Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վենեզուելայի Գերագոյն Դատարանն Ու Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Ուղղաթիռի Կողմէ Յարձակումի Ենթարկուեցան

June 29, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վենեզուելայի Գերագոյն դատարանի եւ ներքին գործոց նախարարութեան շէնքերը յարձակումի ենթարկուած են ուղղաթիռէ: Ոստիկանական ուղղաթիռէն 15 փամփուշտ արձակուած է ներքին գործոց նախարարութեան շէնքին ուղղութեամբ, ուր տասնեակ մարդիկ կը մասնակցէին ձեռնարկի մը, եւ չորս ձեռնառումբ նետուած է Գերագոյն դատարանի շէնքին վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:

Կը հաղորդուի, որ յարձակումին պատճառով վիրաւորներ չկան:

Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրօ դէպքը նկատած է ահաբեկչական յարձակում, որուն նպատակը յեղաշրջում կատարելն էր, եւ խոստացած է գտնել դէպքին պատասխանատուները:

Վենեզուելայի կառավարութիւնը հաղորդագրութիւն մը տարածելով յայտնած է, թէ ուղղաթիռը առեւանգած է ոստիկանական օդաչու Օսքար Փերեզը, որ ինքզինք Մատուրոյի դէմ ապստամբ հռչակած է:

Ընկերային ցանցերով տարածուած լուսանկարներուն մէջ կ՛երեւի, թէ ինչպէս Փերեզ ուղղաթիռէն պարզած է դրօշ, որուն վրայ գրուած է «Ազատութիւն» եւ «350»: Վերջինը կը վերաբերի Սահմանադրութեան յօդուածին, որ մարդոց կ՛արտօնէ ընդդիմանալ ոչ ժողովրդավարական իշխանութեան:

Փերեզ «Ինսթակրամ»-ի վրայ տեղադրած է տեսանիւթ, ուր կանգնած է քանի մը դիմակաւոր զինեալներու առջեւ եւ կը յայտարարէ, որ կը պատրաստուի գործադրել գործողութիւն մը` «Ժողովրդավարութիւնը վերականգնելու համար»:

Վենեզուելայի կապի եւ հաղորդակցութիւններու նախարար Էռնեսթօ Վիլիեկաս յայտնեց, որ ուղղաթիռը «Քարաքասի մէջ գտնուող «Լա Քարլոթա» ռազմակայանէն գողցած են երկրի գաղտնի սպասարկութիւններու խումբ մը աշխատակիցներ: Ան ճշդած է, որ առեւանգումը կազմակերպած է Օսքար Փերեզը` տեսուչ ոստիկան մը, որ քննութեան տակ է «Սի.Այ.Էյ.»-ի եւ Վենեզուելայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան «հետ իր կապերուն կասկածանքով»:

«Փերեզ նաեւ կապ ունեցած է ներքին գործոց նախկին նախարարին (Միկել Ռոտրիկեզ) հետ, որուն «Սի.Այ.Էյ.»-ի հետ կապերը վերջերս հրապարակաւ հաստատուեցան», կը նշէ Վիլիեկաս:

Վիլիեկաս յայտնած է, որ Գերագոյն դատարանին վրայ նետուած չորս ձեռնառումբերը բերուած են Քոլոմպիայէն եւ արտադրուած են Իսրայէլի մէջ:

 

Նախորդը

Էրտողան Կը Խօսի Սուրիոյ Մէջ Նոր Զինուորական Գործողութեան Կարելիութեան Մասին

Յաջորդը

Մոսկուա Սուրիոյ Մէջ Միակողմանի Քայլերէ Կը Զգուշացնէ Ուաշինկթընը

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.