ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով «Սի.Էն.Էն.» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հանդիպումը կրնայ տեղի ունենալ ամրան, Գերմանիոյ մէջ նախատեսուած «մեծ քսանեակ»-ի վեհաժողովի ծիրին մէջ:
«Եթէ մենք նախապէս վեհաժողովին մասին համաձայնութիւն չգոյացնենք, ապա կրնանք ակնկալել, որ անոնք հանդիպին Համպուրկի մէջ, յուլիսի սկիզբը կայանալիք «Մեծ Քսանեակ»-ի վեհաժողովին, որովհետեւ ատիկա պիտի ըլլայ առաջին նախաձեռնութիւնը, որուն երկուքն ալ պիտի մասնակցին», ըսած է Փեսքով: