Միջազգային

Ռուհանի Վերընտրուեցաւ Իրանի Նախագահ

Ռուհանի Վերընտրուեցաւ Իրանի Նախագահ

Իրանի մէջ 19 մայիսին կայացած նախագահական ընտրութեան յաղթանակ արձանագրեց գործող նախագահ Հասան Ռուհանին: Ռուհանին ստացաւ 22,7 միլիոն ձայն, ինչ որ քուէներուն 58,6 առ հարիւրն է, իսկ անոր գլխաւոր մրցակիցը` նախկին ընդհանուր դատախազ Իպրահիմ Ռայիսին` 14,4 միլիոն ձայն, ինչ որ քուէներուն 39,8 առ հարիւրն է: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ պաշտօնավարութեան առաջին նստաշրջանին Ռուհանիի գլխաւոր ձեռքբերումը «Վեցեակ»-ին հետ Թեհրանի վիճայարոյց...

Հիւսիսային Քորէա Դարձեալ Հրթիռի Փորձարկում Կատարած Է

Հիւսիսային Քորէա Դարձեալ Հրթիռի Փորձարկում Կատարած Է

«Եոնհափ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հիւսիսային Քորէան հեռահար հրթիռ արձակած է Փիոնան Նամատօ նահանգի Փուքչան շրջանէն: Ճափոնական «Էն. Էյթ. Քէյ.» պատկերասփիւռի կայանը` վկայակոչելով Ճափոնի պաշտպանութեան նախարարութիւնը, կը հաղորդէ, որ հրթիռը ինկած է ճափոնական ծովուն մէջ` Ճափոնի բացառիկ տնտեսական գօտիի սահմաններէն դուրս: Ճափոնի վարչապետ Սինծօ Ապէի աշխատակազմին կից բացուած է տեղեկատուութեան ուսումնասիրութեան հարցերով ճգնաժամային խումբ: Հարաւային Քորէայի նախագահ Մուն Չժէ...

Ծերակուտական Ռիտ Էրտողանի Թիկնապահներուն Վարուելակերպը Կը Նկատէ Խայտառակութիւն

Ծերակուտական Ռիտ Էրտողանի Թիկնապահներուն Վարուելակերպը Կը Նկատէ Խայտառակութիւն

Միացեալ Նահանգներու Ռոտ Այլընտ շրջանը ներկայացնող դեմոկրատական ծերակուտական Ճեք Ռիտ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի թիկնապահներուն կողմէ խաղաղ ցուցարարներու դէմ գործադրուած բռնութեան դէպքը դատապարտող յայտարարութիւն մը հրապարակած է: «Կը միանամ բոլոր ամերիկացիներուն` դատապարտելով նախագահ Էրտողանի թիկնապահներուն կողմէ Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանութեան առջեւ խաղաղ ցուցարարներու դէմ գործադրուած բռնութիւնը», «Արմէնփրես»-ին հաղորդումով նշած է Ռիտ: Դեմոկրատական ծերակուտականը խայտառակութիւն նկատած է Էրտողանի թիկնապահներուն կեցուածքը`...

«Համառուսական Ազրպէյճանական Քոնկրես»-Ի Լուծարումը Քաղաքականութեան Հետ Կապ Չունի»  Կ՛ըսէ Նեպենզիա

«Համառուսական Ազրպէյճանական Քոնկրես»-Ի Լուծարումը Քաղաքականութեան Հետ Կապ Չունի» Կ՛ըսէ Նեպենզիա

«Համառուսական ազրպէյճանական քոնկրես»-ի լուծարման մասին որոշումը որեւէ ձեւով կապուած չէ քաղաքականութեան եւ պէտք չէ անդրադառնայ Մոսկուա-Պաքու յարաբերութիւններու զարգացման վրայ: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Վասիլի Նեպենզիա: «Ատիկա պէտք չէ յանգեցնէ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութեան վատթարացման», ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես», շեշտած է բարձրաստիճան դիւանագէտը: «Հարցերը իրաւական հարթութեան վրայ են, եւ պէտք է այդպէս ալ քննարկուին», բացատրած է Նեպենզիա:...

Ի Պատասխան Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Յայտարարութեան.  Զախարովա. «Ռուսիան Կասկածելի Խորհուրդներու Կարիք Չունի»

Ի Պատասխան Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Յայտարարութեան. Զախարովա. «Ռուսիան Կասկածելի Խորհուրդներու Կարիք Չունի»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարած է, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը տարակուսանքով ընդունած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան յայտարարութիւնները ռուսական օրէնսդրութեան բազմաթիւ խախտումներուն պատճառով «Համառուսական ազրպէյճանական քոնկրես» հասարակական կազմակերպութեան արձանագրումը ջնջելու վերաբերեալ Ռուսիոյ գերագոյն դատարանի որոշումին առնչութեամբ: «Ուշադրութիւն դարձուցած ենք ռուսական ներքին քաղաքականութեան առնչութեամբ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչի ելոյթին, հնչած են մեր երկրին մէջ...

Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Անընդունելի Կը Նկատէ Թուրքիոյ Կողմէ Գերմանիոյ Դէմ Կիրարկուած Շանթաժը

Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Անընդունելի Կը Նկատէ Թուրքիոյ Կողմէ Գերմանիոյ Դէմ Կիրարկուած Շանթաժը

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Զիկմար Կապրիէլ անընդունելի նկատած է Թուրքիոյ կողմէ Գերմանիոյ դէմ կիրարկուած շանթաժը: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին ան ըսած է գերմանական «Նէօ Օսնապրիւքըր» պարբերականին հետ հարցազրոյցի ընթացքին: Խօսելով այն մասին, որ պաշտօնական Անգարան չէր արտօնած գերմանացի երեսփոխաններուն այցելել Ինճիրլիքի ռազմակայանին մէջ գտնուող գերմանացի զինուորներուն, Կապրիէլ ըսած է. «Յոյսով եմ, որ թրքական կառավարութիւնը յառաջիկայ օրերուն փոխէ իր...

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Թրամփի Նախընտրական Գրասենեակը Քարոզարշաւի Ընթացքին 18 Հաղորդակցութիւն Ունեցած Է Ռուսական Կողմին Հետ

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Թրամփի Նախընտրական Գրասենեակը Քարոզարշաւի Ընթացքին 18 Հաղորդակցութիւն Ունեցած Է Ռուսական Կողմին Հետ

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հրապարակած է նիւթ մը` պնդելով, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի նախընտրական գրասենեակի անդամները նախագահական ընտրապայքարի ընթացքին աշխուժ կապի մէջ եղած են ռուս պաշտօնատարներու եւ Քրեմլինի ներկայացուցիչներու հետ: Լրատու աղբիւրին համաձայն, 70-ամեայ Թրամփի խմբակի անդամները առնուազն 18 անգամ հեռաձայնով զրուցած են եւ ե-նամակներ յղած ռուսական կողմին: Այդ ամէնը կատարուած է նախագահական ընտրապայքարի վերջին 7 ամսուան ընթացքին: Կը...

Էրտողան Անձամբ Տուած Է Ուաշինկթընի Մէջ Խաղաղ Ցուցարարներու Դէմ Յարձակելու Հրամանը

Էրտողան Անձամբ Տուած Է Ուաշինկթընի Մէջ Խաղաղ Ցուցարարներու Դէմ Յարձակելու Հրամանը

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանի նստավայրի մուտքին մօտ անձամբ հրահանգած է յարձակիլ խաղաղ ցուցարարներու դէմ, որմէ ետք լուռ հետեւած է ծեծկռտուքին: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այդ ամէնը արձանագրուած է «Ամերիկայի ձայն»-ի թրքական ծառայութեան կողմէ հրապարակուած տեսանիւթին մէջ: Տեսանիւթին մէջ կ՛երեւի, թէ ինչպէ՛ս Էրտողան ինքնաշարժին մէջ կը լսէ ցուցարարները, որոնք բարձրախօսներով կը բացագանչէին «Մանկասպան Էրտողան»: Ինքնաշարժի բացուած...

«Միջազգային Դաշինքի Հարուածը Կ՛ոտնահարէ Սուրիոյ Գերիշխանութիւնը Եւ Չի Նպաստեր Տագնապի Լուծման Քաղաքական Հոլովոյթին»   Կ՛ըսէ Կաթիլով

«Միջազգային Դաշինքի Հարուածը Կ՛ոտնահարէ Սուրիոյ Գերիշխանութիւնը Եւ Չի Նպաստեր Տագնապի Լուծման Քաղաքական Հոլովոյթին» Կ՛ըսէ Կաթիլով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով յայտնեց, որ Միջազգային դաշինքին սուրիացի զինուորներուն դէմ ուղղուած հարուածը կ՛ոտնահարէ Սուրիոյ գերիշխանութիւնը եւ չի նպաստեր տագնապի լուծման քաղաքական հոլովոյթին: Ան հարուածը նկատեց անընդունելի` աւելցնելով, որ անիկա թիրախ դարձուցած է քաղաքայիններ: ՍԱՆԱ իր կարգին հաղորդեց, որ Միջազգային դաշինքը սուրիական անապատին մէջ Թանաֆի ճամբուն վրայ հարուածած է սուրիական բանակի զինուորական կէտերէն մէկը, որուն պատճառով զինուոր մը...

Իրանի Մէջ Նախագահական Ընտրութիւնը Աւարտեցաւ Կէս Գիշերին

Իրանի Մէջ Նախագահական Ընտրութիւնը Աւարտեցաւ Կէս Գիշերին

Իրանի մէջ երէկ տեղի ունեցան 12-րդ նախագահի եւ քաղաքապետական խորհուրդներու ընտրութիւնը, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի մասնակի ընտրութիւններ: Քուէարկութեան կեդրոններու բացումէն ետք, առաջին քուէարկողներէն եղաւ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէի, որ յայտնեց. «Նախագահական ընտրութիւնը շատ կարեւոր է, եւ ժողովուրդը պէտք է ատով հետաքրքրուի»: Ան ժողովուրդին կոչ ուղղեց ընտրութեան մեծաթիւ մասնակցութիւն ունենալու: Գործող նախագահ Հասան Ռուհանի հիւսիսային Թեհրանի մէջ քուէարկելէ...

Ամերիկեան Օդային Հարուած Հարաւային Սուրիոյ Մէջ

Ամերիկեան Օդային Հարուած Հարաւային Սուրիոյ Մէջ

Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Ուաշինկթընի ղեկավարութեամբ Միջազգային դաշինքը սուրիական բանակին աջակցող զինեալ խմբաւորում մը հարուածած է: Պաշտօնատարը յայտնած է, որ նախքան օդային հարուածը, ամերիկեան օդուժը զգուշացման կրակոց կատարած է, երբ նշեալ խմբաւորման ուժերը շարժած են Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը վայելող ուժերուն գտնուած վայրին ուղղութեամբ: Ան աւելցուցած է, որ Միացեալ Նահանգներ տեղեակ չեն, եթէ իրենց հարուածած ուժերուն մէջ...

Լաւրով. «Ռուսիա Ժխտական Կեցուածք Ունի Արաբական Ծոցին Մէջ «ՕԹԱՆ» Մը Ստեղծելու Ամերիկեան Գաղափարին Նկատմամբ»

Լաւրով. «Ռուսիա Ժխտական Կեցուածք Ունի Արաբական Ծոցին Մէջ «ՕԹԱՆ» Մը Ստեղծելու Ամերիկեան Գաղափարին Նկատմամբ»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց. «Մենք կը մեկնինք այն սկզբունքէն, որ Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ բարդ խնդիրները կարելի է լուծել միայն հաւաքականօրէն, համապարփակ կերպով, բոլոր դերակատարներուն մասնակցութեամբ, առանց բացառութեան եւ առանց ոեւէ մէկը մեկուսացնել փորձելու»: Լաւրով Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարին հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու մօտ Արաբական ծոցի մէջ «ՕԹԱՆ» մը ստեղծելու...

Ուաշինկթընի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանը Կանչուեցաւ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն.  Մքքէյն. «Պէտք Է Թուրքիոյ Դեսպանը Վտարենք»

Ուաշինկթընի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանը Կանչուեցաւ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. Մքքէյն. «Պէտք Է Թուրքիոյ Դեսպանը Վտարենք»

Ամերիկեան «Տը Հիլ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի ներկայացուցիչները Թուրքիայէն պահանջած են ներում հայցել Ուաշինկթընի մէջ կազմակերպած ծեծկռտուքին համար: Անոնք խիստ մտահոգուած են թուրք անվտանգութեան աշխատակիցներու եւ ցուցարարներու մասնակցութեամբ արձանագրուած միջադէպին առնչութեամբ: Այդ պահանջը ստորագրած ծերակուտականներուն շարքին են Մարքօ Ռուպիոն, Թետ Քրուզը, Թոմ Քոթոնն ու Մայքըլ Լինը: Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Էտ Ռոյս 17 մայիսին...

«Ռաքքայի Ազատագրման Հարցին Մէջ Միացեալ Նահանգներու Կողքին Ընելիք Չունինք»   Կ՛ըսէ Էրտողան

«Ռաքքայի Ազատագրման Հարցին Մէջ Միացեալ Նահանգներու Կողքին Ընելիք Չունինք» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող Ռաքքա քաղաքի ազատագրման գործողութեան հարցին մէջ Միացեալ Նահանգներ տուած են իրենց որոշումը` համագործակցիլ Սուրիոյ տարածքին գործող քիւրտերու Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն հետ: Թրքական «Տիքեն» կայքը կը հաղորդէ, որ Էրտողան նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ հանդիպումին ընթացքին ան յայտնած է այն կարծիքը, որ այդպիսի մօտեցում մը անընդունելի...

Թուրքիան Կը Պահանջէ Պաշտօնազրկել Պրետ Մքկըրքը

Թուրքիան Կը Պահանջէ Պաշտօնազրկել Պրետ Մքկըրքը

Թուրքիա կը պահանջէ պաշտօնազրկել ՏԱՀԵՇ-ի դէմ Միջազգային դաշինքին մէջ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ Պրետ ՄքԿըրքը, որովհետեւ, ըստ Անգարայի, ան կապեր ունի Թուրքիոյ մէջ արգիլուած եւ ահաբեկչական նկատուող Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան հետ: Թրքական «Էվրենսել» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ՄքԿըրք չորեքշաբթի օր հանդիպում ունեցած է Սուրիոյ տարածքին մէջ գործող քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու ղեկավարութեան հետ: Նշեալ ջոկատները Թուրքիոյ կողմէ կը նկատուին ՔԱԿ-ի սուրիական...

Նիւ Եորքի Մէջ Վրայերթ

Նիւ Եորքի Մէջ Վրայերթ

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ սրընթաց ինքնաշարժ մը Նիւ Եորքի Թայմզ հրապարակին վրայ վրայերթի ենթարկեց անցորդներ. վրայերթը պատճառեց զոհ մը եւ 10 վիրաւորներ: Ամերիկեան «Սի.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Նիւ Եորքի ոստիկանութիւնը յայտնած է. «Թայմզ հրապարակին վրայ վրայերթի դէպքը ահաբեկչական արարք մը չէ»:

Ուաշինկթընի Մէջ Խաղաղ Ցուցարարներու Վրայ Յարձակողները Եղած Են Էրտողանի Անվտանգութեան Աշխատակիցները

Ուաշինկթընի Մէջ Խաղաղ Ցուցարարներու Վրայ Յարձակողները Եղած Են Էրտողանի Անվտանգութեան Աշխատակիցները

Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի դէմ խաղաղ ցոյցի մասնակիցներուն վրայ կատարուած յարձակումին հեղինակները եղած են ինքնին Էրտողանի անվտանգութեան աշխատակիցները: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը գրէ բրիտանական հեղինակաւոր «Տը Կարտիըն» օրաթերթը: Օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին ականատեսներէն մէկը ըսած է, որ Էրտողանի անվտանգութեան աշխատակիցները ծեծկռտուք սկսած են, երբ ցոյցին մասնակիցներէն մէկը բարձրացուցած է քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան դրօշը:...

Սուրիոյ Քիւրտերուն Շուրջ Ուաշինկթըն-Անգարա Տարակարծութիւնը Կը Յամենայ

Սուրիոյ Քիւրտերուն Շուրջ Ուաշինկթըն-Անգարա Տարակարծութիւնը Կը Յամենայ

«Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 16 մարտին Սպիտակ տան մէջ իրենց հանդիպումէն ետք ահաբեկչութեան դէմ պայքարին վերաբերեալ ուժեղ պատգամներ յղած են, հակառակ Սուրիոյ մէջ գործող քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն շուրջ տարակարծութեան: Թրամփ Էրտողանի հետ հանդիպումէն ետք լրագրողներուն յայտնած է, որ իր երկիրը «պիտի աջակցի Սուրիոյ մէջ բռնարարքները նուազեցնելու...

Ըստ Թուրքիոյ Գաղտնի Սպասարկութեան.  ՏԱՀԵՇ Վոսփորէն Անցնող Ռուսական Մարտանաւերուն Դէմ Յարձակում Կը Ծրագրէ

Ըստ Թուրքիոյ Գաղտնի Սպասարկութեան. ՏԱՀԵՇ Վոսփորէն Անցնող Ռուսական Մարտանաւերուն Դէմ Յարձակում Կը Ծրագրէ

Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութիւնը` ՄԻԹ-ը զգուշացուց Վոսփորի նեղուցէն անցնող ռուսական մարտանաւերու դէմ  ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ կատարուելիք հաւանական յարձակումներէ: «Հապերթիւրք» կը հաղորդէ, որ ՄԻԹ յայտարարած է, թէ ճշդուած են շուրջ 146 վայրեր, որոնք կրնան ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ օգտագործուիլ ռուսական մարտանաւերուն դէմ հրթիռարձակում կատարելու առումով, եւ այդ պատճառով ալ նշեալ վայրերուն մէջ ապահովական միջոցառումները ամրապնդուած են: ՄԻԹ տեղեկութիւն ստացած է, որ ՏԱՀԵՇ կը ծրագրէ հեռահար...

Էրտողանի Հետ Հանդիպումէն Առաջ.  «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Թուրքիոյ` ՏԱՀԵՇ-ի Եւ ՔԱԿ-ի Դէմ Պայքարին Մէջ», Ըսաւ Թրամփ

Թուրք Ազգայնամոլները Կը Յարձակին Էրտողանի Այցելութեան Դէմ Բողոքող Խաղաղ Ցուցարարներուն Վրայ

16 մայիսի յետմիջօրէին Միացեալ Նահանգներ այցելող Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի դէմ Ուաշիկթընի մէջ կազմակերպուած խաղաղ ցոյցի մը մասնակիցները թիրախ դարձան խումբ մը թուրք ազգայնամոլներու վայրագ յարձակումներուն, որոնց իբրեւ հետեւանք քանի մը վիրաւորուած ցուցարարներ հիւանդանոց փոխադրուեցան: «Ամերիկայի մայրաքաղաքին մէջ նման յարձակումներ ակնկալելի չեն, թէեւ անոնք սովորական են Էրտողանի Թուրքիոյ եւ այլ բռնատիրական երկիրներու մէջ: Թուրքիա կը փորձէ իր անհանդուրժականութիւնը Միացեալ...

Page 703 of 883 1 … 702 703 704 … 883

Արխիւներ