Իրանի մէջ 19 մայիսին կայացած նախագահական ընտրութեան յաղթանակ արձանագրեց գործող նախագահ Հասան Ռուհանին:
Ռուհանին ստացաւ 22,7 միլիոն ձայն, ինչ որ քուէներուն 58,6 առ հարիւրն է, իսկ անոր գլխաւոր մրցակիցը` նախկին ընդհանուր դատախազ Իպրահիմ Ռայիսին` 14,4 միլիոն ձայն, ինչ որ քուէներուն 39,8 առ հարիւրն է:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ պաշտօնավարութեան առաջին նստաշրջանին Ռուհանիի գլխաւոր ձեռքբերումը «Վեցեակ»-ին հետ Թեհրանի վիճայարոյց հիւլէական ծրագիրի սառեցման վերաբերեալ պատմական համաձայնագիրի կնքումն է: Ըստ փաստաթուղթին, Իրան պարտաւորուած է սառեցնել հիւլէական ծրագիրի զարգացումը, որուն փոխարէն Արեւմուտքը մասամբ ջնջած է իսլամական հանրապետութեան դէմ սահմանած իր տնտեսական եւ ելեւմտական պատժամիջոցները: