Թուրքիոյ Մէջ Մէկ Օրուան Ընթացքին Փոխուած Են 41 Նահանգապետներ
Թուրքիոյ նախարարներու խորհուրդի որոշումին համաձայն, փոխուած են երկրի 41 նահանգապետներ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Ռեսմի» պաշտօնաթերթը: 16 յուլիս 2016-ի յեղաշրջման փորձէն ետք, երկրին մէջ յայտարարուած արտակարգ դրութեան պայմաններուն մէջ նախարարաց խորհուրդի որոշումները անբեկանելի են, անոնք պատճառ դարձած են տասնեակ հազարաւոր պետական պաշտօնեաներու աշխատանքէ հեռացման: Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած է, որ պաշտօնէ արձակուած են Ամասիոյ, Արտահանի, Սաքարիոյ, Ուրֆայի, Վանի,...




















