«Համառուսական ազրպէյճանական քոնկրես»-ի լուծարման մասին որոշումը որեւէ ձեւով կապուած չէ քաղաքականութեան եւ պէտք չէ անդրադառնայ Մոսկուա-Պաքու յարաբերութիւններու զարգացման վրայ: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Վասիլի Նեպենզիա:
«Ատիկա պէտք չէ յանգեցնէ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութեան վատթարացման», ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես», շեշտած է բարձրաստիճան դիւանագէտը:
«Հարցերը իրաւական հարթութեան վրայ են, եւ պէտք է այդպէս ալ քննարկուին», բացատրած է Նեպենզիա: «Որոշումը կապուած է ոչ թէ ոեւէ մէկուն քաղաքական կամքին հետ, ատիկա միայն իրաւապահ մարմիններու որոշումն է, եւ առնչուած է այդ կազմակերպութեան արձանագրման ընթացակարգի խախտման», ընդգծած է արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարի տեղակալը:
Ռուսիոյ գերագոյն դատարանը 15 մայիսին բաւարարած է Ռուսիոյ արդարադատութեան նախարարութեան դիմումը «Համառուսական ազրպէյճանական քոնկրես» հասարակական կազմակերպութեան լուծարման մասին` վերջինիս կանոնադրութեան Ռուսիոյ օրէնսդրութեան չհամապատասխանելուն պատճառով:


