Եւրոպական Միութիւնը Կրնայ Թուրքիան Զրկել Ելեւմտական Օժանդակութենէն
Թրքական «Հապերթիւրք» կայքը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութիւնը կրնայ մինչեւ 2020 ջնջել «Այ.Փի.Էյ.» ծրագիրի ծիրին մէջ Թուրքիոյ` իբրեւ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան յաւակնող երկրի, տրամադրուող ելեւմտական օժանդակութիւնը: Կը նշուի, որ Թուրքիան կրնայ զրկուիլ բնապահպանութեան, մարդու իրաւունքներու, դատական համակարգի, փոխադրամիջոցներու եւ կապի, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ մարզերու մէջ զարգացման ուղղուած ելեւմտական օժանդակութենէն` միջոցները ոչ նպատակային կերպով ծախսելու պատճառով: Այդ ծրագիրին միջոցով...




















