Միջազգային

Իրաքի Պաշտպանութեան Նախարարութիւն.  «Իրաքի Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Գոյութիւնը  Յաւիտեանս Դադրեցաւ»

Իրաքի Պաշտպանութեան Նախարարութիւն. «Իրաքի Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Գոյութիւնը Յաւիտեանս Դադրեցաւ»

Իրաքեան Ուժերը Ազատագրած Են Մուսուլի Պատմական Մզկիթը, Ուր Հռչակուած Էր ՏԱՀԵՇ-ի «Խալիֆայութիւնը» «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով իրաքեան զինեալ ուժերու յայտարարութիւնը, կը հաղորդէ, որ իրաքեան ուժերը երէկ ազատագրած են Մուսուլի աւերուած պատմական մզկիթը, ուրկէ ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման ղեկավար Ապուպաքր Պաղտատի երեք տարի առաջ հռչակած էր «խալիֆայութիւն»: 850-ամեայ Նուրի մզկիթին ազատագրումը խորհրդանշական յաղթանակ է իրաքեան ուժերուն համար, որոնք աւելի քան ութ ամիսէ...

Քաթար Մերժած Է Իրեն  Ներկայացուած Պահանջները

Քաթար Մերժած Է Իրեն Ներկայացուած Պահանջները

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Քաթար պատրաստ է արաբական պետութիւններու հետ քննարկելու գոյութիւն ունեցող խնդիրները` վերջ դնելու համար շրջանային ճգնաժամին, սակայն յայտարարած է, որ անոնց կողմէ անցեալ շաբաթ ներկայացուած պահանջներու ցանկը կը բովանդակէ այնպիսի կէտեր, որոնք անկարելի է գործադրել, որովհետեւ չեն համապատասխաներ իրականութեան: Քաթարի արտաքին գործոց նախարար շէյխ Մոհամետ պըն Ապտել Ռահման Ալ Թանի երէկ յայտարարած է. «Մենք չենք...

Ըստ «Սի.Էն.Էն.»-ի.  Ուաշինկթըն Իր Մարտանաւերուն Եւ Օդանաւերուն  Յանձնարարած Է Պատրաստ Ըլլալ Սուրիոյ Մէջ  Օդուժի Ռազմակայան Մը Հարուածելու

Ըստ «Սի.Էն.Էն.»-ի. Ուաշինկթըն Իր Մարտանաւերուն Եւ Օդանաւերուն Յանձնարարած Է Պատրաստ Ըլլալ Սուրիոյ Մէջ Օդուժի Ռազմակայան Մը Հարուածելու

«Սի.Էն.Էն.» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու պատերազմական օդանաւերն ու մարտանաւերը տեղակայուած են յարձակումի պատրաստ դիրքերու վրայ` Սուրիան հարուածելու համար: Ամերիկեան պատկերասփիւռի կայանը կը նշէ, որ տակաւին յարձակում մը չի նախատեսուիր: «Սի.Էն.Էն.»-ի աղբիւրներուն տուեալներով` ամերիկացի զինուորականները միշտ կը հետեւին Սուրիոյ Շուէյրաթ ռազմակայանի գործողութիւններուն: Ուաշինկթընի մէջ գոյութիւն ունի այն կարծիքը, որ օդուժի այդ ռազմակայանէն կրնայ քիմիական զէնքով յարձակում գործուիլ: Աղբիւրը կը նշէ,...

Լաւրով. «Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապը  Միայն Բանակցութիւններու Միջոցով Կը Լուծուի»

«Ռուսիա Արժանի Պատասխան Պիտի Տայ, Եթէ Միացեալ Նահանգներ Գործադրեն Սուրիոյ Դէմ Իրենց Սպառնալիքները» Ըսաւ Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր գերմանացի պաշտօնակից Զիկմար Կապրիէլի հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտնեց, որ եթէ Միացեալ Նահանգներ գործադրեն Սուրիոյ դէմ իրենց սպառնալիքները` քիմիական զէնքով յարձակումի ենթադրեալ ծրագիրներու հետ կապուած, ապա Ռուսիան պիտի արձագանգէ ըստ արժանւոյն: «Ես կ՛ակնկալեմ, որ այս անգամ գոնէ Միացեալ Նահանգներ պիտի առաջնորդուին քիմիական զէնք չտարածելու դրութիւնը իսկապէս պաշտպանելու անհրաժեշտութեամբ, եւ ոչ թէ պիտի օգտագործէ...

Պրիւքսէլի Մէջ Ըշըք-Մաթիս Հանդիպում

Պրիւքսէլի Մէջ Ըշըք-Մաթիս Հանդիպում

Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Ֆիքրի Ըշըք ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու հաւաքի ծիրին մէջ Պրիւքսէլի մէջ հանդիպում ունեցած է իր ամերիկացի պաշտօնակից Ճէյմս Մաթիսի հետ: Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են շրջանային հարցեր, մասնաւորաբար Սուրիոյ, Իրաքի, Քաթարի եւ Աֆղանիստանի մէջ կացութիւնը: Ըշըք իր երկրին մտահոգութիւնը յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ զէնք կը...

«Քաթարէն Մեր Պահանջները  Բանակցելի Չեն»  Կ՛ըսէ Ժուպէյր

«Քաթարէն Մեր Պահանջները Բանակցելի Չեն» Կ՛ըսէ Ժուպէյր

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ժուպէյր յայտնեց. «Պահանջներու ցուցակ մը ներկայացուցինք Քաթարին, մեր կեցուածքը յստակացուցինք եւ որոշում տուինք, իսկ այդ պահանջներու ցուցակը բանակցելի չէ եւ պէտք է ամբողջութեամբ գործադրուի»: Ան յոյս յայտնեց, որ Քաթարի ղեկավարները իմաստուն գտնուին եւ դադրին ահաբեկչական խմբաւորումներուն աջակցելէ եւ շարք մը երկիրներու ներքին գործերուն միջամտելէ: Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն Քուէյթի...

Իրան Պատրաստ Է Օգտագործելու Հիւսիսային  Քորէայի Հետ Իր Կապերը` Քորէական  Թերակղզիի Կացութեան Լուծման Համար

Իրան Պատրաստ Է Օգտագործելու Հիւսիսային Քորէայի Հետ Իր Կապերը` Քորէական Թերակղզիի Կացութեան Լուծման Համար

Իրան պատրաստ է օգտագործելու Հիւսիսային Քորէայի հետ իր կապերը` Քորէական թերակղզիին վրայ կացութեան լուծման աջակցելու համար: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Արտաշիր Լարիճանին յայտարարած է, որ անոնք կ՛ուսումնասիրեն հարցը, եւ եթէ ի յայտ գայ, որ Իրան իսկապէս ի զօրու է հարցեր լուծել Թեհրանի եւ Փիոնկիանկի միջեւ գոյութիւն ունեցող դիւանագիտական կապերուն շնորհիւ, ապա պիտի ընէ իր կարելին:...

Պրազիլի Մէջ Անյայտ Անձեր Փորձած Են  Ինքնաշարժով Ներխուժել Նախագահական Նստավայր

Պրազիլի Մէջ Անյայտ Անձեր Փորձած Են Ինքնաշարժով Ներխուժել Նախագահական Նստավայր

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ չորեքշաբթի գիշեր խումբ մը անյայտ անձեր փորձած են ինքնաշարժով ներխուժել Պրազիլի նախագահ Միշել Թամերի նստավայրի տարածք: Ինքնաշարժը զարնուած է Ալվորատա պալատի պարիսպին, որուն մօտ ինկած են փամփուշտներ: Ոստիկանութեան համաձայն, ձերբակալուած է անձ մը: Միջադէպէն ետք, մայրաքաղաք Պրազիլիայի մէջ գտնուող նախագահական նստավայրի տարածքին հսկողութիւնը ամրապնդուած է: Աղբիւրը կ՛աւելցնէ, որ յարձակումին ընթացքին նախագահը իր նստավայրը չէր գտնուեր:

Իրան Ասիան Եւրոպային Կապող Երկաթուղիի  Հաստատման Համաձայնութիւն Կնքած Է

Իրան Ասիան Եւրոպային Կապող Երկաթուղիի Հաստատման Համաձայնութիւն Կնքած Է

Իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրան ասիական եւ եւրոպական չորս երկիրներու հետ համաձայնութիւն կնքած է Ասիան Իրանի առանցքին ճամբով Եւրոպային կապող երկաթուղիի մը կառուցման շուրջ, որուն նպատակը մինչեւ այս տարուան վերջաւորութիւնը ապրանքաշրջանառութիւնը մինչեւ 200 հազար թոնի բարձրացնելն է: Իրանի երկաթուղիի միջազգային հարցերու գրասենեակը յայտարարած է, որ հինգ երկիրներու` Իրանի, Ազրպէյճանի, Վրաստանի, Ուքրանիոյ եւ Լեհաստանի նախագահները համաձայնութիւն գոյացուցած են...

Թրքական Բանակը  Մուտք Գործած Է Իտլիպ

Թրքական Բանակը Մուտք Գործած Է Իտլիպ

Թրքական «Սապահ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ թրքական զինեալ ուժերը մուտք գործած են Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող Իտլիպ շրջան, ուր կը պատրաստուին հիմնելու ռազմակայան մը: Թրքական լրատուամիջոցներուն համաձայն, թուրք զինուորները այստեղ ռուսական ուժերուն հետ միասին պիտի մասնակցին տարածքի անվտանգութեան ապահովման եւ վերահսկումին: Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն նախապէս յայտարարած էր, որ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ զինուորները կրնան ուղարկուիլ Իտլիպ` անվտագնութեան վերահսկողութեան համար: Քալըն...

«Միջազգային Դաշինքի Հարուածը Կ՛ոտնահարէ Սուրիոյ Գերիշխանութիւնը Եւ Չի Նպաստեր Տագնապի Լուծման Քաղաքական Հոլովոյթին»   Կ՛ըսէ Կաթիլով

Մոսկուա Սուրիոյ Մէջ Միակողմանի Քայլերէ Կը Զգուշացնէ Ուաշինկթընը

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով զգուշացուց Միացեալ Նահանգները Սուրիոյ մէջ միակողմանի քայլերէ` նշելով. «Դամասկոսի` քիմիական զէնքով յարձակումներու պատրաստուելուն մասին Ուաշինկթընի պնդումները զրպարտութիւն են»: «Դամասկոսի կողմէ քիմիական զէնքով յարձակումներու պատրաստութեան մասին Ուաշինկթընի յայտարարութիւնները կը դժուարացնեն Ասթանայի եւ Ժընեւի բանակցային հոլովոյթը» նշեց ան: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հետըր Նիւըրթ մերժեց Դամասկոսի կողմէ քիմիական զէնքով յարձակումի պատրաստութեան վերաբերեալ փաստեր ներկայացնել...

Վենեզուելայի Գերագոյն Դատարանն Ու Ներքին  Գործոց Նախարարութիւնը Ուղղաթիռի  Կողմէ Յարձակումի Ենթարկուեցան

Վենեզուելայի Գերագոյն Դատարանն Ու Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Ուղղաթիռի Կողմէ Յարձակումի Ենթարկուեցան

Վենեզուելայի Գերագոյն դատարանի եւ ներքին գործոց նախարարութեան շէնքերը յարձակումի ենթարկուած են ուղղաթիռէ: Ոստիկանական ուղղաթիռէն 15 փամփուշտ արձակուած է ներքին գործոց նախարարութեան շէնքին ուղղութեամբ, ուր տասնեակ մարդիկ կը մասնակցէին ձեռնարկի մը, եւ չորս ձեռնառումբ նետուած է Գերագոյն դատարանի շէնքին վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: Կը հաղորդուի, որ յարձակումին պատճառով վիրաւորներ չկան: Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրօ դէպքը նկատած է...

Էրտողան Կը Խօսի Սուրիոյ Մէջ  Նոր Զինուորական  Գործողութեան Կարելիութեան Մասին

Էրտողան Կը Խօսի Սուրիոյ Մէջ Նոր Զինուորական Գործողութեան Կարելիութեան Մասին

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ռուսական «Իզվեսթիա» օրաթերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Թուրքիա կրնայ Սուրիոյ հիւսիսը զինուորական գործողութիւն մը եւս կատարել: «Այսօր Սուրիոյ մէջ բացասական հոլովոյթներ տեղի կ՛ունենան, եւ եթէ մեր սահմաններուն վտանգ սպառնայ, մենք պիտի չլռենք եւ պատասխան հարուած պիտի հասցնենք, ինչպէս «Եփրատի վահան» գործողութեան ժամանակ ըրինք», ըսած է Էրտողան: Օրեր առաջ Թուրքիոյ նախագահը` խօսելով Միացեալ...

Գերմանական Ոստիկանութիւնը Պունտըսթակի  Անդամներ Կը Զգուշացնէ ՄԻԹ-ի Կողմէ  Հաւանական Լրտեսումի Մասին

Գերմանական Ոստիկանութիւնը Պունտըսթակի Անդամներ Կը Զգուշացնէ ՄԻԹ-ի Կողմէ Հաւանական Լրտեսումի Մասին

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ ոստիկանութիւնը գերմանացի երեսփոխաններու զգուշացուցած է թրքական գաղտնի սպասարկութեան կողմէ հաւանական լրտեսման մասին: Գերմանական «Տի Վելթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ գերմանական ոստիկանութեան դաշնակցային գրասենեակը վերջին շրջանին կատարած է շարք մը «ապահովական քննարկումներ»` հիմնականին մէջ թրքական հետախուզութեան կողմէ հաւանական լրտեսման եւ թուրք ազգայնականներու կողմէ ստեղծուած վտանգներու վերաբերեալ: Գերմանիոյ ընդհանուր դատախազը յունուարին հետաքննութեան ձեռնարկած էր թրքական...

«Թուրքիան Իր Քաղաքականութեամբ  Կը Հեռանայ Եւրոպական Միութենէն»  Կ՛ըսէ Փիրի

«Թուրքիան Իր Քաղաքականութեամբ Կը Հեռանայ Եւրոպական Միութենէն» Կ՛ըսէ Փիրի

Թուրքիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու եւ օրէնքի գերակայութեան մնայուն խախտումներու պարագային այդ երկրի Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը կը դառնայ անկարելի: «Արմէնփրես» կը նշէ, որ այս մասին «Պի.Պի.Սի.»-ի թրքական ծառայութեան հաղորդումով ըսած է Եւրոպական խորհրդարանի Թուրքիոյ հարցով զեկուցող Քեթի Փիրի: Ան ընդգծած է, որ Եւրոպական Միութեան անդամակցիլ աւելի շատ կ՛ուզէ ոչ թէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը, այլ ժողովուրդը: «Թուրքիոյ անդամակցութեան հոլովոյթը մինչեւ օրս ամէնէն խնդրայարոյցներէն...

Քիմ Չեն Ըն Գաղտնի Հրաման Տուած Է  «Պահելու Եւ Պահպանելու» Հիւլէական Զէնքը

Քիմ Չեն Ըն Գաղտնի Հրաման Տուած Է «Պահելու Եւ Պահպանելու» Հիւլէական Զէնքը

Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Չեն Ըն «թիւ 92 կառոյցի» ուսումնասիրման ժամանակ հրամայած է «պահել ու պաշտպանել» հիւլէական զէնքը` «գաղտնիքներու գաղտնիքը», որմէ կախեալ է «երկրին գոյատեւումը»: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին գրուած է հարաւային քորէական լրատուամիջոցներու մօտ յայտնուած գաղտնի փաստաթուղթին մէջ: Աղբիւրը կը նկատէ, որ ասիկա հիւսիսային քորէացի ղեկավարի` Փիոնկ Եանկի հիւլէական զէնք ունենալու մասին առաջին բացայայտ յայտարարութիւնն է:...

Մաքրոն Թրամփի Անկանխատեսելի Արտաքին  Քաղաքականութիւնը Աշխարհի Համար  «Մտահոգութեան Աղբիւր» Նկատած Է

Մաքրոն Թրամփի Անկանխատեսելի Արտաքին Քաղաքականութիւնը Աշխարհի Համար «Մտահոգութեան Աղբիւր» Նկատած Է

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն ֆրանսական «Լը Սուար» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի արտաքին քաղաքականութեան անկանխատեսելիութիւնը միջազգային ընտանիքին համար մտահոգութեան աղբիւր է: «Բարդութիւնը այն է, որ այսօր ան տակաւին չէ մշակած իր միջազգային քաղաքականութեան յղացական հիմքը: Այդ պատճառով անոր քաղաքականութիւնը կրնայ ըլլալ անկանխատեսելի, եւ ատիկա աշխարհի համար անյարմարութեան աղբիւր է», յայտարարած է Մաքրոն:...

«Քիմիական Զէնքով Նոր Յարձակում Մը Գործելու  Պարագային Դամասկոս Շատ Սուղ Գին Պիտի Վճարէ»  Կ՛ըսէ Սպիտակ Տունը

«Քիմիական Զէնքով Նոր Յարձակում Մը Գործելու Պարագային Դամասկոս Շատ Սուղ Գին Պիտի Վճարէ» Կ՛ըսէ Սպիտակ Տունը

Սպիտակ տունը սուրիական իշխանութիւնները ամբաստանեց քիմիական զէնքով նոր յարձակում մը պատրաստելու յանցանքով` նշելով, որ այդպիսի յարձակում մը կրնայ պատճառ դառնալ քաղաքայիններու հաւաքական սպանդին, որուն զոհ պիտի դառնան նաեւ անմեղ մանուկներ: «Դամասկոս շատ սուղի գին պիտի վճարէ, եթէ այդ յարձակումը գործէ», զգուշացուց Սպիտակ տունը` նշելով. «Այդ գործողութիւնները կը նմանին 4 ապրիլին արձանագրուած քիմիական զէնքով յարձակումէն առաջ տեղի ունեցած գործողութիւններուն»: Մինչ այդ,...

Էրտողան. «Քաթարէն Թրքական Ուժերու  Հեռացման Պահանջը Թուրքիոյ  Նկատմամբ Անարգալից Վերաբերմունք Է»

Էրտողան. «Քաթարէն Թրքական Ուժերու Հեռացման Պահանջը Թուրքիոյ Նկատմամբ Անարգալից Վերաբերմունք Է»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիոյ եւ անոր դաշնակիցներուն կողմէ Քաթարի մէջ թրքական ռազմակայանի փակման պահանջը իր երկրին նկատմամբ անարգալից վերաբերմունք է եւ կը հակասէ միջազգային օրէնքին: «Թուրքիայէն իր ուժերը Քաթարէն հեռացնել պահանջելը նախ եւ առաջ մեզի նկատմամբ անարգալից վերաբերմունք է», ըսաւ Էրտողան կիրակի օր` աւելցնելով. «Գործընկերներու մօտ ռազմակայաններ հաստատելու համար ոեւէ մէկուն արտօնութեան կարիքը չունինք: Կը...

Անգարա Խոստացած Է Քսաններու Խմբակի  Վեհաժողովին Չբերել Ուաշինկթընի Մէջ  Ցուցարարներուն Վրայ Յարձակում  Գործած Էրտողանի Թիկնապահները

Անգարա Խոստացած Է Քսաններու Խմբակի Վեհաժողովին Չբերել Ուաշինկթընի Մէջ Ցուցարարներուն Վրայ Յարձակում Գործած Էրտողանի Թիկնապահները

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարթին Շեֆըր յայտարարած է, թէ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յոյսով է, որ Թուրքիոյ նախագահի թիկնապահները, որոնց նկատմամբ միջազգային հետախուզում յայտարարուած է Ուաշինկթընի մէջ խաղաղ ցուցարարներու դէմ յարձակումէն ետք, պիտի չըլլան Քսաններու խմբակի վեհաժողովին մասնակից թրքական պատուիրակութեան կազմին մէջ: «Անգարայէն հաղորդուած տեղեկութեան լոյսին տակ, մենք կը հիմնուինք անոր վրայ, որ...

Page 693 of 883 1 … 692 693 694 … 883

Արխիւներ