Մոսկուան Հարուածած Փոթորիկին Պատճառով` 16 Զոհ Եւ 170 Վիրաւոր
ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ 29 մայիսի առաւօտեան Ռուսիոյ մայրաքաղաք Մոսկուան եւ Մոսկուայի մարզը հարուածած սաստիկ փոթորիկին պատճառով արձանագրուած են 16 զոհեր եւ 170 վիրաւորներ, անոնցմէ 146-ը հիւանդանոցին մէջ դարմանումի ենթարկուած են, իսկ 108 ուրիշներ տակաւին կը մնան հիւանդանոցը: Այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Մոսկուայի առողջապահութեան բաժանմունքի ղեկավար Ալեքսէյ Խրիփուն: «Բժշկական օգնութիւն ստանալու համար հիւանդանոց եկած է 168 անձ, 15 հիւանդանոցներ...




















