Եւրոպական դրացնութեան քաղաքականութեան եւ ընդլայնման բանակցութիւններու հարցերով յանձնակատար Եոհաննէս Հան պիտի այցելէ Թուրքիա: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը:
Թուրքիոյ մէջ Եւրոպական Միութեան գրասենեակէն յայտնած են, որ այցելութիւնը տեղի պիտի ունենայ 6 յուլիսին:
Եւրոպական Միութեան դրացնութեան քաղաքականութեան եւ ընդլայնման բանակցութիւններու հարցերով յանձնակատարի Թուրքիա այցելութիւնը յատկապէս կարեւոր կը նկատուի այդ երկրի` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցի քննարկման տեսանկիւնէն:
Հան վերջին անգամ Թուրքիա այցելած էր սեպտեմբեր 2016-ին: