Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՏԱՀԵՇ-ը Իրաքէն Արմատախիլ Ընելու Շուրջ Թրամփ-Ապատի Համաձայնութիւն

March 22, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սպիտակ տունը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատիի միջեւ հանդիպումին արդիւնքներուն վերաբերեալ հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, որ երկու երկիրները պիտի շարունակեն միասնաբար դէմ դնել ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորումին:

«Ղեկավարները համաձայնեցան, որ Միացեալ Նահանգներն ու Իրաքը պիտի շարունակեն երկարաժամկէտ գործընկերութիւնը` նպատակ ունենալով ամենայն վճռականութեամբ արմատախիլ ընել ահաբեկչութիւնը երկրին մէջ, ամրապնդել իրաքեան զինեալ ուժերը եւ միւս առանցքային հաստատութիւնները», կը նշուի փաստաթուղթին մէջ:

«Թէեւ ՏԱՀԵՇ կը մնայ վտանգաւոր հակառակորդ մը, սակայն մենք համոզուած ենք, որ խմբաւորումը պիտի ջախջախուի», ըսուած է Սպիտակ տան կողմէ տարածուած երկու երկիրներու ղեկավարներու միացեալ յայտարարութեան մէջ:

Բացի ատկէ, յառաջիկայ ամիսներուն երկու կողմերը խորհրդակցութիւններ պիտի կատարեն առեւտրական կապերու ամրապնդման, ներդրումներու իրականացման, ուժանիւթի մարզին մէջ միացեալ աշխատանքի ընդլայնման հարցերուն շուրջ:

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Ապատիի հետ իր հանդիպումին ընթացքին Թրամփ յայտնած է, որ իր երկիրը պէտք չէր հեռանար Իրաքէն: Ապատի իր կարգին նշած է, որ իրաք-ամերիկեան յարաբերութիւնները, «որոնք իրաքեան ընտրանք մըն էին», հիմնական յարաբերութիւններ են:

Իրաքի վարչապետը ընդգծած է, որ իր երկիրը կը ձգտի Միացեալ Նահանգներու հետ յաւելեալ գործակցութեան:

 

Նախորդը

«Հակառակ Եւրոպայի Երկերեսութեան` Թուրքիա Չէ Հրաժարած Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Իր Ծրագիրէն Ու Յամառ Դիրքորոշումէն» Կ՛ըսէ Պոզտաղ

Յաջորդը

Էրտողան. «Եւրոպացիներուն Կ՛ըսենք` Ձեր Հարցերով Զբաղեցէ՛ք Եւ Թոյլ Տուէ՛ք, Որ Մեր Հարցերը Մենք Լուծենք»

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.