Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաւատարմագիրը Յանձնելէ Մէկ Օր Ետք. Իսրայէլի Դեսպանը Կանչուած Է Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

March 21, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քաղաքական աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնած են, որ Մոսկուայի մէջ Իսրայէլի դեսպանը Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուած է իր հաւատարմագիրները Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին յանձնելէն մէկ օր ետք:

«Ասիկա առաջին անգամն է, որ Ռուսիան վերջին տարիներուն, յատկապէս Սուրիոյ մէջ ռուսական գործունէութեան սկսելէն ի վեր Իսրայէլի դեսպանը կը կանչէ զայրացած մթնոլորտի մէջ քննարկումներու համար: Հակառակ ամբողջ անցեալ ժամանակաշրջանին օտար լրատուամիջոցներու մէջ հրապարակումներուն, թէ Իսրայէլ կը կանգնի Սուրիոյ դէմ յարձակումներուն` ռուսերը անցեալին երբեք չդատապարտեցին Իսրայէլը: Ուստի այն տպաւորութիւնը կար, որ այդ մէկը Իսրայէլի եւ Ռուսիոյ միջեւ ապահովական լաւ համակարգումին արդիւնք է եւ թէ Իսրայէլ ռուսական լուռ հաւանութիւն ունի սուրիական հողերուն վրայ անոր դաշնակիցներուն` Իրանի եւ Հըզպալլայի այս ռմբակոծման համար:

Սակայն, վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի եւ Փութինի Քրեմլինի մէջ այս տարուան ընթացքին հինգերորդ հանդիպումէն միայն տասը օր առաջ տեղի ունեցած այս կանչումը արտակարգ է, մանաւանդ որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները շատ լաւ են», նշած է աղբիւրը:

Միւս կողմէ` ՄԱԿ-ի մէջ Սուրիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Պաշշար Ժաաֆարի սուրիական պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին իսրայէլեան ռմբաձիգներուն յարձակումին սուրիական հակադարձութիւնը նկատեց «ցնցիչ» եւ խաղի կանոնները փոխող` աւելցնելով, որ Փութին իր երկրին արտաքին գործոց նախարարութեան հրամայած է Իսրայէլի դեսպանը կանչել, որուն փոխանցուած է խիստ ոճի պատգամ մը, թէ պէտք է դադրեցնել Սուրիոյ մէջ իսրայէլեան գործողութիւնները, եւ թէ Մոսկուան դժգոհ է անոնց շարունակուող ընթացքէն, որովհետեւ անոնց շարունակութիւնը պիտի յանգեցնէ կացութեան մագլցումի:

Ժաաֆարի չբացառեց, որ սուրիական հողերուն դէմ իսրայէլեան յարձակումներու կրկնութեան պարագային Իսրայէլ-Ռուսիա բախումի մը կարելիութիւնը` աւելցնելով. «Իսրայէլացիները այսուհետեւ միլիոն հաշիւ պիտի ընեն»:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էմանուէլ Նախշուն հերքեց շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրը, թէ Իսրայէլի դեսպանը երէկ դարձեալ կանչուած է իսրայէլեան բանակին կողմէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն` կիրակի օր Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ ինքնաշարժ մը հարուածելով վարորդի սպանութեան հարցով: Ան նշեց, որ այդ լուրը «ճիշդ չէ»:

Նախորդը

«Պրեքզիթ»-ի Գործընթացը Պիտի Սկսի 29 Մարտին

Յաջորդը

Կարօ Փայլան Քննադատած Է Թուրքիոյ Ներքին Գործոց Նախարարը

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.