Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաթար Բանակցութեանց Նախապայման Կը Ճշդէ. «Մեր Ներքին Հարցերը Բանակցելի Չեն» Կ՛ըսէ Շէյխ Մոհամետ

Յունիս 21, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քաթարի արտաքին գործոց նախարար շէյխ Մոհամետ Ապտել Ռահման Ալ Թանի շեշտեց, որ իր երկիրը պիտի չբանակցի իրեն հետ յարաբերութիւնները խզած երկիրներուն հետ, «մինչեւ շրջափակումը չվերցուի»:

«Շրջափակումի ջնջումը նախապայման է, որպէսզի ամէն բան յառաջ ընթանայ», ըսաւ ան` նշելով. «Մինչեւ հիմա շրջափակումի վերացման ուղղութեամբ որեւէ յառաջընթաց չտեսանք»:

«Քաթարի ներքին հարցերը, ներառեալ «Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանի ապագան բանակցելի չեն», շեշտեց Քաթարի արտաքին գործոց նախարարը` աւելցնելով, որ իր երկիրը տակաւին տագնապին առնչակից միւս կողմերէն որեւէ պահանջ չէ ստացած:

Մեկնաբանելով Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ժուպէյրի այն յայտարարութիւնը, թէ իր երկիրն ու գործընկերները աշխատանք կը տանին գանգատներու ցանկ մը պատրաստելու եւ Տոհային յանձնելու վրայ, քաթարական դիւանագիտութեան պետը ըսաւ, որ այդ պետութիւններուն պահանջները «մինչեւ հիմա յստակ չեն. պահանջներով ու «Ծոցի շրջանի տարակարծութիւն մը, որ պէտք չէ միջազգայնացուի» խօսքով սկսաւ, վերածուեցաւ պահանջներու, որոնք պիտի յանձնուին Միացեալ Նահանգներուն, իսկ հիմա վերածուած է գանգատներու ցանկի մը, որ պիտի պատրաստուի: Պահանջները ի՞նչ են: Յստակ չեն: Ուստի այս տարակարծութիւնը եւ այս միջոցառումները ինչո՞ւ են, եթէ գանգատները մինչեւ հիմա պատրաստուած չեն»:

Նախորդը

Եւրոպական Խորհրդարանը Որդեգրեց Բանաձեւ` Պրիւքսէլին Կոչ Ուղղելով Կասեցնելու Թուրքիոյ Անդամակցութեան Բանակցութիւնները

Յաջորդը

Ռուսիոյ Սպառնալիքէն Ետք. Աւստրալիա Առկախեց Սուրիոյ Մէջ Օդային Հարուածներուն Իր Մասնակցութիւնը

RelatedPosts

Սպիտակ Տուն. «Մօտիկ Ապագային Թրամփի Եւ Փութինի Միջեւ Վեհաժողովի Ծրագիրներ Չկան»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Մօտիկ Ապագային Թրամփի Եւ Փութինի Միջեւ Վեհաժողովի Ծրագիրներ Չկան»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Դաշնակիցներուն Եւ Իսրայէլի Փոխանցեցի, Թէ Տակաւին Համասի Դէմ Զինուորական Միջամտութիւն Կատարելու Ժամանակը Չեկաւ»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Սարքոզի Մուտք Գործեց Բանտ
Միջազգային

Սարքոզի Մուտք Գործեց Բանտ

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?