Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանի նստավայրի մուտքին մօտ անձամբ հրահանգած է յարձակիլ խաղաղ ցուցարարներու դէմ, որմէ ետք լուռ հետեւած է ծեծկռտուքին: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այդ ամէնը արձանագրուած է «Ամերիկայի ձայն»-ի թրքական ծառայութեան կողմէ հրապարակուած տեսանիւթին մէջ:
Տեսանիւթին մէջ կ՛երեւի, թէ ինչպէ՛ս Էրտողան ինքնաշարժին մէջ կը լսէ ցուցարարները, որոնք բարձրախօսներով կը բացագանչէին «Մանկասպան Էրտողան»: Ինքնաշարժի բացուած դրան մօտ` Էրտողանի կողքին կանգնած թիկնապահը անոր շարունակ կը տեղեկացնէ տիրող կացութեան մասին` հրահանգներ ստանալով նախագահէն:
Տեսանիւթին մէջ յստակօրէն կ՛երեւի, թէ ինչպէ՛ս յաջորդ վայրկեաններուն Էրտողանի հետ խորհրդակցող թիկնապահը կը հրահանգէ մէկ այլ թիկնապահի, որ գլուխով «այո»-ի նշան ընելէ ետք վազելով կ՛իջնէ ցուցարարներուն մօտ, որմէ ետք կը սկսի Թուրքիոյ նախագահի թիկնապահներուն յարձակումը խաղաղ ցուցարարներուն դէմ:
Յարձակումէն ետք Էրտողան դուրս կու գայ ինքնաշարժէն` դիտելու կատարուածը, իսկ հրահանգ ստացած թիկնապահը վազելով կը վերադառնայ` կարծես զեկուցելու Թուրքիոյ նախագահին կատարուածին մասին:
Տեղի ունեցող ծեծկռտուքին հետեւելէ ետք Էրտողան մուտք կը գործէ կեցութեան վայր: