Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթընի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանը Կանչուեցաւ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. Մքքէյն. «Պէտք Է Թուրքիոյ Դեսպանը Վտարենք»

May 19, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկեան «Տը Հիլ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի ներկայացուցիչները Թուրքիայէն պահանջած են ներում հայցել Ուաշինկթընի մէջ կազմակերպած ծեծկռտուքին համար: Անոնք խիստ մտահոգուած են թուրք անվտանգութեան աշխատակիցներու եւ ցուցարարներու մասնակցութեամբ արձանագրուած միջադէպին առնչութեամբ:

Այդ պահանջը ստորագրած ծերակուտականներուն շարքին են Մարքօ Ռուպիոն, Թետ Քրուզը, Թոմ Քոթոնն ու Մայքըլ Լինը:

Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Էտ Ռոյս 17 մայիսին նամակ յղած է Միացեալ Նահանգներու գլխաւոր դատախազ Ճեֆ Սեշընզին եւ արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընին` կոչ ուղղելով անյապաղ քայլերու ձեռնարկել Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան մօտ խաղաղ ցուցարարներու դէմ յարձակում գործողները պատասխանատուութեան ենթարկելու համար:

«Ասպարէզ» կը նշէ, որ նամակին մէջ բարձրաստիճան քոնկրեսականը նշած է, որ ցուցարարները գետին փռած ու անոնց գլուխներուն հարուածներ հասցուցած անձերը, ըստ ամենայնի, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի թիկնապահներն են, որոնք թուրք ղեկավարին ընկերակցած են Միացեալ Նահանգներ անոր այցելութեան ժամանակ:

«Պէտք է անոնց յստակ «պատգամ» յղել, թէ բռնութեան այսպիսի գործողութիւնները չեն կրնար հանդուրժուիլ: Կը խնդրեմ ձեզմէ անյապաղ զբաղիլ այս հարցով ու համապատասխան քայլերու ձեռնարկել այդ անձերուն դէմ: Օտար կառավարութիւններու աշխատողները պէտք չէ անձեռնմխելի ըլլան յանցաւոր գործունէութեան համար քրէօրէն հետապնդուելու հարցին մէջ», նշած է Ռոյս:

Միւս կողմէ, ծերակուտական Ճոն ՄքՔէյն,  «Էմ.Էս.Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին անդրադառնալով դէպքին իր ընդվզումը յայտնեց, նշելով. «Այստեղ Միացեալ Նահանգներ է, Թուրքիա չէ, երրորդ աշխարհի երկիր մը չէ: Այսպիսի բան մը չի կրնար դիւանագիտական, թերեւս նաեւ այլ ձեւերով արձագանգ չունենալ»: եւ ըսաւ. «Պէտք է Թուրքիոյ դեսպանը վտարենք այս երկրէն: Խոշտանգողները սովորական անձեր չեն, այլ Էրտողանի անվտանգութեան աշխատակիցները. մէկը անոնց ըսաւ, որ երթան եւ խոշտանգեն այս խաղաղ ցուցարարները: Կը կարծեմ, որ ատիկա պէտք է հետեւանքներ ունենայ, ներառեալ անոնց ինքնութիւնը ճշդելն ու անոնց դէմ դատական հայց ներկայացնելը, ի վերջոյ ամերիկեան օրէնքներ ոտնահարեցին: Այսպիսի բան մը չենք կրնար թոյլատրել Միացեալ Նահանգներու մէջ: Մարդիկ այստեղ իրաւունք ունին խաղաղ ցոյց կատարելու եւ անոնք խաղաղ ցոյց կը կատարէին»:

«Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ» երէկ հաղորդեց, որ աղբիւրներ յայտնած են, թէ Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Սերտար Քըլըճ 17 մայիսին թրքական դեսպանատան առջեւ ցուցարարներուն դէմ կատարուած յարձակումին հարցով կանչուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւն:

Նշենք, որ նախարարութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակելով 17 մայիսին «խորագոյն» մտահոգութիւն յայտնած է Թուրքիոյ դէպքին նկատմամբ եւ զայն նկատած խօսքի ազատութեան դէմ յարձակում մը: «Բռնութիւնը երբեք պատշաճ արձագանգ մը չէ խօսքի ազատութեան. եւ մենք կ՛աջակցինք ամէնուրեք մարդոց ազատ արտայայտութեան ու խաղաղ ցոյց կատարելու իրաւունքին», կը յայտնէ յայտարարութիւնը` յստակօրէն նշելով, որ դեսպանին տան առջեւ կատարուած ցոյցը օրինական էր, խաղաղ եւ պաշտպանուած:

Յայտարարութիւնը յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ իրենց մտահոգութիւնները թրքական կառավարութեան փոխանցած են` «կարելի եղած խստագոյն ոճով»:

Նախորդը

«Ռաքքայի Ազատագրման Հարցին Մէջ Միացեալ Նահանգներու Կողքին Ընելիք Չունինք» Կ՛ըսէ Էրտողան

Յաջորդը

Լաւրով. «Ռուսիա Ժխտական Կեցուածք Ունի Արաբական Ծոցին Մէջ «ՕԹԱՆ» Մը Ստեղծելու Ամերիկեան Գաղափարին Նկատմամբ»

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.