Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Քիմիական Զէնքով Նոր Յարձակում Մը Գործելու Պարագային Դամասկոս Շատ Սուղ Գին Պիտի Վճարէ» Կ՛ըսէ Սպիտակ Տունը

June 28, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սպիտակ տունը սուրիական իշխանութիւնները ամբաստանեց քիմիական զէնքով նոր յարձակում մը պատրաստելու յանցանքով` նշելով, որ այդպիսի յարձակում մը կրնայ պատճառ դառնալ քաղաքայիններու հաւաքական սպանդին, որուն զոհ պիտի դառնան նաեւ անմեղ մանուկներ:

«Դամասկոս շատ սուղի գին պիտի վճարէ, եթէ այդ յարձակումը գործէ», զգուշացուց Սպիտակ տունը` նշելով. «Այդ գործողութիւնները կը նմանին 4 ապրիլին արձանագրուած քիմիական զէնքով յարձակումէն առաջ տեղի ունեցած գործողութիւններուն»:

Մինչ այդ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր ամերիկացի պաշտօնակից Ռեքս Թիլըրսընի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած է «Սուրիոյ կառավարական ուժերուն դէմ գրգռութիւնները արգիլելու համար անհրաժեշտ միջոցառումները»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են Սուրիոյ տագնապը, ներառեալ զինադադարի դրութեան ամրապնդումի կարեւորութիւնը, մասնաւորաբար Ասթանայի հանդիպումէն ետք, ինչպէս նաեւ ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ պայքարի ամրապնդման ու քիմիական զէնքերու օգտագործման փորձերու կանխարգիլման հարցերը:

«Լաւրով Ուաշինկթընին կոչ ուղղեց ահաբեկչութեան դէմ պայքարող Սուրիոյ կառավարական ուժերուն դէմ գրգռութիւններու արգիլման միջոցառումներ որդեգրելու», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով իր կարգին յայտարարեց. «Սուրիական օրինական իշխանութեան դէմ ամերիկեան սպառնալիքները անընդունելի են»:

Նախորդը

Էրտողան. «Քաթարէն Թրքական Ուժերու Հեռացման Պահանջը Թուրքիոյ Նկատմամբ Անարգալից Վերաբերմունք Է»

Յաջորդը

Արփինէ Յովհաննիսեան Ընտրուեցաւ ԵԽԽՎ-ի Փոխնախագահ

RelatedPosts

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի  Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի  Գումարումը Կը Հաստատէ
Միջազգային

Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի Գումարումը Կը Հաստատէ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.