«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Ճէյմս Մաթիս յառաջիկայ շաբաթ Եւրոպայի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ իր թուրք պաշտօնակից Ֆիքրի Ըշըքի հետ:
Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերու սպայակոյտերու ղեկավարներու միացեալ յանձնախումբի նախագահ Ճոզըֆ Տենֆըրտ ըսած է, որ Փենթակոնի ղեկավար Մաթիս Թուրքիոյ ուղարկած է Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու ներդրած ջանքերուն վերաբերող տեղեկութիւն պարունակող մանրամասն նամակ մը: