«Արմէնփրես» կը գրէ, որ Գերմանիոյ Համպուրկ քաղաքին մէջ 11 յուլիսին տեղի ունենալիք Քսաններու խմբակի երկիրներու վեհաժողովէն առաջ տեղւոյն ոստիկանութիւնը յատուկ միջոցառումներու ձեռնարկած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի թիկնապահներուն դէմ:
Թրքական «Տիքեն» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Համպուրկի ոստիկանապետ Ռալֆ Մարթին Մէյըր յայտարարած է, որ իրենք պիտի չարտօնեն օտար երկիրներու ղեկավարներու թիկնապահներուն Գերմանիոյ մէջ անկարգութիւններ կատարել: «Պիտի չարտօնենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի թիկնապահներուն կողմէ Ուաշինկթընի մէջ ցուցարարներու դէմ կատարուած յարձակումին նման դէպքեր Համպուրկի մէջ ալ կրկնուին», ըսած է Մէյըր:
Ան նշած է, որ թիկնապահները իրաւունք ունին միջամտելու միայն այն պարագային, երբ իրենց ղեկավարը յարձակումի թիրախ է: Բացի ատկէ, Մէյըր յայտնած է, որ անվտանգութեան աշխատակիցներուն պիտի արտօնուի զէնք կրել միայն յատուկ արտօնութեան պարագային:



