Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Ֆիքրի Ըշըք ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու հաւաքի ծիրին մէջ Պրիւքսէլի մէջ հանդիպում ունեցած է իր ամերիկացի պաշտօնակից Ճէյմս Մաթիսի հետ:
Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են շրջանային հարցեր, մասնաւորաբար Սուրիոյ, Իրաքի, Քաթարի եւ Աֆղանիստանի մէջ կացութիւնը:
Ըշըք իր երկրին մտահոգութիւնը յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ զէնք կը մատակարարեն Սուրիոյ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան եւ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն:
Ճէյմս Մաթիս այդ հարցին առնչութեամբ նշած է, որ նշեալ քրտական կուսակցութեան եւ ջոկատներուն հետ յարաբերութիւնները կը բխին ներկայ պահու խնդիրներէն եւ երկարատեւ չեն: