Սուրիոյ Քրտական Ուժերը Կ՛ազդեն Թուրք-Ամերիկեան Յարաբերութիւններուն Վրայ» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

RelatedPosts

Թրամփ. «Պենզինի Գինի Բարձրացման Պատճառը  Հորմուզի Նեղուցը Չէ, Այլ` Ուքրանիան  Ու Դեմոկրատականները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Պենզինի Գինի Բարձրացման Պատճառը Հորմուզի Նեղուցը Չէ, Այլ` Ուքրանիան Ու Դեմոկրատականները»

October 7, 2026
Մեքքայի Դաշինք. «Անմիջապէս Սկսիլ Զինուորական  Ուժերու Եւ Կարողութիւններու  Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Տեղակայումը»
Գլխաւոր լուրեր

Մեքքայի Դաշինք. «Անմիջապէս Սկսիլ Զինուորական Ուժերու Եւ Կարողութիւններու Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Տեղակայումը»

October 7, 2026
Քաց. «Չարիքի Առանցքը Քայքայուեցաւ,  Եւ Թեհրանին Պիտի Ընենք Այն, Ինչ Որ Հըզպալլային,  Համասին, Ասատին Եւ Հուսիներուն Ըրինք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց 7 Հոկտեմբերի Նախօրեակին Բանակը Դրած Է Առաւելագոյն Մարտական Պատրաստուածութեան Մէջ

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.