Ռուսական «Կազփրոմ», իտալական «Էտիսոն» եւ յունական ՏԵՓԱ ուժանիւթի ընկերութիւններուն միջեւ կնքուած է նոր համաձայնագիր` ռուսական կազը Թուրքիոյ տարածքով Իտալիա եւ Յունաստան հասցնելու շուրջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան թրքական ծառայութիւնը:
Ռուսական կազը նշեալ երկիրներ հասցնելու համար պիտի օգտագործուի «Թրքական հոսք» նախագիծի ծիրին մէջ կառուցուող երկրորդ խողովակաշարը, ինչպէս նաեւ` «Թուրքիա-Յունաստան-Իտալիա» եւ եւրոպական «Փոզէյտոն» խողովակաշարերը:
Յիշեցնենք, որ Մոսկուան եւ Անգարան ստորագրած են միջկառավարական համաձայնագիր, որ կ՛ենթադրէ Սեւ ծովուն յատակով կազատար խողովակաշարի երկու ճիւղի կառուցում: Յայտնի է, որ առաջին ճիւղը նախատեսուած է կազը թրքական շուկայ մատակարարելու, իսկ երկրորդը` եւրոպական շուկայ մատակարարելու:
Թուրքիոյ ուժանիւթային քաղաքականութեան համար «Թրքական հոսք» նախագիծը կարեւոր նշանակութիւն ունի: