Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Թրամփի Նախընտրական Գրասենեակը Քարոզարշաւի Ընթացքին 18 Հաղորդակցութիւն Ունեցած Է Ռուսական Կողմին Հետ

May 22, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հրապարակած է նիւթ մը` պնդելով, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի նախընտրական գրասենեակի անդամները նախագահական ընտրապայքարի ընթացքին աշխուժ կապի մէջ եղած են ռուս պաշտօնատարներու եւ Քրեմլինի ներկայացուցիչներու հետ:

Լրատու աղբիւրին համաձայն, 70-ամեայ Թրամփի խմբակի անդամները առնուազն 18 անգամ հեռաձայնով զրուցած են եւ ե-նամակներ յղած ռուսական կողմին: Այդ ամէնը կատարուած է նախագահական ընտրապայքարի վերջին 7 ամսուան ընթացքին:

Կը նշուի, որ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները կատարուած են Միացեալ Նահանգներու մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քիսլիաքի եւ ազգային անվտանգութեան հարցերով Թրամփի նախկին խորհրդական Մայքըլ Ֆլինի, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներ գլխաւոր դատախազ Ճեֆ Սեշընզի միջեւ:

Միւս հեռաձայնային հաղորդակցութեանց եւ

ե-նամակներու ուղարկման հարցին մէջ ներգրաւուած են դեսպան Քիսլիաքը, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին մօտիկ անձեր եւ Թրամփի նախընտրական քարոզարշաւի խորհրդականները: Անոնց շարքին է յայտնի սակաւապետ Վիքթոր Մետվետչուքը, որու դստեր կնքահայրն է Փութին: Կը նշուի, որ սակաւապետը արդէն հերքած է այս պնդումը:

«Ռոյթըրզ» կը յիշեցնէ, որ նախապէս «Էֆ. Պի. Այ.»-ը Թրամփը մեղադրած է Ռուսիոյ հետ կապի մէջ ըլլալու ամբաստանութեամբ: Այժմ «Էֆ. Պի. Այ.»-ը եւ Քոնկրեսը կը փորձեն զբաղիլ հարցին հետաքննութեամբ ու բացայայտել թէ արդեօք կրնա՞ր ռուսական կողմը միջամտել ընտրութիւններու հոլովոյթին եւ ազդել անոնց արդիւնքին վրայ:

Ծանօթ է նաեւ, որ իր պաշտօնը ստանձնելէն ետք Թրամփն ու անոր վարչակազմը ժխտած են Ռուսիոյ հետ կապի մէջ ըլլալու մասին մեղադրանքները:

Միւս կողմէ, «Տը Հիլ» պարբերականը, մէջբերելով «Փապլիք Փոլիսի Փոլինկ» ընկերութեան կատարած ուսումնասիրութեան տուեալները, կը հաղորդէ, որ ամերիկացիներուն մեծամասնութիւնը կողմ է երկրի նախագահին պաշտօնազրկման:

Հարցախոյզին մասնակցողներուն 48 առ հարիւրը կ՛աջակցի Թրամփի պաշտօնազրկման, իսկ 41 առ հարիւրը դէմ է ատոր:

Նախորդը

Հովանաւորութեամբ «Էլ. Այ. Եու.» Համալսարանին. Համազգայինի Կիթառահարներու Համոյթին Եւ «Տաւիղ» Նուագախումբին Հիանալի Ելոյթը

Յաջորդը

Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Անընդունելի Կը Նկատէ Թուրքիոյ Կողմէ Գերմանիոյ Դէմ Կիրարկուած Շանթաժը

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.