Միջազգային

Էրտողանի Հետ Հանդիպումէն Առաջ.  «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Թուրքիոյ` ՏԱՀԵՇ-ի Եւ ՔԱԿ-ի Դէմ Պայքարին Մէջ», Ըսաւ Թրամփ

Էրտողանի Հետ Հանդիպումէն Առաջ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Թուրքիոյ` ՏԱՀԵՇ-ի Եւ ՔԱԿ-ի Դէմ Պայքարին Մէջ», Ըսաւ Թրամփ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ Սպիտակ տան մէջ իրենց հանդիպումէն առաջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անդրադարձան երկկողմանի յարաբերութիւններուն եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք»-ը: Թրամփ յայտնեց, որ իր երկիրը կ’աջակցի Թուրքիոյ` «ՏԱՀԵՇ-ի ու ՔԱԿ-ի նման ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ պայքարին եւ այն ջանքերուն, որ անոնք ապահով վայր մը չունենան»: Թրամփ յայտարարեց,...

Լաւրով Եւ Թիլըրսըն Սուրիոյ Հարցով Շօշափելի Ծրագիրի Մը Շուրջ Չեն Համաձայնած

Լաւրով Եւ Թիլըրսըն Սուրիոյ Հարցով Շօշափելի Ծրագիրի Մը Շուրջ Չեն Համաձայնած

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն 10 մայիսին տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին համաձայնութիւն չեն գոյացուցած ծրագիրի մը շուրջ, որ կ՛արտօնէր նպաստել սուրիական տագնապի խաղաղ լուծման: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի հարցերու օգնական Սթիւըրթ Ճոնզ: Թիլըրսըն եւ Լաւրով «արդիւնաւէտ զրոյց ունեցած...

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Խստիւ Դատապարտեց Հիւսիսային Քորէայի Կողմէ Հրթիռի Նոր Փորձարկումը

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Խստիւ Դատապարտեց Հիւսիսային Քորէայի Կողմէ Հրթիռի Նոր Փորձարկումը

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը խստիւ դատապարտեց 14 մայիսին Հիւսիսային Քորէայի կողմէ բալիսդրական հրթիռի նոր փորձարկումը, ինչպէս նաեւ զգուշացուց հետագայ փորձարկումներուն հակազդելու հաւանականութենէն: Այս մասին կը հաղորդէ «Ինթերֆաքս» լրատու գործակալութիւնը: Չինաստանի կողմէ ներկայացուած եւ միաձայնութեամբ որդեգրուած որոշումին մէջ կ՛ընդգծուի, որ Հիւսիսային Քորէան պէտք է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի համապատասխան բանաձեւերուն հիմամբ «հրաժարի հետագայ հիւլէական եւ բալիսդրական հրթիռներու փորձարկումներէն», ինչպէս նաեւ դադրեցնէ «բարձր աստիճանի...

Գերմանիա Կը Սպառնայ Իր Ուժերը Հեռացնել Ինճիրլիքէն

Գերմանիա Կը Սպառնայ Իր Ուժերը Հեռացնել Ինճիրլիքէն

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել յայտարարեց, որ իր կառավարութիւնը կրնայ Թուրքիոյ մէջ տեղակայուած իր ուժերը տեղափոխել այլ երկիր, «եթէ Անգարա շարունակէ մերժել պնդէ գերմանացի օրէնսդիրներուն, այդ ուժերուն այցելելու արտօնութիւն տալը»: Նշենք, որ 250 գերմանացի զինուորներ կը գտնուին Թուրքիոյ «Ինճիրլիք» ռազմակայանը` մասնակցելու համար ամերիկեան ղեկավարութեան Միջազգային դաշինքին Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ գործողութիւններուն: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատարներ յայտարարեցին, որ գերմանացի երեսփոխանները այցելութեան...

Ռուսիոյ Գերագոյն Դատարանը Լուծարեց «Համառուսաստանեան Ազրպէյճանական Քոնկրես» Կազմակերպութիւնը

Ռուսիոյ Գերագոյն Դատարանը Լուծարեց «Համառուսաստանեան Ազրպէյճանական Քոնկրես» Կազմակերպութիւնը

ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ Գերագոյն դատարանը երկուշաբթի օր բաւարարած է Ռուսիոյ արդարադատութեան նախարարութեան հայցը` «Համառուսաստանեան ազրպէյճանական քոնկրես» հասարակական կազմակերպութիւնը լուծարելու վերաբերեալ, ատոր կանոնագրութեան` Ռուսիոյ օրէնսդրութեան չհամապատասխանելուն պատճառով: Դատաւորը յայտարարած է. «Բաւարարեցինք Ռուսիոյ արդարադատութեան նախարարութեան` «Համառուսաստանեան ազրպէյճանական քոնկրես»-ը լուծարելու վերաբերեալ հայցը», որոշումը յայտարարած է դատաւորը: Աղբիւրի հաղորդմամբ` անհամապատասխանութիւնը մասնաւորաբար կը կայանայ այն երեւոյթին մէջ, որ կազմակերպութեան անուանումը չի մատնանշեր ատոր...

Թուրքիոյ Մէջ Դարձեալ Նախարարութիւններու Աշխատակիցներ Ձերբակալուած Են

Թուրքիոյ Մէջ Դարձեալ Նախարարութիւններու Աշխատակիցներ Ձերբակալուած Են

Անգարայի հանրապետական դատախազութիւնը կիւլենականներու դէմ ընթացող հետաքննութեան ծիրին մէջ նախարարութիւններու աշխատակիցներ ձերբակալելու մասին որոշումներ որդեգրած է: Այս մասին կը հաղորդէ, թրքական «Հիւրիյէթ» օրաթերթը: Մասնաւորաբար որոշուած է ձերբակալել ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարարութեան ու անոր առնչուած կառոյցներու 60 աշխատակից, ինչպէս նաեւ ազգային կրթութեան նախարարութեան մէջ աշխատող 25 մանկավարժ: Յայտնի դարձած է, որ անոնք «ՊայԼոք» ծրագիրի օգտատէր են: Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութիւնը` ՄԻԹ-ը, ...

«Թրքական Ուժերուն Առաջարկուած Է Իտլիպի Մէջ Զինադադարի Հսկողութիւն Կատարել» Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Փոխվարչապետը

«Թրքական Ուժերուն Առաջարկուած Է Իտլիպի Մէջ Զինադադարի Հսկողութիւն Կատարել» Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Փոխվարչապետը

«Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» երէկ հաղորդեց, որ Թուրքիոյ փոխվարչապետ Վէյսի Քայնաք 12 մայիսին թրքական նշեալ լրատուամիջոցին յայտնած է, թէ անցեալ ամիս Ասթանայի մէջ տեղի ունեցած ժողովին ընթացքին Թուրքիոյ առաջարկուած է ստանձնել Իտլիպ նահանգին մէջ զինադադարի հսկողութեան առաքելութիւնը: Պոսնիայէն Թուրքիա իր վերադարձին ընթացքին Քայնաք այս առաջարկին նկատմամբ Անգարայի դրական ընկալումը նշելով, յայտնած է, որ Իտլիպի մէջ թրքական ուժերու տեղակայումը պիտի նպաստէ Թուրքիոյ...

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Յատուկ Նիստ` Հիւսիսային Քորէայի Հրթիռի Փորձարկման Հարցով

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Յատուկ Նիստ` Հիւսիսային Քորէայի Հրթիռի Փորձարկման Հարցով

Մայիս ամսուան ընթացքին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին նախագահող Ուրուկուէյի ներկայացուցչութիւնը յայտարարեց, որ Ճափոն ու Միացեալ Նահանգներ այսօր պահանջած են Ապահովութեան խորհուրդի արտակարգ նիստի մը գումարումը`  քննարկելու համար Հիւսիսային Քորէայի կատարած հրթիռի նոր փորձարկումի հարցը: Ըստ ռուսական մամլոյ տեղեկութեանց, հիւսիսային Քորէայի նախագահը երէկ յայտարարած է. «Պիտի շարունակենք մեր հրթիռային ու հիւլէական ծրագիրները զարգացնել ընդդէմ արեւմտեան որեւէ վտանգի»:

Փութին. «Ռուսիան Պիտի Պահպանէ Սուրիոյ Քիւրտերուն Հետ Իր Կապերը, Եւ Անգարան Մտահոգուելու Պատճառ Չունի»

Փութին. «Ռուսիան Պիտի Պահպանէ Սուրիոյ Քիւրտերուն Հետ Իր Կապերը, Եւ Անգարան Մտահոգուելու Պատճառ Չունի»

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Փեքինի մէջ «Մէկ գօտի` մէկ ուղի» խորհրդաժողովին ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ յայտնեց. «Սուրիոյ մէջ քիւրտերը կը նկատենք ուժեղ գործօն մը, որ իրողապէս կ՛ազդէ կացութեան վրայ, եւ կը յուսանք, որ մեր կեցուածքը Անգարայի մտահոգութիւն չպատճառէ»: Փութին շեշտեց, որ Ռուսիան պիտի պահպանէ Սուրիոյ քիւրտերուն հետ իր կապերը, եւ Անգարան մտահոգուելու պատճառ չունի: Ան նշեց, թէ Սուրիոյ մէջ...

Ամերիկեան Լրտեսական Օդանաւ Մը Թռիչք Կատարած Է Սուրիոյ Մէջ Ռուսական Ռազմակայաններուն Վերեւ

Ամերիկեան Լրտեսական Օդանաւ Մը Թռիչք Կատարած Է Սուրիոյ Մէջ Ռուսական Ռազմակայաններուն Վերեւ

«Ինթերֆաքս» կը հաղորդէ, որ ամերիկեան ծովուժին պատկանող «Փի-8էյ. Փոսէյտոն» տիպի հակասուզանաւային օդանաւ մը հետախուզական թռիչքներ կատարած է Միջերկրականի վերեւ` Սուրիոյ մէջ ռուսական ռազմակայաններուն մօտ: Ռուսական լրատու գործակալութիւնը` մէջբերելով զինուորական օդանաւերու թռիչքներուն տեղաշարժերուն հետեւող արեւմտեան կայքեր, հաղորդեց, որ 168440 արձանագրութեան թիւը ունեցող նշեալ օդանաւը Սիկիլիոյ մէջ Սիկոնելլա ռազմակայանէն ընթացք առնելէ ետք, երկարատեւ թռիչք կատարած է Լաթաքիոյ մէջ ռուսական օդուժի Հմէյմեմ ռազմակայանին...

Եւրոպական Յանձնաժողովի Բանբերը Թուրքիան Կը Յորդորէ` Յարգել Ժողովրդավարական Չափանիշերը

Եւրոպական Յանձնաժողովի Բանբերը Թուրքիան Կը Յորդորէ` Յարգել Ժողովրդավարական Չափանիշերը

Եւրոպական յանձնաժողովի բանբեր Մայա Քոսիանչիչ արձագանգած է Թուրքիոյ մէջ ընդդիմադիր «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթի կայքի գլխաւոր խմբագիր Օղուզ Կիւվենի ձերբակալութեան` կոչ ուղղելով` յարգելու ժողովրդավարական չափանիշերը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ճումհուրիյէթ»-ը: Քոսիանչիչ յայտնած է, որ յանձնաժողովը մօտէն կը հետեւի Թուրքիոյ մէջ ընթացող զարգացումներուն, մասնաւորաբար Անգարայի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցչութիւնը կը հետեւի իրաւապաշտպաններու եւ լրագրողներու կապուած դատական հոլովոյթներուն: «Մնայուն կերպով պէտք է յարգանք ցուցաբերուի...

Մաքրոն Ստանձնեց Իշխանութիւնը` Խոստանալով Մեծ Վերածնունդ Եւ Ինքնավստահութեան Վերականգնում

Մաքրոն Ստանձնեց Իշխանութիւնը` Խոստանալով Մեծ Վերածնունդ Եւ Ինքնավստահութեան Վերականգնում

Երէկ Էլիզէի պալատին մէջ տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի նորընտիր նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի երդման արարողութիւնը: 39-ամեայ եւրոպամէտ Մաքրոն, որ Նափոլէոնի ժամանակներէն ի վեր Ֆրանսայի ամէնէն երիտասարդ ղեկավարն է, պաշտօնը ստանձնելէ ետք արտասանած իր առաջին ուղերձին մէջ նշեց. «Ընտրելով զիս` Ֆրանսան ընտրեց յոյսը»: Ան խոստացաւ համախմբել պառակտուած ժողովուրդը, ամրապնդել Եւրոպական միութիւնն ու բարեփոխումներ կատարել: Էլիզէի պալատին մէջ իր արտասանած խօսքին ընթացքին` Ֆրանսայի 25-րդ...

Պոլսոյ Մէջ Խումբ Մը Իսլամներ Պահանջած Են Ս. Սոֆիայի Տաճարը Մզկիթ Դարձնել

Պոլսոյ Մէջ Խումբ Մը Իսլամներ Պահանջած Են Ս. Սոֆիայի Տաճարը Մզկիթ Դարձնել

«Հիւրրիյէթ» կը հաղորդէ, թէ Պոլսոյ մէջ իսլամներու մեծ խումբ մը աղօթք-նամազ կարդացած են Ս. Սոֆիա տաճարին մօտ` պահանջելով տաճարը մզկիթ դարձնել: Ներկայիս տաճարը իբրեւ թանգարան կը գործէ: Նախաձեռնութիւնը իրականացուցած է Անատոլուի երիտասարդական ընկերակցութիւն կազմակերպութիւնը:

Հիւսիսային Քորէայի Կողմէ Նոր Հրթիռի Մը Փորձառկումէն Ետք.  Թրամփ Կոչ Կ՛ուղղէ` Փիմոնկեանկին Դէմ Աւելի Ուժեղ Պատժամիջոցներ Հաստատելու

Հիւսիսային Քորէայի Կողմէ Նոր Հրթիռի Մը Փորձառկումէն Ետք. Թրամփ Կոչ Կ՛ուղղէ` Փիմոնկեանկին Դէմ Աւելի Ուժեղ Պատժամիջոցներ Հաստատելու

Ամերիկեան բանակը յայտարարեց, որ Հիւսիսային Քորէա շաբաթ գիշեր արձակած է հրթիռ մը, որ ինկած է Ճափոնի ծովուն մէջ: Բանակը նշեց, որ հրթիռին հասողութիւնը չի համապատասխաներ բալիսդրական միջցամաքային հրթիռի եւ վտանգ չի ներկայացներ Հիւսիսային Ամերիկայի: Ճափոն եւ Հարաւային Քորէա յայտարարեցին, որ նշեալ հրթիռը 30 վայրկեան տեւող իր թռիչքին ընթացքին կտրած է շուրջ 700 քիլոմեթր: Հրթիռը արձակուած է մայրաքաղաք Փիոնկեանկէն հիւսիս արեւելք...

Խաթեմի. «Իրանի Սիրոյն Պիտի Քուէարկեմ Ի Նպաստ Ռուհանիի»

Խաթեմի. «Իրանի Սիրոյն Պիտի Քուէարկեմ Ի Նպաստ Ռուհանիի»

Իրանի նախկին նախագահ Մոհամետ Ռուհանի յայտարարեց, որ` «ազգային հզօրութեան ու միջազգային հպարտութեան, կենսամակարդակի բարելաւման ու հարցերու լուծման համար» պիտի քուէարկէ ի նպաստ Իրանի նախագահութեան թեկնածու Հասան Ռուհանիի: Խաթեմի ընկերային ցանցին վրայ զետեղուած տեսերիզի մը մէջ յայտնեց, որ մտքի ազատութեան, երկխօսութեան մէջ տրամաբանութեան, աշխատանքի մէջ օրէնքի յարգումին, քաղաքացիական իրաւունքներու տիրացման, հասարակութեան մէջ ընկերային ու տնտեսական արդարութեան հաստատման համար իր քուէն պիտի...

Պելկրատի Մէջ Պեռնար Հանրի Լեւիի Վրայ Կարկանդակ Նետեցին

Պելկրատի Մէջ Պեռնար Հանրի Լեւիի Վրայ Կարկանդակ Նետեցին

Սերպական «Թանիուք» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ մինչ Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկարտի մէջ ֆրանսացի մտաւորական Պեռնար Հանրի Լեւի իր շարժանկարը` «Փեշմերկա»-ն կը  ներկայացնէր, համայնավար գործիչ մը անոր վրայ սերով ծածկուած կարկանդ մը նետեց` դատապարտելով 1999-ին ՕԹԱՆ-ի կողմէ Եուկոսլաւիոյ ռմբակոծման անոր աջակցութիւնը: Այդ դէպքէն անմիջապէս ետք սրահին մէջ գտնուող համայնավար գործիչներ բացագանչեցին. «Ո՛վ մարդասպան, հեռացի՛ր Պելկրատէն»: Լեւի կարկանդակի մէկ այլ հարուած ալ ստացաւ,...

Ռուսիոյ Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Դադրեցուած Ցամաքային Ապրանքներու Փոխադրութիւնը Պիտի Վերսկսի 16 Մայիսին

Ռուսիոյ Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Դադրեցուած Ցամաքային Ապրանքներու Փոխադրութիւնը Պիտի Վերսկսի 16 Մայիսին

«Սփութնիք»-ի թրքական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ 16 մայիսին պիտի վերսկսին Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ դադրեցուած ցամաքային ապրանքներու փոխադրութիւնը: Որոշումը տրուած է 8 մայիսին տեղի ունեցած ցամաքային փոխադրամիջոցներու հարցերով զբաղող ռուս-թրքական յանձնախումբի նիստին յայտնած է Թուրքիոյ հեռահաղորդակցութեան, փոխադրամիջոցներու եւ ծովագնացութեան նախարար Ահմետ Արսլան` աւելցնելով, որ Ռուսիան Թուրքիոյ համար այլեւս կրնայ հանդիսանալ ապրանքի` Կեդրոնական Ասիա փոխադրութեան տարանցիկ երկիր: Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ եւ...

«Քիւրտերուն Ծանր Զէնքերու Մատակարարումը Կը Հակասէ Թուրքիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Ռազմավարական Շահերուն Ու Համագործակցութեան»   Կ՛ըսէ Էրտողան

«Քիւրտերուն Ծանր Զէնքերու Մատակարարումը Կը Հակասէ Թուրքիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Ռազմավարական Շահերուն Ու Համագործակցութեան» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թրքական «Թ 24» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ 16 մայիսին նախատեսուած հանդիպումին ընթացքին քննարկման հիմնական նիւթը պիտի ըլլայ Սուրիոյ տարածքին գործող քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու գործունէութիւնը եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ անոնց զէնքի տրամադրումը: «Թրամփի հետ մեր խօսակցութիւնը պէտք է ըլլայ մեզ յուզող նիւթերուն վերջակէտը, ոչ թէ ստորակէտը:...

«Լարուածութեան Մեղմացման Գօտիներու Հաստատման Նպատակը Քաղաքայինները Պաշտպանելն Է»  Կ՛ըսէ Ասատ

«Լարուածութեան Մեղմացման Գօտիներու Հաստատման Նպատակը Քաղաքայինները Պաշտպանելն Է» Կ՛ըսէ Ասատ

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ պիելոռուսական «Օ.Էն.Թի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ լարուածութեան մեղմացման գօտիներու ստեղծման նպատակը նախ եւ առաջ «մինչեւ մեր եւ զինեալ խմբաւորումներուն միջեւ քաղաքական քայլերու ձեռնարկելը» քաղաքայինները պաշտպանելն ու արիւնահեղութիւնը նուազեցնելն է: Ան ըսաւ, որ նշեալ գօտիներուն մէջ գոյութիւն ունի քաղաքայիններէ եւ ահաբեկիչներէ կազմուած խառնուրդ մը, իսկ ահաբեկիչները իրենց կարգին ՏԱՀԵՇ-ի, Ժապհաթ...

«Թուրքիոյ Վարչապետին Հետ Համաձայնութիւն Գոյացուցի Յարաբերութիւններու Բարելաւման Կարեւորութեան Շուրջ»   Կ՛ըսէ Կապրիէլ

«Թուրքիոյ Վարչապետին Հետ Համաձայնութիւն Գոյացուցի Յարաբերութիւններու Բարելաւման Կարեւորութեան Շուրջ» Կ՛ըսէ Կապրիէլ

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Զիկմար Կապրիէլ Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի հետ Լոնտոնի մէջ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Գերմանիան ու Թուրքիան կը փափաքին երկկողմանի յարաբերութիւնները բարելաւել` այդ ձեւով փորձելով վերջ տալ Անգարայի կողմէ հետզհետէ աւելի բռնատիրական ընթացքին պատճառով յարաբերութիւններու վատթարացման»: Եըլտըրըմ նշեց, որ «երկու երկիրները կարիքը ունին յարաբերութիւններու բարելաւման համար աւելին ընելու»` աւելցնելով. «Հիմնականին մէջ կը խօսինք այն մասին, թէ ինչպէ՛ս...

Page 704 of 883 1 … 703 704 705 … 883

Արխիւներ