Միջազգային

Թուրքիա Ազատ Առեւտուրի Գօտի  Կը Ստեղծէ Նախիջեւանի Հետ

Թուրքիա Ազատ Առեւտուրի Գօտի Կը Ստեղծէ Նախիջեւանի Հետ

Թրքական լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ Թուրքիոյ տնտեսութեան նախարար Նիհաթ Զէյպեքճի յայտարարած է, որ Թուրքիա ազատ առեւտուրի գօտի կը ստեղծէ Նախիջեւանի հետ: Ըստ նախարարին, այդ հարցին առնչութեամբ արդէն ստեղծուած է անհրաժեշտ ենթակառոյցը: «Նախիջեւանի մէջ արդէն տեղակայուած են Թուրքիոյ տնտեսութեան նախարարութեան ներկայացուցիչները», ըսած է ան: «Նախիջեւանի հետ առեւտուրը ոչինչով կը տարբերի թրքական քաղաքներուն հետ առեւտուրէն: Գործարքները պիտի կատարուին թրքական թղթոսկիով», նշած է...

Իբրեւ Հակադարձութիւն Թեհրանի Մէջ  Կատարուած Ահաբեկչական Յարձակումներուն.  Թեհրան Իրանէն Արձակուած Հեռահար  Հրթիռներով Ռմբակոծեց Տէր Զօրի Մէջ  Ահաբեկչական Խմբաւորումներու Կեդրոնները

Իբրեւ Հակադարձութիւն Թեհրանի Մէջ Կատարուած Ահաբեկչական Յարձակումներուն. Թեհրան Իրանէն Արձակուած Հեռահար Հրթիռներով Ռմբակոծեց Տէր Զօրի Մէջ Ահաբեկչական Խմբաւորումներու Կեդրոնները

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի մամլոյ ծառայութիւնը յայտարարեց, որ իր ուժերը կիրակի օր հրթիռներ արձակած են Տէր Զօրի մէջ ահաբեկիչներուն կեդրոնատեղիին դէմ` «պատժելու համար Թեհրանի մէջ վերջերս կատարուած ահաբեկչական երկու յարձակումներու հեղինակները»: Ըստ հաղորդագրութեան, Յեղափոխական պահակագունդը ցամաքէ ցամաք հեռահար վեց հրթիռներ արձակած են Տէր Զօրի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի կեդրոնատեղիներուն դէմ` նշելով, որ ըստ տեղեկութեանց, զինեալները ունեցած են բազմաթիւ զոհեր եւ անոնց սպառազինութիւնները ոչնչացուած...

Քրտական Ուժերուն Եւ Սուրիական  Բանակին Միջեւ Բուռն Բախումներ.  Միջազգային Դաշինքը Ռաքքայի Գիւղական  Շրջանին Մէջ Վար Առաւ Սուրիոյ Օդուժի Ռմբաձիգ Մը

Քրտական Ուժերուն Եւ Սուրիական Բանակին Միջեւ Բուռն Բախումներ. Միջազգային Դաշինքը Ռաքքայի Գիւղական Շրջանին Մէջ Վար Առաւ Սուրիոյ Օդուժի Ռմբաձիգ Մը

Սուրիական բանակի հրամանատարութիւնը յայտնեց, որ ամերիկեան ղեկավարութեամբ Միջազգային դաշինքի կործանիչները կիրակի կէսօրէ ետք Ռաքքայի հարաւային գիւղական շրջանի Ռասաֆա շրջանին մէջ վար առած են սուրիական պատերազմական օդանաւ մը, որ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ գործողութիւն մը կը կատարէր: Սուրիական օդանաւի օդաչուին ճակատագիրը կը մնայ անյայտ: Հետագային ամերիկեան բանակը յայտնեց, որ ամերիկեան կործանիչներ վար առած են սուրիական օդանաւը, որ Սուրիոյ մէջ Ուաշինկթընի աջակցութիւնը վայելող զինեալներուն...

Ռուսիա Զարմանք Կը Յայտնէ Լիպիոյ Մէջ Իշխանութիւնը Ինքնիրեն Փոխանցելու Հաֆթարի Քայլին Նկատմամբ

Մոսկուա Միացեալ Նահանգները Կը Զգուշացնէ Սուրիոյ Կառավարական Ուժերուն Դէմ Ուժ Կիրարկելէն

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, մեկնաբանելով ամերիկեան օժուժին կողմէ սուրիական ռմբաձիգի վար առնուելուն դէպքը, յայտարարեց. «Մոսկուա կը զգուշացնէ Միացեալ Նահանգները սուրիական կառավարական ուժերուն դէմ ուժ կիրարկելէն»: Նախարարութիւնը նշեց, որ մտահոգ է սուրիական օդանաւի վար առնուելուն դէպքով եւ զայն կը նկատէ «դէպի վտանգաւոր մագլցում առաջնորդող քայլ մը»: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր կարգին յայտարարեց, որ բոլոր երկիրները պարտաւոր են յարգել...

Լոնտոնի Մէջ Վրայերթ` Մզկիթի Մը Մօտ

Լոնտոնի Մէջ Վրայերթ` Մզկիթի Մը Մօտ

Զոհ մը արձանագրուեցաւ եւ 10 ուրիշներ վիրաւորուեցան, երբ անծանօթ մը փոքր փոխադրակառքով մը հիւսիսային Լոնտոնի մէջ մզկիթի մը մօտ վրայերթի ենթարկեց անցորդներ: Ոստիկանութիւնը յայտնեց, որ Ֆինսպըրի Փարքի մզկիթին մօտ «ահաբեկչական յարձակում»-էն ետք 8 անձեր փոխադրուած են հիւանդանոց: Դէպքի վայրին մէջ գտնուող քաղաքացիները յաջողեցան ձերբակալել եւ ոստիկանութեան յանձնել 48-ամեայ վարիչը: Ոստիկանութիւնը ըսաւ, որ զոհն ու վիրաւորները իսլամ են: Ականատեսներէն մէկը «Պի.Պի.Սի.»-ին...

Փարիզի Մէջ Բեռնատար Մը Մխրճուած Է  Ոստիկանական Ինքնաշարժի Մէջ.  Վարորդը Զինուած Եղած Է

Փարիզի Մէջ Բեռնատար Մը Մխրճուած Է Ոստիկանական Ինքնաշարժի Մէջ. Վարորդը Զինուած Եղած Է

Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ` Շանզ Էլիզէի մէջ անյայտ անձ մը բեռնատար մեքենայով ոստիկանական ինքնաշարժի մը մէջ մխրճուած է, որմէ ետք բեռնատար մեքենան հրկիզուած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Պէ.Էֆ.Էմ.Թէ.Վէ.» պատկերասփիւռի կայանը: Ոստիկանները արդէն ձերբակալած են բեռնատարին վարորդը: Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարարութեան խօսնակ  Փիեռ Պրանտէ յայտնած է, որ ըստ նախնական տուեալներուն, վրայերթը դիտումնաւոր էր, իսկ յանցագործը «ամենայն հաւանականութեամբ մահացած է»: Յայտնի...

«Թուրքիա Կ՛ուզէ Նոր Էջ Բանալ Եւրոպական  Միութեան Հետ Յարաբերութիւններուն Մէջ»  Կ՛ըսէ Եըլտըրըմ

«Թուրքիա Կ՛ուզէ Նոր Էջ Բանալ Եւրոպական Միութեան Հետ Յարաբերութիւններուն Մէջ» Կ՛ըսէ Եըլտըրըմ

Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ Աթէնքի մէջ իր յոյն պաշտօնակից Ալեքսիս Ցիփրասի հետ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է, որ Թուրքիան կ’ուզէ նոր էջ բանալ Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններուն մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը: Եըլտըրըմ նշած է, որ այդ մասին բազմիցս խօսած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան: Վարչապետին համաձայն, հակառակ անոր որ Թուրքիան եւ Եւրոպական Միութիւնը ստորագրած...

Անգարայի Մէջ Ցոյց`  Իշխանութիւններուն Դէմ

Անգարայի Մէջ Ցոյց` Իշխանութիւններուն Դէմ

Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ բողոքի զանգուածային ցոյցեր տեղի ունեցան ի պաշտպանութիւն կալանաւորուած ուսուցիչներ Նուրիյէ Կիւլմենի եւ Սեմիհ Էօզաքչայի: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը: Թուրքիոյ նախարարներու խորհուրդին կողմէն երկրին մէջ սահմանուած արտակարգ դրութեան պայմաններուն մէջ տրուած որոշումին պատճառով իրենց աշխատանքէն զրկուած ուսուցիչները աւելի քան հարիւր օրէ ի վեր կը շարունակեն հացադուլը` անտեսելով բժիշկներու` մահուան սպառնալիքի մասին զգուշացումները: Մօտ մէկ...

Թուրք Զինուորներու Առաջին  Խումբը Հասած Է Քաթար

Թուրք Զինուորներու Առաջին Խումբը Հասած Է Քաթար

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Քաթարի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է, թէ միացեալ ռազմափորձերու մասնակցելու նպատակով թուրք զինուորներու առաջին խումբը հասած է Քաթարի մայրաքաղաք Տոհա: Քաթարի իշխանութիւնները յայտնած են, որ թրքական զինեալ ուժերը արդէն մասնակցած են իրականացուած առաջին ռազմափորձերուն: Թուրքիոյ խորհրդարանը 7 յունիսին որդեգրած էր որոշում մը, որով թրքական կողմը իր զինուորները պիտի տեղակայէ Քաթարի մէջ, ինչպէս նաեւ պիտի վերապատրաստէ...

Ըստ Թուրքիոյ Նախկին Փոխվարչապետին.  Քաթարեան Տագնապը Թրամփի Հեղինակութեամբ  Եւ Ծոցի Թագաւորներու  Դերակատարութեամբ Թատրոն Մըն Է

Ըստ Թուրքիոյ Նախկին Փոխվարչապետին. Քաթարեան Տագնապը Թրամփի Հեղինակութեամբ Եւ Ծոցի Թագաւորներու Դերակատարութեամբ Թատրոն Մըն Է

Թուրքիոյ նախկին փոխվարչապետ ու ելեւմուտքի նախարար Ապտելլաթիֆ Շեներ պատկերասփռուած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիան եւ անոր դաշնակիցները Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան ամերիկեան հովանաւորութեամբ իրենց աջակցութեամբ քաթարէն տարբեր չեն: Ան զարմանք յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններն ու Պահրէյնը միայն Քաթարը կը նշեն իբրեւ Իսլամ եղբայրներու եւ ընդհանրապէս ահաբեկչութեան աջակցող` հարց տալով. «Այդ երկիրներն ու այլ երկիրներ, ներառեալ Թուրքիան...

Երեք Ամսուան Ընթացքին Երկիր  Չվերադառնալու Պարագային.  Թուրքիան Քաղաքացիութենէ Պիտի Զրկէ  Կիւլենը Եւ Շարք Մը Քիւրտ Գործիչներ

Երեք Ամսուան Ընթացքին Երկիր Չվերադառնալու Պարագային. Թուրքիան Քաղաքացիութենէ Պիտի Զրկէ Կիւլենը Եւ Շարք Մը Քիւրտ Գործիչներ

Թուրքիան պատրաստ է քաղաքացիութենէ զրկելու 130 քաղաքացիներ, որոնք կը գտնուին արտասահման եւ կը հետապնդուին թրքական իշխանութիւններուն կողմէ` Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) կամ 15 յուլիս 2016-ի յեղաշրջման փորձի կազմակերպիչը նկատուող թուրք քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենի «Հիզմեթ» շարժումին հետ կապ ունենալնուն համար: Քաղաքացիութենէ զրկուելու վտանգի առջեւ կանգնածներու ցուցակին վրայ կան նաեւ Ֆեթհուլլա Կիւլենի եւ շարք մը քիւրտ քաղաքական գործիչներու անունները: Այս մասին կը...

Թուրքիա Որոշած Է Չէզոք Դիրք Գրաւել  Կլիմայի Փոփոխութեան Վերաբերեալ  Փարիզեան Համաձայնագիրի Հարցին Մէջ

Թուրքիա Որոշած Է Չէզոք Դիրք Գրաւել Կլիմայի Փոփոխութեան Վերաբերեալ Փարիզեան Համաձայնագիրի Հարցին Մէջ

Թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիա որոշած է չէզոք դիրք գրաւել Կլիմայական փոփոխութիւններու վերաբերեալ փարիզեան համաձայնագիրի հարցին մէջ եւ հետեւիլ յառաջիկայ զարգացումներուն: Յայտնի է, որ Թուրքիա յետաձգած է համաձայնագիրին վաւերացումը եւ զայն ուղարկած խորհրդարան` քննարկութեան եւ ատոր հետագայ ճակատագիրին հետեւելու համար: Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` Միացեալ Նահանգները Կլիմայական փոփոխութիւններու վերաբերեալ փարիզեան համաձայնագիրէն դուրս բերելու որոշումը ո՛չ...

Իրաքեան Զինեալ Ուժերը Սկսած Են  Հին Մուսուլի Դէմ Յարձակումը

Իրաքեան Զինեալ Ուժերը Սկսած Են Հին Մուսուլի Դէմ Յարձակումը

Իրաքեան բանակը երէկ սկսած է Մուսուլի հին շրջանին դէմ յարձակումը: Նշեալ շրջանը մինչեւ այժմ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ գրաւուած կը մնայ: «Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ Իրաքի ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ծառայութեան ղեկավար զօրավար-գնդապետ Ապտուլլա Ղանի Ասատի անունով հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ ասիկա Մուսուլի ազատագրման ուղղուած յարձակումին «վերջին գլուխն է»: Մուսուլի շուրջ մարտերը արդէն կը շարունակուին 9 ամիսէ ի վեր: Ներկայիս ՄԱԿ-ի...

Ռիատ Կը Մերժէ Սէուտական Արաբիոյ Մէջ  Ռազմակայան Կառուցելու Թուրքիոյ Առաջարկը

Ռիատ Կը Մերժէ Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Ռազմակայան Կառուցելու Թուրքիոյ Առաջարկը

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ Քուէյթի մէջ ռազմակայան բանալու որոշումը տալու ժամանակ իրենք նոյն առաջարկը կատարած են նաեւ Սէուտական Արաբիոյ: Ըստ Էրտողանի, ան այդ հարցին մասին խօսած է Սէուտական Արաբիոյ թագաւորին հետ եւ վերջինս խոստացած է մտածել այդ մասին, սակայն մինչեւ օրս Թուրքիա որեւէ պատասխան չէ ստացած: Նախապէս հաղորդուած էր, որ...

Ֆրանսայի Խորհրդարանական Ընտրութիւններ.  Մաքրոնի Կուսակցութիւնը Ապահովեց  Ազգային Ժողովի Մեծամասնութիւնը

Ֆրանսայի Խորհրդարանական Ընտրութիւններ. Մաքրոնի Կուսակցութիւնը Ապահովեց Ազգային Ժողովի Մեծամասնութիւնը

Նախագահ Մաքրոնի «Յառաջ ընթացող հանրապետութիւն»-ը Ազգային ժողովի 577 աթոռներէն 355-ը ապահովելով կազմեց խորհրդարանի մեծամասնութիւնը, իսկ անոր դաշնակից Ժողովրդավարական շարժումը ապահովեց 44 աթոռներ: Հանրապետականներ կուսակցութիւնը ապահովեց 125 աթոռ, Ընկերվարական կուսակցութիւնը` 49, «Չընկճուած Ֆրանսան»` 19, Անկախ ժողովրդավարներու միութիւնը` 17, իսկ Ազգային ճակատը` 8: Վերջինս զրկուեցաւ խորհրդարանին մէջ պլոք կազմելու իրաւունքէն: Մասնակցութեան համեմատութիւնը շատ ցած էր: Քուէարկողներուն 56,6 առ հարիւրը չմասնակցեցաւ ընտրութեան: Ֆրանսացի...

«Պիտի Չարտօնենք, Որ Մեր Հողերը  Օգտագործուին Իրանի Դէմ  Յարձակում Գործելու Համար»  Կ՛ըսէ Ապատի

«Պիտի Չարտօնենք, Որ Մեր Հողերը Օգտագործուին Իրանի Դէմ Յարձակում Գործելու Համար» Կ՛ըսէ Ապատի

Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի յայտնեց, որ իր երկիրը սկսած է ոտքի կանգնիլ եւ կրնայ կարեւոր դերեր ստանձնել` նշելով, որ Իրաք կ՛ուզէ դրացի երկիրներուն հետ բախումի չերթալու սկզբունքին վրայ հիմնուած յարաբերութիւններ հաստատել եւ ոչ թէ անոնց հետ տարակարծութիւններու համար կռիւ մղել: Ապատի երէկ լրատուամիջոցներու աշխատակիցներու եւ քաղաքական վերլուծաբաններու առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ աւելցուց. «Պիտի չարտօնենք եւ չընդունինք, որ մեր հողերը...

Փորթուգալի Մէջ Անտառային Հրդեհներու  Պատճառով Արձանագրուեցան Բազմաթիւ Զոհեր

Փորթուգալի Մէջ Անտառային Հրդեհներու Պատճառով Արձանագրուեցան Բազմաթիւ Զոհեր

«Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Փորթուգալի ներքին գործոց նախարար Խորխէ Կոմեսը, կը հաղորդէ, որ երկրին մէջ անտառային հրդեհներու պատճառով արձանագրուած է 62 զոհ: Փորթուգալական կառավարութիւնը երկրին մէջ կիրակիէն մինչեւ երեքշաբթի սուգ յայտարարած է: Կը հաղորդուի, որ շաբաթ օր սկսած հրդեհին դէմ պայքարող 700 հրշէջներուն միացած է 360 զինուոր: Լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, որ ասիկա վերջին տասնամեակներուն ընթացքին ամէնէն շատ զոհեր...

«54 Տարիէ Ի Վեր Կը Սպասենք Եւրոպական  Միութեան Դռներուն Առջեւ»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«54 Տարիէ Ի Վեր Կը Սպասենք Եւրոպական Միութեան Դռներուն Առջեւ» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ իր երկիրը արդէն 54 տարիէ ի վեր կը սպասէ Եւրոպական Միութեան դռներուն առջեւ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հապեր7» կայքը: «Այսքան երկար սպասող երկիր չկայ: Թուրքիոյ նկատմամբ Եւրոպական Միութեան վերաբերմունքը ճիշդ չէ», նշած է ան: Թուրքիոյ նախագահին կարծիքով` Եւրոպական Միութիւնը «չէ կատարած Թուրքիոյ տուած իր խոստումը»: Խօսքը նախ եւ առաջ կը վերաբերի...

«Քաթար Ահաբեկչութեան Ֆինանսաւորման Դադրեցման Վճռական Միջոցառումներ  Պէտք Է Որդեգրէ»  Կ՛ըսէ Պըն Զայետ

«Քաթար Ահաբեկչութեան Ֆինանսաւորման Դադրեցման Վճռական Միջոցառումներ Պէտք Է Որդեգրէ» Կ՛ըսէ Պըն Զայետ

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա պըն Զայետ յայտնեց. «Քաթար ահաբեկչական խմբաւորումներու ֆինանսաւորման դադրեցման համար, իր դրացիներու ներքին գործերուն միջամտութեան եւ իր լրատուամիջոցները սադրանքի ու ծայրայեղականութեան քաջալերման օգտագործման վերջ տուող վճռական միջոցառումներ պէտք է որդեգրէ»: Պըն Զայետ այս յայտարարութիւնը կատարեց Միացեալ Նահանգներու մէջ, ուր հանդիպում ունեցաւ իր ամերիկացի պաշտօնակից Ռեքս Թիլըրսընի հետ եւ անոր ներկայացուց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ու...

Եւրոպական Խորհրդարանը Կոչ Ուղղած Է  Ազրպէյճանին` Ազատ Արձակելու Մուխթարլին

Եւրոպական Խորհրդարանը Կոչ Ուղղած Է Ազրպէյճանին` Ազատ Արձակելու Մուխթարլին

Եւրոպական խորհրդարանը որդեգրած է բանաձեւ մը, որուն մէջ կոչ կ՛ուղղէ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն` անյապաղ ազատ արձակելու 29 մայիսին Վրաստանի մէջ առեւանգուած եւ Ազրպէյճան տեղափոխուած Աֆղան Մուխթարլին եւ չեղեալ յայտարարելու անոր նկատմամբ բոլոր մեղադրանքները: Այս մասին կը հաղորդէ «Նիուզ»-ը: Նոյն բանաձեւով Եւրոպական խորհրդարանը Ազրպէյճանի իշխանութիւններէն կը պահանջէ դադրեցնել լրագրողներու եւ իրաւապաշտպաններու քրէական հետապնդումներն ու բանտարկութիւնները, անյապաղ ազատ արձակել բոլոր քաղաքական բանտարկեալները եւ...

Page 696 of 883 1 … 695 696 697 … 883

Արխիւներ