Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այսօր Ուաշինկթընի Մէջ Թրամփ-Զելենսքի Հանդիպում

Օգոստոս 18, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Երկար եւ իմաստալից զրոյց ունեցայ նախագահ Թրամփ հետ, սկիզբը առանձին, ապա նաեւ եւրոպացի ղեկավարներու մասնակցութեամբ: Ընդհանուր առմամբ, մենք զրուցեցինք աւելի քան մէկուկէս ժամ», այս մասին թելեկրամեան իր ալիքին վրայ գրած է Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի:

«Ուքրանիա կը վերահաստատէ իր պատրաստակամութիւնը` կարելի եղածին չափ արդիւնաւէտ աշխատելու խաղաղութեան համար:

«Նախագահ Թրամփ ինծի համառօտ կերպով ներկայացուց Ռուսիոյ ղեկավարին հետ իր հանդիպումին զրոյցի հիմնական կէտերուն մասին: Կարեւոր է, որ ամերիկեան ուժը ազդէ կացութեան զարգացման վրայ:

«Մենք կ՛աջակցինք նախագահ Թրամփի` Ուքրանիա-Ամերիկա-Ռուսիա եռակողմ հանդիպման առաջարկին: Ուքրանիա կ՛ընդգծէ` առանցքային հարցերը կրնան քննարկուիլ ղեկավարներու մակարդակով, եւ եռակողմ ձեւաչափը ատոր համար յարմար է:

«Սպանութիւններու աւարտին, պատերազմի աւարտին վերաբերող բոլոր մանրամասնութիւնները կը պատրաստուիմ քննարկել նախագահ Թրամփի հետ երկուշաբթի Ուաշինկթընի մէջ: Շնորհակալ եմ հրաւէրին համար:

«Կարեւոր է, որ եւրոպացիները ներգրաւուած ըլլան բոլոր փուլերուն մէջ` Ամերիկայի հետ համատեղ յուսալի անվտանգութեան երաշխիքներու համար:

«Մենք քննարկեցինք ամերիկեան կողմէն ստացուած դրական ազդանշանները` Ուքրանիոյ անվտանգութեան ապահովման մասնակցելու վերաբերեալ: Մենք կը շարունակենք համակարգել մեր դիրքորոշումները բոլոր գործընկերներուն հետ: Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք կ՛օգնեն», գրած է Զելենսքի:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց. «Ալասքայի մէջ հոյակապ եւ շատ յաջող օր»:

«Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին հետ ժողովը հոյակապ անցաւ, ինչպէս նաեւ ուշ գիշերին հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի եւ եւրոպացի շարք մը ղեկավարներու հետ, ներառեալ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարին հետ, որ մեծ յարգանք կը վայելէ», ըսաւ ան:

«Բոլորը համակարծիք էին, թէ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ ահաւոր պատերազմին վերջ տալու լաւագոյն ձեւը անմիջապէս ուղղուիլն է դէպի խաղաղութեան համաձայնութիւն, որ իրապէս վերջ կու տայ պատերազմին, եւ ոչ թէ պարզապէս զինադադարի համաձայնութեան, որ ընդհանրապէս երկարատեւ չ՛ըլլար», նշեց Սպիտակ տան ղեկավարը:

«Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի երկուշաբթի կէսօրէ ետք պիտի այցելէ Ուաշինկթըն, եւ եթէ հարցերը լաւ ընթանան, Փութինի հետ վեհաժողովի թուական պիտի ճշդենք, եւ ատիկա կրնայ յանգեցնել միլիոնաւոր անձերու կեանքերու փրկութեան», յայտարարեց Թրամփ:

 

Նախորդը

«Վիճայարոյց «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը Վերցուած Է Եւ Փոխարինուած Հայաստանի Լիակատար Գերիշխանութեան Տակ Տարանցիկ Ճամբով» Կ՛ըսէ Իրանի Կառավարութեան Բանբերը

Յաջորդը

Ալասքայի Մէջ Թրամփ-Փութին «Շրջադարձային Ու Չափազանց Արդիւնաւէտ» Հանդիպում

RelatedPosts

Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով

Հոկտեմբեր 13, 2025
Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»

Հոկտեմբեր 13, 2025
Արիւնալի Մարտեր Փաքիստան-Աֆղանիստան Սահմանին Վրայ, Կան Տասնեակ Մը` Զոհեր Երկու Կողմերէն
Գլխաւոր լուրեր

Արիւնալի Մարտեր Փաքիստան-Աֆղանիստան Սահմանին Վրայ, Կան Տասնեակ Մը` Զոհեր Երկու Կողմերէն

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?