«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ճափոնի մէջ սաստիկ տաքին պատճառով մէկ շաբթուան ընթացքին շուրջ 700 մարդ տեղափոխուած է հիւանդանոց:
12-18 յունիս Ճափոնի տարբեր հիւանդանոցներ տեղափոխուած են 697 քաղաքացիներ, որոնցմէ երկուքը մահացած են:
Անցեալ շաբթուան համեմատ հիւանդանոց տեղափոխուածներուն թիւը աւելցած է 101-ով:
Եղանակային պայմաններէն վնասուածներուն շուրջ 50 առ հարիւրը 65 տարեկանէն վեր մարդիկ են: