Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հրատարակչատուներու պատասխանատուներուն առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Պոլսոյ Գերմանիոյ հիւպատոսարանը կը պաշտպանէր ահաբեկիչ մը` պնդելով, որ լրագրող է: Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել մեզմէ պահանջեց զայն ազատ արձակել, սակայն անոր ըսի, թէ ահաբեկիչներուն վերաբերող հարցերը կը քննէ թրքական դատարանը, եւ մեր մօտ գործադիր իշխանութիւնը ատոր չի միջամտեր»:
«Գերմանիան Հոլանտային կ՛աջակցի եւ իր դռները կը փակէ Թուրքիոյ նախագահին ու նախարարներուն դիմաց, սակայն մենք իրաւունքին կը սատարենք եւ մեր քաղաքացիներուն պիտի աջակցինք», ըսաւ ան: Ան նշեց նաեւ, որ եթէ Արեւմուտքը «իր ներկայ ընթացքը շարունակէ», ապա «եւրոպացիներն ու արեւմուտքցիները պիտի չկարենան ապահով ձեւով փողոցը քալել»:
«Արեւմտեան երկիրները միշտ մեզ կ՛ամբաստանեն մամլոյ ազատութիւնն ու լրագրողներու իրաւունքները ոտնահարելու մէջ: Լրագրութեան այդ իրաւունքը հանրապետութեան նախագահը վարկաբեկելու եւ անոր հայհոյելու իրաւունք կու տա՞յ», հարց տուած է Էրտողան` նշելով. «Լրագրողներուն դէմ յարձակում չենք գործեր, սակայն իրաւունք ունինք անոնց դէմ գանգատ ներկայացնելու եւ արդարադատութեան յանձնելու»:
«Լրագրողները իրաւունք չունին անձիս, ընտանիքիս ու զաւակներուս հայհոյելու, սակայն ամէն իրաւունք ունին գործս քննադատելու», ըսաւ ան:
Խօսելով Թուրքիոյ մէջ բանտարկուած լրագրողներուն մասին` Թուրքիոյ նախագահը յայտարարեց. «Ըսի` անգամ մը բերէք (բանտարկուած լրագրողներու) ցանկը: 149 հոգինոց անուանացանկ մը բերին, նայեցայ անուններուն, բոլորը գող, ահաբեկիչ, մանկապիղծ են: Ասոնք ի՞նչ կապ ունին լրագրութեան հետ»: «Մենք լրագրողները չենք դատեր, այլ յանցագործներն ու ոճրագործները: Մենք Թուրքիոյ դէմ արեւմտեան շարունակուող արշաւները դիմակայելու որոշում մը որդեգրեցինք, եւ եւրոպացիներուն կ՛ըսեմ` Թուրքիան դիւրին խոցելի երկիր մը չէ, զայն կարելի չէ տապալել, ծունկի բերել եւ դիւրութեամբ անոր քաղաքացիներուն դէմ ոտնձգութիւն կատարել»:
Գերմանիա 4,5 Ամսուան Ընթացքին Մերժած Է Թուրքիոյ`
Զէնք-Զինամթերքի Մատակարարման 11 Դիմում
ԹԱՍՍ` վկայակոչելով գերմանական աղբիւր մը, կը հաղորդէ, որ Գերմանիան վերջին 4,5 ամսուան ընթացքին 11 անգամ մերժած է թրքական կառավարութեան դիմումները գերմանական սպառազինութիւն, առաջին հերթին` զէնք եւ փամփուշտ գնելու վերաբերող:
Գերմանիոյ դաշնակցային կառավարութեան ներկայացուցած տուեալներուն համաձայն, 2010-էն 2016-ի կէսերը երկարող ժամանակաշրջանին մերժուած է 8 նմանօրինակ դիմում:
Գերմանիոյ Ձախ կուսակցութենէն երեսփոխան Եան վան Աքեն, մեկնաբանելով լուրը, յայտնած է. «Ասիկա առաջին եւ ճիշդ քայլն է: Յաջորդ քայլը պէտք է ըլլայ այն, որ Թուրքիան առհասարակ զէնք չստանայ Գերմանիայէն»:
Գերմանական աղբիւրը կը գրէ, որ երկիրը մտահոգուած է Թուրքիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու իրավիճակով, որ լրջօրէն վատթարացած է անցեալ ամառ տեղի ունեցած յեղաշրջումի փորձէն ետք: Պերլինի մէջ բազմաթիւ անգամներ Անգարայի կոչ ուղղած են` այդ առիթը չօգտագործելու քաղաքական մաքրագործումներ կատարելու համար: